Պէյրութի «ԱՐԱՐԱՏ» օրաթերթի 17 Ապրիլ 2025 եւ Լոս Անճելըսի «ՄԱՍԻՍ« շաբաթաթերթի 20 Ապրիլ 2025 թուակիր համարներուն մէջ լոյս տեսած է մեթր Պարգեւ Դաւիթեանի «Թրամփասէր հայերը» խորագրով յօդուածը, որ նշանակալից բովանդակութեամբ գրութիւն մըն է։
Մեթր Դաւիթեան այդ յօդուածին մէջ կը մատնանշէ ամերիկահայ հասարակական կեանքի մէջ զարգացում մը որ թէ՛ զարմանքի եւ թէ՛ վրդովմունքի առիթ կ՛ընծայէ։ Մտածելակերպ մըն է, որ երբեմն խակ, երբեմն տարտամ, երբեմն այլամերժ, չըսելու համար ցեղապաշտական, հաւաստիացումներու եւ նախապաշարումներու հանգոյցի մը կը նմանի, եւ որ ամերիկեան ծայրայեղ աջակողմեան շրջանակներու եւ խմբակցութիւններու բնորոշիչ վարքագիծը կ՛որդեգրէ եւ կը ցոլացնէ։ Ամերիկահայ հասարակական կեանքէն ներս այս մարդոց ներկայութեան մասին անդրադառնալով մեթր Պարգեւ Դաւիթեան զանոնք «Թրամփասէր հայեր» կոչած է։
Ինչո՞վ կը մեղադրէ այս մարդիկը մեթր Դաւիթեան։
Դաւիթեան ի մէջ այլոց հետեւալը կը գրէ։
«Եթէ արեւմտեան աշխարհի պատկանող ցեղապաշտ ճերմակամորթ հօր մը կամ մօր մը կողմէ սերած ըլլալու «բախտաւորութիւնը» ունեցած ըլլային անոնք, հասկնալի կը դառնար անոնց դիրքորոշումը, որովհետեւ Տանըլտ Թրամփ այդ ցեղապաշտներուն լեզուն կը խօսի»։
Ոմանք պիտի առարկեն թէ ոչինչ տարօրինակ կայ այդ զարգացումին մէջ, քանի որ հայը, իբրեւ քաղաքացի, ամերիկեան կեանքի անբաժան մասնիկն է , ու հետեւաբար անոր հայելին՝ իր մասնակի կամ ընդհանրացած դրսեւորումին մէջ։
Զարմանալին հոն է որ այդ «Թրամփասէր հայ»ը, անկախ հայ կեանքին մէջ իր դաւանած քաղաքական դիրքորոշումներէն, հոս որդեգրած է սփիւռքահայ իր փորձառութեան եւ համոզումներուն հակոտնեայ դիրքորոշում մը, որ պարզապէս կը հակասէ մեր սփիւռքահայ կեանքի անցնող 80-85 տարիներու պատմութեան հոլովոյթին եւ ապրած իրականութեան։
Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ իր բովանդակ կեանքի ընթացքին ընկերային, քաղաքական, տնտեսական ամենատեսակ զրկանքներ եւ մարմրացող փորձառութիւն մը ճաշակած սփիւռքահայը այսօր կրնայ ջատագով եւ խնկարկուն դառնալ քաղաքական մտածելակերպի մը, որ անյարի՛ր է իր իսկ գոյութեան հետ։
Ինչպէ՞ս կարելի է ընկալել հայ մը, որ հասարակական կեանքի ամէնէն ցեղապաշտ, ընկերային գետնի վրայ անարդարութիւն սերմանող եւ քաջալերող, այլամերժ ոգիով շարժող եւ «Աւետեաց Երկրի» օրինակելի սահմանադրական կարգն ու կանոնը եւ դրոյթը տակնուվրայ ընող եւ հարցականի տակ դնող քաղաքական ղեկավարի մը երկրպագուի դերը ստանձնէ։
Դժբախտաբար ասոր փաստը կարելի է տեսնել ամէն օր կարգ մը անհատներու ընկերային ցանցերու, հաւաքոյթներու եւ զանազան առիթներուն յանկերգի նման կրկնուող հրապարակային հաստատումներու ընդմէջէն ։
Եւ զարամանալին հոն է, որ այդ ձայները միանգամայն կու գան անցեալին «յառաջդիմական» կամ «յետադիմական» պիտակաւորուած եւ ճանչցուած հայ անհատներէ, հինէն ծանօթ բարեկամներէ, որոնք կարծես 180 աստիճան շրջադարձ մը կատարած են այսօր ու կը ջատագովեն եւ կը պաշտպանեն քաղաքական տրամաբանութիւն մը, եւ գործադիր արարքներու շարք մը որոնք կը ջրեն անցեալի իրենց գիտակցային, ընկերային եւ գաղափարախօսական ինքնութիւնն ու գոյութիւնը։
Անշուշտ մեզմէ ոչ ոք իրաւունք ունի ուղղափառութեան անունով դատելու ուրիշներու քաղաքական, ընկերային, նոյնիսկ տնտեսական «դաւանափոխութիւնը», համոզումները կամ զարգացումը։ «Գաղտնիք չէ, որ մարդիկ իրենց յառաջացած տարիքին, յաճախ կը փոխեն իրենց երիտասարդ տարիքին ունեցած կողմնորոշումները որովհետեւ, ըստ իրենց, «աւելի հասուն դարձած են», կը գրէ մեթր Դաւիթեան՝ բնական հոգեփոխութեան ակնոցով դիտելով այդպիսի զարգացումներ։ Այնպէս կը թուի թէ մեզմէ ոմանք աւելի պահպանողական կը դառնան իրենց երիտասարդութեան յախուռն տարիներէն ետք եւ նոյնիսկ նիւթական տրամադրութիւններուն, հաշիւներուն մէջ եւ ակնկալութիւններուն մէջ։ Այս ամէնը հասկնալի է։ Պահպանողական ըլլալը կամ դառնալը գաղափարախօսական հիմք մը ունի եւ անոնք որ այդ մտածելակերպին կը հետեւին արժանի են ամենայն յարգանքի, նոյնիսկ եթէ համաձայն չենք անոնց տրամաբանութեան ամէն ծալքերուն հետ։ Բայց ո՞վ ըսած է որ պահպանողական ըլլալը արդարութեան, հաւասարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ համակեցութեան օրէնքներու ամբողջական ժխտում կամ դրժում կ՛ենթադրէ։ Ո՞վ ըսաւ որ մեր համոզումները եւ տրամադրութիւնները «Պապէն աւելի պապական» դառնալու նախանձախնդրութեամբ պէտք է մեզ մղեն կապկելու ծայրայեղ աջակողմեան ուժերու դաժանագոյն եւ յոռեգոյն համոզումները, որոնք անցեալի ամերիկեան հասարակութեան կիրքերու, այլամերժութեան եւ ցեղապաշտութեան կնիքը կը կրեն ու տակաւին կը թունաւորեն ներկան։ Ի՞նչ կապ ունի այսօրուայ հայը այդ անցեալին հետ, որ իրը չէ՛ եղած երբեք, եւ որու զարգացումին մաս չէ՛ կազմած ու այսօր անհասկնալի կերպով կողմ կը դառնայ անցեալին գործուած անարդարութիւններու բեռը շալկերով իր ուսերուն։
Ատենին Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ գլխագիր հայը յաճախ կը մեղադրուէր ու կ՛այպանուէր արաբախօս քաղաքացիներէն իր «Մա՛ա էլ ուաքէֆ» (այսինքն միշտ իշխանութեան կողքին) ըլլալու դիրքաւորումին համար։ Այսինքն, անկախ իր անձնական եւ գաղափարական դիրքորոշումէն եւ երկրին մէջ պատահած ընկերային եւ քաղաքական զարգացումներուն եւ անարդարութիւններուն դէմ եւ անոնց նկատմամբ իր ունեցած վերապահութիւններէն, հայը Լիբանանի մէկ կարեւոր հատուածին կողմէ կը մեղադրուէր «միշտ իշխանութեան կողքին» ըլլալու յանցանքով, առանց որ մարդիկ զանազանութիւն ընէին այդ օրերուն գործածական եղող «յառաջդիմական» եւ «յետադիմական» կոչուող խմբաւորումներու կամ կուսակցութիւններու դիրքերուն եւ գործունէութեան միջեւ, այսպիսով մէկ «ջուրով լուալով» հայը։ Ժամանակը եկաւ փաստելու թէ երկրի հիմնական հարցերու նկատմամբ «յառաջդիմական» հայը կանգնած էր «յառաջդիմական» այլ ուրիշ քաղաքացիներու կողքին, որովհետեւ երկրին ճակատագիրը, ապագան եւ մարդկային ազատութիւններու ապահովութիւնը եւ անվտանգութիւնը հարցեր էին, որոնք կը յուզէին զինք նաեւ իբրեւ քաղաքացի, այլոց նման։
Այս պատկերին մէջ ո՞ւր են հիմա անցեալի, այսպէս կոչուած, «յառաջդիմականը» եւ «յետադիմականը»։
Այնպէս կը թուի թէ ներկայիս «Թրամփասէր հայ»ին մէջ նոյնացած են այս երկուքը ներկայացնող անհատներ, որոնք յականէ անուանէ նեցուկ կը կանգնին ընկերային անարդարութեան, խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան առաջնորդող քայլերու եւ նախաձեռնութիւններու, եւ որ ծանր քարի պէս կը նստին միլիոնաւոր ընչազուրկ քաղաքացիներու եւ ապաստան փնտռող, եւ երկրին պէտք եղող աշխատաւոր ձեռքերու ճակատագրի տնօրինումին վրայ։ Այս մարդիկը կը պաշտպանեն գաղթականներու դէմ առնուած նախապաշարեալ եւ վնասաբեր քայլեր, մոռնալով որ իրենցմէ ոմանք, իսկ անկէ առաջ իրենց ծնողքները, գտնուած են նոյնպիսի դաժան եւ անհիւրընկալ պայմաններու տակ։ Կ՛երեւի ասոնցմէ ոմանք չեն տեսած կամ համտեսած կրկնակի տեղահանութիւններէ, ցեղասպանութենէն մազապուրծ եւ «քէմփերու» մէջ պատշաճ ապրելակերպի մը համար պայքարած հայ ժողովուրդի զաւակներուն տառապանքը։ Մեզմէ ոմանք որ տակաւին ողջ են ու ապրած են այդ դժուարին տարիները իբրեւ յետեղեռնեան սերունդներ, չեն կրնար ամբողջովին թօթափել տակաւին այդ զրկանքի տարիներուն մղձաւանջը, ո՜ւր մնաց կոյր ձեւանալու ճակատագրի դառն պտուղները ճաշակող այլ մարդկային էակներու տառապանքին ի տես։
Ու երբ զանազան պատրուակներով արգելքներ կը ստեղծուին գիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան կենդրոններու ֆինանսաւորման՝ արգելակելու համար ազատ մտածողութեան պայմանները քաջալերող քննարկումները համալսարաններէ ներս, ո՞ր քաղաքացին կրնայ անտարբեր մնալ այս պատկերին դիմաց , ո՜ւր մնաց ջատագով հանդիսանալու բանիւ եւ գործով՝ այդ քաղաքականութիւնը մշակող եւ պարտադրող քաղաքագէտներու։
Կ՛երեւի որ նման հին օրերուն եւ նոյն գաղափարէն առաջնորդուած փափաք մը կայ կրկնելու լիբանանեան «Մա՛ա էլ ուաքէֆ» (այսինքն իշխանաւորին հետ ըլլալու) փտած փիլիսոփայութիւն մը։
Բարեբախտաբար տակաւին մարդիկ կան մեր մէջ որ պատնէշի վրայ են, կը հաւատան ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու սրբութեան, ջատագով են համակեցութեան, հայրենասէր են առանց ազգայնամոլութեան մէջ թափարելու, ու մեր մարդկայնութեան մէջ կը փնտռեն իրենց ոգեկան ոյժը։
Հիւսթըն