Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ իր գլխաւորած իշխանութիւնը գալիք օրերուն կը պատրաստուի լաւատեսութեամբ եւ յանձնառութեամբ: Ընկերատնտեսական բարգաւաճումի արաբական հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէն Պատր Սաատը Պաապտայի պալատին մէջ ընդունած ատեն Աուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը կառչած կը մնայ պետութիւնը վերականգնելու իր ծրարներու գործադրութեան եւ այդ առումով կ’ողջունէ արաբ եղբայրներուն աջակցութիւնը: «Կ’ընդգծենք մասնաւորաբար տնտեսական ու ելեւմտական բարեկարգումներու անհրաժեշտութիւնը, հիմնուելով խոհեմ տնօրինումի եւ արտերկրեայ ներդրումներուն յարմար միջավար ստեղծելու վրայ», ըսաւ Աուն: Արաբ պաշտօնատարը յայտնեց, որ իր Լիբանան այցելութեան նպատակն է վերակենդանացնել շարք մը առկախուած ծրագրեր եւ յաւելեալ ֆինանսաւորում տրամադրել լիբանանեան կենսական ոլորտներուն: Հանտապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ տեսակցութենէն ետք Սաատ դիտել տուաւ, որ իրենք պիտի աջակցին Լիբանանի մէջ վնասուած շարք մը ոլորտներու՝ ներառեալ ջրամատակարարումի, ելեկտրականութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ փոխադրութեան ենթակառոյցները: «Նախագահ Ժոզէֆ Աունին հետ զրոյցին մէջ հաստատեցինք հիմնադրամին աջակցութիւնը Լիբանանին, իսկ թեքնիք մանրամասնութիւնները պիտի արծարծենք համապատասխան նախարարներուն հետ», ըսաւ Սաատ: Ան իր լիբանանեան շրջագայութեան ընթացքին տեսակցեցաւ նաեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին հետ՝ քննարկելու տնտեսական ու ելեւմտական թղթածրարները: Սաատի համաձայն, իր գլխաւորած հիմնադրամը կը փափաքի դառնալ Լիբանանի վերականգնումի ծրագրերուն մասնակցող առաջին արտերկրեայ կառոյցը: Իսկ Սալամ ուրախութիւն յայտնեց, որ Լիբանան վերադարձած է արաբներուն գիրքը, շեշտելով որ լիբանանցիները կ’ակնկալեն արաբներուն շուտափոյթ այցելութիւնը:
Այլ գիծի վրայ, նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ, Արժանթինի, Ռուանտայի, Հարաւային Ափրիկէի, Փորթուկալի, Պենկլատէշի եւ Վրաստանի նորանշանակ դեսպանները, ստացաւ անոնց հաւատարմագրերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց դիւանագիտական առաքելութեան: