Կար ժամանակ, երբ սիքլիզմը խօսուն ներկայութիւն էր Լիբանանի մարզական բեմին վրայ: Հեծանուավազքը՝ ֆետերասիոնի գլխաւորութեամբ զարգացող մարզաձեւ էր, արհեստավարժ մարզիկներով, մարզիչներով: Ամառուայ շրջանին մասնաւորապէս, Կիրակի օրերը, պողոտաներ կը փակուէին ախոյեանական մրցումներուն պատճառով: Մեծահասակներէն շատեր պէտք է յիշեն շարժակաւոր (motorcycle) ոստիկաններու առաջնորդութեամբ մրցավազքերը դէպի Թապարժա կամ Նահր Իպրահիմ, Պիքֆայա կամ Ֆէյթրուն:
Մօտ քառասուն տարի առաջ էր, երբ Լիբանանի հեծելարշաւի միութիւնը հայերէն կը խօսէր: Ինչպէս բազում մարզաձեւերու, այնպէս ալ (եւ յատկապէ՛ս) սիքլիզմի մէջ բոլորը հայեր էին: Հայ ներկայացուցիչներով համալրուած էր ֆետերասիոնը: Իսկ անդամ ակումբները հայկական միութիւններն էին՝ Հ.Մ.Մ., Հ.Մ.Ը.Մ.-Պէյրութ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Պուրճ համուտ, Անդրանիկ-Պէյրութ, Սեւան-Պուրճ համուտ: Նոյնիսկ յաղթողներուն համար նախատեսուած բաժակները կը տրամադրուէր Հ.Մ.Մ.-ական բարերար ընկեր Երուանդ Պալեանի կողմէ: Սակայն ամենակարեւորը, որ հայկական միութիւններու մարզիկները մեծամասնութեամբ հայերո՛վ կազմուած էին: Ու թէեւ երկիրը տագնապալի քաղաքացիական պատերազմի մէջ էր, սակայն 1980-ականներու կէսերուն Լիբանանի հեծանուային մարզաձեւը կ’ապրէր իր «ոսկեդարը»: Եւ այդ բարձունքի «մեղաւորները» մեր հայ մարզիկներն ու պատասխանատուներն էին, որոնք անշահախնդիր միութենական մօտեցումով, մոռնալով տուն եւ ընտանիք, կ’երթեւեկէին երկրին ոչ այնքան ապահով՝ ընդհանրապէս նեղլիկ եւ երբեմն ալ գոհացուցիչ լայնքով պողոտաներուն վրայ: Անոնք գաղափարանուէր ազգասէր, հայրենասէր միութենականներ էին: Ընդհանրապէս նիւթապէս ալ համեստ անհատներ, սակայն այդ համեստ բաժինն ալ զոհելու պատրաստ էին իրենց պատկանած միութեան սիրոյն: Քանզի միութեան յաղթանակը ազգին յաղթանակն էր, իսկ ազգին անունը բարձրացնելը զոյգ հայրենիքներուն կը պատկանէր:
Լիբանանի այդ «ոսկեդար»ի, այսինքն 1984, 85, 86, 87 տարիներուն, թէ՛անհատական եւ թէ՛ խմբային մարզերէն ներս ակներեւ էր Հ.Մ.Մ.-ի հեծանուորդներուն անպարտելիութիւնը: Այդ իրագործումները արդիւնաւորուեցան պատասխանատուներուն, մարզիչներուն, կրտսեր եւ երէց մարզիկներուն հետեւողական, յամառ ու կարգապահ ճիգին ու փորձերուն շնորհիւ: Ոսկէ տառերով կը մէջբերենք անոնց անունները՝ Վազգէն Մելիքեան, Սեպուհ Ածիլածեան, Տէնի Անթուն, Մինաս Մելքոնեան, Յովիկ Քաթուրճեան, Մակար Ասողլեան, Վիգէն Գորճիքեան, Իմատ Ռաշիտ, Նուպար Գորճիքեան, Ժան Հիւսնի, Հայկազ Սաաթճեան, Ժոզէֆ Ֆարհաթ, Փօլ Խուրի: Նոյն վարկով կ’արձանագրենք մարզիչներուն եւ պատասխանատուներուն անունները՝ Յակոբ Գաթուրճեան, Գէորգ Կոճիկեան, Պօղոս Մալեան, Կարօ Մելքոնեան, Յովհաննէս Մելքիսէթեան, Անդրանիկ Տէր Պետրոսեան (Ապու Գօգօ):
«Արարատ»ի Հ.Մ.Մ.-եան էջին վրայ, վերաքաղ մը կատարելու ճիգով, հաճելի զրոյց մը ունեցանք Հ.Մ.Մ.-ի երբեմնի հեծանուորդ Սեպուհ Ածիլածեանի հետ: Ան եղբայրն է Հ.Մ.Մ.-ի երկարամեայ վարչականներէն ընկեր Վարուժան Ածիլածեանի: Ընկեր Սեպուհ պատմեց հեծանուային մարզաձեւի «որդեգրութեան» անակնկալ դէպքը: Թէ՝ պատանեկան սովորութեամբ Հ.Մ.Մ. ակումբ գտնուած օրերէն մէկուն, հեծանիւի դիւանի պատասխանատուներէն ընկեր Յակոբ Գաթուրճեան կը հարցուփորձէ զինք եւ կ’առաջարկէ, որ ան միանայ Հ.Մ.Մ.-ի հեծանուորդներու խումբին: Հետեւողական մարզումներն ու ցուցմունքները տուած են իրենց դրական արդիւնքը: Սեպուհը առաջին իսկ ախոյեանական մրցումին նուաճած է կրտսերներու դասաւորման երկրորդ դիրքը զոյգ մրցումներէ ետք: Առաջինը՝ 9 Յունիս 1985-ին, 51 քմ ուղեծիրով Տորայէն Նահր Իպրահիմ երթուդարձ, անցնելով Անթիլիասէն եւ Ճիւնիէն: Իսկ երկրորդը՝ 42 քմ երկարութիւն ունեցող Տորա – Նահր Մոթ – Ճիւնի – Թապարժա – Նահր էլ Քելպ – Սումեյլէ:
ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ 1985-Ի ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԸ (քաղուած «Արարատ»էն):
- Ժան Հիւսնի 105 կէտ (Լիբանանի ախոյեան):
- Սեպուհ Ածիլածեան 99 կէտ:
- Իմատ Ռաշիտ 90 կէտ:
- Տանիէլ Անթուան 76 կէտ:
- Հայկազ Սաաթճեան 72կէտ:
- Հրաչ Զատուրեան 56 կէտ:
ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
- Հ.Մ.Մ.Պէյրութ 294 կէտ:
- Հ.Մ.Ը.Մ.Պէյրութ 100 կէտ:
- Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտ 24 կէտ:
Սեպուհ Ածիլածեան, քաջալերուած այս յաջողութենէն, մտադրած է հասնիլ ախոյեանի տիտղոսին: Եւ իրապէս ալ, Կիրակի, 14 Յուլիս 1985-ին, Ֆէյթրունի «Սումուտ» ակումբին կողմէ կազմակերպուած «Մարզական ամիս»ին առիթով, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի կազմակերպած արշաւին՝ Տորա – Նահր Մոթ – Անթիլիաս – Նահր Քէլպ – Ֆէյթրուն կրտսերներու մրցումին մասնակից 25 հեծանուորդներուն մէջ ընկեր Սեպուհ առաջինը կ’ամբողջացնէ 25 քմ երթուղին եւ կը ստանձնէ բաժակը ֆետերասիոնի նախագահ պրն. Թոնի Միրէն:
