Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԻՏԻ ՑԱՄՔԻ՞ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի անթառամ յիշատակին)

Լ. Շ. 

May 6, 2025
in Յօդուածներ
0
ՊԻՏԻ ՑԱՄՔԻ՞ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ  (Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի անթառամ յիշատակին)

 

Անցեալ Ապրիլ ամսուան մեր մարդկային կորուստներուն մէջ, իբրեւ արժէք ու ի՛սկապէս անփոխարինելի տիպար, անպայման պարտինք յիշել տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի անունը։

Ան կեանքէն հրաժեշտ առաւ 4 Ապրիլ 2025-ին, Մոնրէալի մէջ, ուր ընտանեօք կայք հաստատած էր վերջին քսանհինգ տարիներուն, այդ հեռաւոր ափերուն վրայ իսկ մի՛շտ հաւատարիմ մնալով ազգային ու տոհմիկ այն անաղարտ աւանդութիւններուն, որոնք սնուցած եւ ապրեցուցած էր Լիբանանի ջերմիկ մթնոլորտին մէջ, այստեղ իր կեցութեան ամբողջ տեւողութեան։

Արդարեւ, Հալէպի ծնունդ ըլլալով հանդերձ՝ ողբացեալ տոքթորը հարազատ զաւակը կը սեպուէր թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ լիբանանահայութեան։

Բժշկական իր վկայականը Լիբանանէ՛ն էր, Ամերիկեան համալսարանէն (1965)։ Յետոյ ան բանեցուցեր էր իր սեփական դարմանատունը Պէյրութի մէջ, երկա՜ր տարիներ, կիրարկելով իր մասնագիտութիւնը (քիթ-կոկորդ-ականջ) խղճմտօրէն ու ամենայն լրջութեամբ։ Կատարելապէս հաւատարիմ էր բժշկական բարոյականութեան ու այդ մասին մանրամասնեալ յօդուած մըն ալ գրած էր ատենօք։   Միւս կողմէ, չէր զլացած նաեւ իր տուրքը լիբանանահայութեան, որուն ազգային մարմիններուն մէջ յաճախ պիտի ստանձնէր այլատեսակ պատասխանատուութիւններ՝ ամէն անգամ որ հարկ տեսնուէր իր օժանդակութեան եւ ձեռնտուութեան։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շրջագիծը, Լիբանանի թեմը ու Համազգայինը գլխաւոր օճախներն էին, ուր տոքթ. Հարպոյեան պիտի գործէր կարգապահօրէն, վայելելով իր վարչական գործակիցներուն յարգանքն ու վստահութիւնը։

Բայց տոքթ. Հարպոյեան ունէր առանձնայատկութիւն մը, որ զինք կը զատորոշէր իր արհեստակիցներէն՝ այն հարիւրաւոր հայ բժիշկներէն, որոնք կ՛աշխատէին ու կը կիրարկէին իրենց մարդասիրական ասպարէզը Լիբանանի, Սուրիոյ, Ամերիկայի մէջ կամ այլուր։

Ի՞նչն էր այդ առանձնայատկութիւնը։

Տոքթորը, վերջին քսան-երեսուն տարիներուն, սփիւռքահայ ճակատի վրայ այն միակ,– այո՛, գրեթէ միակ,– մասնագէտ բժիշկն էր, որ մեր թերթերուն (առաւելաբար «Ասպարէզ»-ի, «Ազդակ»-ի ու «Հորիզոն»-ի) սիւնակները կը լեցնէր, կ՛ողողէր առողջապահական ու բժշկագիտական մեծաթիւ յօդուածներով, որոնք շարունակ կ՛արտատպուէին ալ մամուլի տարբեր անուններու կողմէ ու այդպիսով՝ հայ ընթերցողներու շատ լայն շրջանակի մը համար կը դառնային սեփական առողջութիւնը պահպանելու, բժշկական տեղեկութիւններ իւրացնելու անվճար դեղագրեր…։ Տոքթորին այս յօդուածները կը շօշափէին ընդհանրական հիւանդութիւններ եւ անոնց ախտաճանաչման ու դարմանումի հարցերը։

Այս մարզին մէջ, իրապէս, տոքթ. Հարպոյեան եզակի երեւոյթ էր։ Եւ իր ֆիզիքական կորուստը, այսօր, միաժամանակ տխո՜ւր ու անդարմանելի ամլացումն է արեւմտահայ հայագիր բժշկագիտական հրապարակագրութեան։

Հիմա, տոքթորին մահով, մեր թերթերուն մէջ սիւնակ մը եւս պակսեցաւ։ Մարզ մը անտէր մնաց։ Ո՞վ, ո՞ր հայ բժիշկը գրիչը ձեռք պիտի առնէ եւ հայերէն ճոխ բառամթերքով ու գիտական հին թէ նորակերտ բառերու, բառակապակցութիւններու վարպետ օգտագործումով հանրամատչելի յօդուածներ պիտի շարադրէ տարեցն ու երիտասարդը, այրն ու կինը, մանուկն ու պատանին տառապեցնող հարիւրաւոր հիւանդութեանց մասին…։ Ո՞վ պիտի գրէ յօդացաւի, քաղցկեղի, ծինային ու ժառանգական ախտերու, ծերաբուժութեան, ուղեղի առողջապահութեան, շագանակագեղձի, արիւնամիզութեան, խայթուածքներու կամ այրուածքներու, մահաքունի, խռկոցի, լինտերու եւ ակռաներու, ականջացաւի, ստամոքսի ու մարսողութեան, լեարդի եւ լեղուցի, դեղնախտի, թութքի, թոքատապի, շնչարգելութեան եւ նմանօրինակ նիւթերու մասին։ Չկայ։ Լայն չափով ցամքած էր արդէն բժշկական գրականութիւնը (Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի համանուն ամսաթերթն ալ դադրած է քանի մը տարիէ իվեր) ու հիմա հրապարակը պիտի ամայանայ առաւե՛լ եւս…։

Կար ժամանակ, երբ Պէյրութի մէջ կը հրատարակուէր շատ ժողովրդական ամսաթերթ մը՝ «Բժիշկ»-ը։ Այս ամսաթերթը, 1955-էն սկսեալ, աւելի քան քառորդ դար, հայ ընտանիքներու ամէնէն սիրուած պարբերականը հանդիսացեր էր։ Լիբանանի երկարատեւ պատերազմը, դժբախտաբար, զայն եւս չորցուց։

Եթէ բանաք «Բժիշկ»-ի 60-ական ու 70-ական տարիներու հին թիւերը ու ակնարկ մը պտտցնէք անոնց էջերուն վրայ, նախ պիտի զարմանաք աշխատակից սփիւռքահայ բժիշկներու մեծաթիւ անուններուն ի տես…։ Հոն կը տողանցեն տոքթ. Լ. Գրիգորեան (Փարիզ), տոքթ. Յ. Կարեւորեան, տոքթ. Իսահակ Տէրտէրեան, տոքթ. Վարուժան Սահակեան, տոքթ. Վ. Թաշճեան, տոքթ. Օսվալտ Հրեշտակեան, տոքթ. Գ. Օ. Գալուստեան (Պուէնոս Այրէս), տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան, տոքթ. Ե. Ագխաչերեան, տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեան, տոքթ. Ա. Աբէլեան, տոքթ. Սարգիս Գարայեան, տոքթ. Գ. Անտոնեան, տոքթ. Տիգրան ԳավաՖեան, տոքթ. Յակոբ Սահակեան, տոքթ. Յ. Սապունճեան, տոքթ. Ճորճ Միքայէլեան, տոքթ. Յ. Ճըլճըլեան, տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, տոքթ. Յարութիւն Գեղարդ եւ այլն, եւ այլն, առանց մոռնալու նշանաւոր երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունէր «Երգիծաբուժութիւն» խորագրեալ իւրայատուկ սիւնակ մը։

Կը վստահեցնեմ ձեզ, որ ձեր զարմանքը հոն կանգ պիտի չառնէ։ Դուք պիտի հիանաք այդ ամսաթերթին մէջ գործածուած բժշկագիտական ընտիր բառամթերքին ու գեղեցիկ հայերէնին վրայ, որ այլեւս չկա՜յ, չքացած է…։

Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան վերոնշեալ անուններուն հարազատ շառաւիղն էր, թերեւս վերջին մոհիկանը։ Բարեբախտութիւն է, որ ան իր յօդուածները, անհրաժեշտ վերամշակումներէ ետք, ժողվեց առանձին կողքերու տակ ու զանոնք լոյս ընծայեց «Բժիշկին խօսքը» ընդհանուր խորագրով՝ Ա.-Զ. վեց հատորներով (տպուած են 2000-2022, առաջին չորս հատորները՝ Անթիլիաս, վերջին երկուքը՝ Մոնրէալ)։

Քանի մը տարի առաջ, փոքր շեղում մը ընելով, տոքթորը հրատարակած էր նաեւ «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին» եւ «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» խորագրով երկու ուսումնասիրութիւններ եւս, որոնք հետաքրքրական վարագոյր մը կը բանային հայ բժշկութեան պատմութեան վրայ։

Բժշկական հանրագիտարանի բնոյթ ունեցող այս ժողովածուները, անկասկած, պիտի յաւերժացնեն իր անունը, որ հիմա արդէն, ապահովաբար, գացած հանգչած է Շաւարշ Նարդունիներու, տոքթ. Զաքար Մկրեանններու կամ տոքթ. Վահէ Ալիքսանեաններու անուններուն քովն ի վեր…։

 

                                                                                      

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՊՐԻՍՄԱԿ  ՅՕԴՈՒԱԾԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ   «ԹՐԱՄՓԱՍԷՐ ՀԱՅԵՐԸ »  ԵՒ ՄԵՆՔ

Next Post

Հ.Մ.Մ.-Ի ԵՐԲԵՄՆԻ ՀԵԾԱՆՈՒՈՐԴ ՍԵՊՈՒՀ ԱԾԻԼԱԾԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post
Հ.Մ.Մ.-Ի ԵՐԲԵՄՆԻ ՀԵԾԱՆՈՒՈՐԴ ՍԵՊՈՒՀ ԱԾԻԼԱԾԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հ.Մ.Մ.-Ի ԵՐԲԵՄՆԻ ՀԵԾԱՆՈՒՈՐԴ ՍԵՊՈՒՀ ԱԾԻԼԱԾԵԱՆԻ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.