Լեռնալիբանանէն ետք, Հիւսիսի եւ Աքքարի մէջ քաղաքացիները այս Կիրակի կ’ընտրեն քաղաքապետական խորհուրդներն ու թաղապետները: Ներքին գործերու նախարարութիւնը իր համացանցային էջին վրայ երէկ հերթաբար հրապարակեց Լեռնալիբանանի Ժպէյլ, Քսըրուէն, Մեթն, Պաապտա, Ալէյ եւ Շուֆ գաւառներուն ընտրական արդիւնքները: Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար Թրիփոլիի մէջ հետեւեցաւ Կիրակի օր տեղի ունենալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի նախապատրաստութիւններուն եւ յայտնեց, որ առաջին փուլին հիման վրայ կայացուած են որոշումներ՝ բարելաւելու համար ընտրական հոլովոյթը հիւսիսի, Աքքարի եւ այլ շրջաններու մէջ: «Ապահովութեան ուժերէն պահանջեցինք խստիւ հետեւիլ օրինախախտումներուն եւ կանխել ժողովրդավարութեան եւ ազատ քուէարկութեան կարգերուն խափանումը», ըսաւ Հաժժար՝ հաւաստիացնելով, որ նախարարութեան եւ ապահովական ու զինուորական կառոյցներուն ջանքերով պիտի կանխուին խնդիրները եւ պիտի չըլլայ ապահովական քաոս: