Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան հերթական գործողութիւնը իրականացուց Սայտայի մէջ, ուր դիպուկ հարուածով սպաննեց Սայտայի շրջանին մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի պատասխանատու Խալէտ Ահմատ Ահմատը: Ըստ իսրայէլեան բանակին, ահաբեկուած պաղեստինցին մասնակցած էր Լիբանանի սահմանային շրջաններէն իսրայէլեան բնակավայրերուն ուղղութեամբ հրթիռներու արձակումին, ինչպէս նաեւ հարաւային շրջաններուն մէջ ռազմամթերքի փոխադրութեան աշխատանքին: Համաս հաստատեց Ահմատի ահաբեկումը եւ նշեց, որ ան թիրախաւորուած էր արեւածագի աղօթքին համար մզկիթ ուղղուելու ընթացքին: Առողջապահութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ իսրայէլեան հարուածը թիրախաւորած է Սայտայի Վիլլաներ թաղամասը, պատճառելով մէկ մահ: