Առ ի գործադրութիւն Եմէնի դէմ իսրայէլեան եւ ամերիկեան սպառնալիքներուն եւ որպէս հակադարձութիւն Թել Աւիւի օդակայանին ուղղութեամբ երեք օր առաջ կատարուած հուսիներու հրթիռարձակումին, իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր նախանցեալ օր լայնածաւալ գործողութեամբ մը կործանեցին մայրաքաղաք Սանաայի օդակայանը: Օդակայանին տնօրէնը յայտնեց, որ նիւթական վնասներու նախնախական արժեւորումին համաձայն, իսրայէլեան հարուածը պատճառած է առնուազն կէս միլիառ տոլարի վնաս, խոստանալով շուտով ուժգին հակադարձել: