Հարաւային Ասիոյ մէջ ապահովական վիճակը երէկ շարունակեց վատթարանալ, յաւելեալ վտանգներ պարզելով շրջանի օդային տարածքէն անցնող քաղաքացիական օդանաւերուն: Հնդկական բանակը յայտարարեց, որ դիպուկ հարուածներ ուղղած է Փաքիստանի եւ սահմանային Քաշմիր շրջանին մէջ աշխուժացող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինանոցներուն, հերքելով փաքիստանեան զինուորական դիրքեր ռմբակոծելու ամբաստանութիւնը: Փաքիստանի բանակը իր կարգին վտանգաւոր արարք համարեց հնդկական գործողութիւնները, խոստանալով «ուժգին հակադարձել Նիւ Տելհիի ոտնձգութիւններուն»: Իսլամապատ նշեց, թէ յարձակումներուն մասնակցող հնդկական ռազմական հինգ օդանաւ խոցած է հնդկական օդային տարածքին մէջ եւ անոնք ջախջախուած են հնդկական հողի վրայ: «Նիւ Տելհի շրջանին մէջ հրահրեց դժոխային վիճակ մը եւ պէտք է կրէ բոլոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը», յայտարարեցին Փաքիստանի իշխանութիւնները: Հնդկաստան իր կարգին յայտարարեց, թէ փաքիստանեան սահմանային ռմբակոծութեան հետեւանքով զոհուած է 10 քաղաքացի, մինչ Իսլամապատ յայտարարեց 13 զոհի մասին::