Ինչքան արագ եղած են մրցասպարէզ իր մուտքն ու խանդավառող յաջողութիւնները, նոյնքան ալ կարճ տեւած են Սեպուհի մրցասպարէզի տարիները: «Պատճառը կրկնուող արկածներն էին»,- կը բացատրէ նախկին հեծանուորդը,- «յատկապէս 1987-ի սկիզբը՝ Փետրուար ամսուն, փորձի ժամանակ պատահածը»: Այդ մարզումային երթը ճակատագրական ելք ունեցած է անոր հետագայ մարզական ասպարէզին համար: «Որոշած էի տիրանալ Լիբանանի երէցներու ախոյեանութեան տիտղոսին: Անհատական մարզումներ կը կատարէի տարբեր ուղութիւններով: Այդ օր, Թապարժայի շրջանը «քազինոյի» վերելքին ինքնաշարժ մը ետեւի կողմէն հարուածելով տապալեց զիս: Ակռաներս ջարդուփշուր եղան: Ուշքս կորսնցուցած էի: Անծանօթներ հիւանդանոցին դուռին առջեւ պարզապէս նետեցին զիս ու անհետացան գացին: Հիւանդապահները բաւական ժամանակ անց նկատեցին ներկայութիւնս ու ներս առին: Մօտ երկու ամիս տեւեց ապաքինման շրջանը, սակայն ախոյեանութեան մրցապայքարէն հեռու էի: Շարունակեցի մասնակցիլ պարզապէս խմբակիցներուս օգտակար դառնալու համար»:
Մեր հարցումին ընդառաջելով, ընկեր Սեպուհ կը շարունակէ պատմել իր հետ պատահած արկածներուն մասին: Անգամ մըն ալ ցաւալի արկած մը ունեցած է Պիքֆայայէն վերադարձին, զառիթափին վրայ: «Դարձեալ անհատական փորձի ելած էի դէպի Պիքֆայա, վերադարձին սկսաւ մթննալ: Ստիպուած ինքնաշարժի մը լոյսերուն հետեւելով կ’ուղղուէի դէպի Անթիլիաս: Յանկարծ անծանօթ ինքնաշարժը երթը արագցնելով անհետացաւ, սարսափելի վիճակի մատնելով զիս: Մութ էր, բան չէի տեսներ: Այն կը յիշեմ, որ զարնուեցայ ճամբան ձորէն բաժնող պատին: Ես՝ արիւնլուայ իսկ հեծանիւս՝ կերպարանափոխուած: Այդ վիճակով քալելով հասայ Էլիսար խանութպանի մը քով: Ուրկից ուր հանդիպեցայ Յակոբ Սէօքիւնեանի (cadrart) հօրը: Նախնական խնամքէ մը ետք ինքնաշարժով զիս հասցուց քաղաք»:
Ամենահետաքրքրական ծիծաղաշարժ արկածը պատահած է 55 քիլոմեթրանոց՝ Նահր Քելպ, Նահր Իպրահիմ – Թապարժա – Նահր Իպրահիմ, ապա վերադարձ՝ մինչեւ Պաուշրիէ մրցումի մը ընթացքին: Ընկեր Սեպուհ ծիծաղելով քանի մը անգամ հաստատեց այն իրողութիւնը, որ այսպիսի արկած անհնար է որ կատարուած ըլլայ միջազգային հեծանուային մրցաշարքերու պատմութեան մէջ: «Երբ արդեն attack-ով մրցակիցներուն գրեթէ 3 վայրկեան տարբերութեամբ առաւելութիւն մը «բացած» էի ու ինքնավստահ կը յառաջանայի, նոյնիսկ անցնելով մեր ապահովութիւնը հսկող ոստիկանի «մօթօրսիքլը», յանկարծ չհասկացայ թէ ինչպէս «մօթօրսիքլ»երէն մին կողմէն հարուածեց զիս ու ոստիկանին հետ միասին իյնալով սկսանք քանի մը մեթր սահիլ: Ուժերս հաւաքելով անմիջապէս խզատեցի հեծանիւս մինչ ոսկիկանը իր շարժակաւորին հետ կլոր-կլոր կը շարունակէր դառնալ: Գերազանցութիւնս ու յաղթանակս անխուսափելի պիտի ըլլար եթէ մրցումին այդ թանկագին վայրկեանները չկորսնցնէի ապահովութիւնս խանգարող ոստիկանին պատճառով»: Հ.Մ.Մ-ական հեծանուորդը քիթին տակէն ծիծաղելով կ’ըսէ. «Ափսոս որ այդ ժամանակ այսօրուան պէս նկարահանումներ չկար: Այս պատահարը որպէս պատմական իւրայատուկ դէպք կ’արձանագրուէր սերունդներու համար»:
Սեպուհ Ածիլածեան հպարտութեամբ կը յիշէ իր մարզիչներն ու պատասխանատուները: Յակոբ Գաթուրճեանը զինք առաջնորդած է դէպի հեծանուային ասպարէզ: Նաեւ զոհաբերուող Հ.Մ.Մ.-ական տիպար ծառայած է հեծանիւի դիւանէն ներս: Իր որդին՝ Յովիկը մաս կը կազմէր Հ.Մ.Մ. խումբին: Անկարելի է մոռնալ Հ․Մ․Մ․-ական հայր եւ որդի Յակոբ եւ Յովիկ Գաթուրճեաններու ցուցաբերելած գնահատելի միութենավայել կեցուածքը եւ մարզական ոգին ի սպաս ընկերներուն ու Հ.Մ.Մ.-ի խումբին: Դէպքը կը պատահի ախոյեանութեան եզրափակիչ մրցավազքին: Մրցումի առաջին իսկ պահերուն արկածի մը հետելանքով վնասուած ըլլալով հանդերձ, ախոյեանութեան թեկնածու Վազգէն Մալիքեան ուշացումով կը շարունակէ մրցումը: «Ֆինիշ»-ին առաջինը կը հասնի խմբակից Յովիկ Գաթուրճեանը: Ախոյեանական դասաւորման դրութիւնը այնպիսի տեսք ունէր, որ եթէ Հ.Մ.Մ-ական Յովիկը «ֆինիշ»-ի գիծը Վազգէնէն առաջ հատէր, ապա կը նուաճէր այդ մրցավազքին ախոյեանութիւնը, սակայն Վազգէն պիտի կորսնցնէր ընդհանուր դասաւորման ախոյեան դառնալու տիտղոսը: Ի՞նչ ընել: Յովիկ Գաթուրճեան կ’անսայ իր հօր խորհուրդին եւ աւարտական գիծին վրայ քանի մը վայրկեան կը սպասէ մինչեւ որ ապագայ ախոյեանը հատէր զայն: Յովիկ կը կորսնցնէ անհատական ախոյեանի տիտղոսը ի սպաս Հ.Մ.Մ.-ին: «Մեր աշխատանքը խմբային էր», կ’եզրափակէ խօսակիցս:
Սեպուհ յուզումով կը յիշէ ընկեր Պօղոս Մալեանը: Կը պատմէ, թէ ինչպիսի նիւթա-բարոյական ծանրութիւն կը շալկէր ան իր ուսերուն: Կ’ափսոսայ, որ այս անձնազոհ միութենականը անակնկալօրէն անարգ ոճիրի մը զոհը դարձաւ, իր բնակարանին առջեւ, 29 Սեպտեմբեր 1986-ին:
Ընկեր Սեպուհ Ածիլածեան մասնակցած է նաեւ միջազգային մրցումներու, որոնցմէ կը յիշէ Դամասկոսի մրցավազքը նախ Նապըք մրցուղիին վրայ (մօտ 170 քմ), ապա երկրորդ մրցումը՝ ժամացոյցի դէմ` Դամասկոսէն Պլուտան։ Այս մրցավազքերուն մասնակցած են արաբական գրեթէ բոլոր երկիրներու հեծանուորդներ, որոնց շարքին կը գտնուէին միջազգային մրցումներու փորձառութեամբ օժտուած բազմաթիւ տարրեր:
***
Եզրափակելով, մեր կողմէ աւելցնենք. Այո՛, հեծելավազքը միջազգային մրցասպարէզներուն մէջ աշխուժօրէն զարգացող մարզաձեւ է: Ան կը ներառէ ինչպէս ժամանցային, այնպէս էլ արհեստավարժ ախոյեանութիւններու մասնակցող հեծանուորդներ: Մեր ցանկութիւնն ու մաղթանքն է, որ Լիբանանի մէջ «սիքլիզմ»ի մարզաձեւը վերագտնէ ինքզինք, նոր զարթօնք ապրի, բարձրանայ «սիրողական» մակարդակէն, խօսի եւ իր մասին խօսեցնէ, ինչպէս որ կ’ընէր ասկէ շուրջ կէս դար առաջ: