Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՁՕՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ 

May 6, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Խմբագրական
0
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ   ՁՕՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ 

 

Օսմանեան կայսրութեան դէմ լիբանանցի ժողովուրդին մղած ազատագրական պայքարի նահատակներուն յիշատակի օրն է Մայիս 6-ը:

Քաղաքացիական մեր պարտքն է անգամ մը եւս խոնարհիլ անոնց անմեռ յիշատակին առջեւ եւ միաժամանակ հաստատել մեր եղբայրական զգացումները բախտակից այս ժողովուրդին, որ հայոց նման ճաշակելով հանդերձ թրքական եաթաղանին ահն ու սարսափը, պայքարի ջահը բնաւ վար չդրաւ մինչեւ ամբողջական ազատութեան կենսակոչում:

1916 Մայիսին էր, երբ Պէյրութի եւ Դամասկոսի հրապարակներուն վրայ արաբ ազատատենչ մտաւորականներու անշնչացած մարմիններ կը ճօճուէին կախաղաններու վրայ: Իթթիհատական եռեակէն Ճեմալ փաշային յանձնուած էր արաբ ժողովուրդը ընկճելու, ոչնչացնելու եւ սովահար տանջելու «առաքելութիւն»ը, որ ի հարկէ, ան ի կատար կ’ածէր միջոցներու միջեւ խտրութիւն բնաւ չդնելով: Ան ինչ որ ժառանգած էր իր օսմանցի նախնիներէն՝ կը գործադրէր հետեւողական վայրագութեամբ:

Մինչ մենք կեդրոնացած ենք Հայոց ցեղասպանութեան անպարագրելի տարողութեան, պակուցիչ հետեւանքներուն, անոր հատուցման անժամանցելիութեան վրայ, վերջապէս մեզի կրծող մեր կսկիծներուն շուրջ, պահ մը կ’անգիտանանք, որ մեր շուրջ բազմաթիւ ժողովուրդներ, մշակոյթներ, քաղաքակրթութիւններ եւ ազգային միաւորներ եւս զոհը դարձած են նոյն սայրասուր եաթաղանին: Օսմանցիի անմարդկային կերպարը իր զահանդական այլանդակութեամբ դարեր ամբողջ պատուհաս դարձած է ընդարձակ տարածքներու վրայ ապրող պատմական եւ աւանդական ժողովուրդներու գլխուն: Յոյն, պուլկար, կիպրացի, քաղդէացի, պարսիկ, ասորի, քիւրտ, եզիտի, արաբական երկիրներ գրեթէ հաւասար կերպով ապրած են խորշակը օսմանցիութեան համայնաքանդ աղէտին: Հետեւաբար, մեզի համար, ճակատագրակից ժողովուրդները, բնականաբար պէտք է ըլլան դաշնակիցներ նոյնիսկ այսօրուան քաղաքականութեան պրիսմակէն դիտած: Եթէ անոնք բոլորը ստեղծեն միացեալ հարթակ՝ սանձելու թրքական ախորժակները, ապա քաղաքական լուրջ գործօն կը գոյանայ մեծամիտ եւ ծաւալամէտ թրքական ախորժակին դիմաց: Այդ ծիրէն ներս, Մայիս 6-ի խորհուրդը ոչ միայն յիշողութիւն է կամ որդիական պարտականութիւն, քաղաքացիական արարողութիւն կամ բարոյական արարք, այլեւ՝ քաղաքական եւ մարտավարական զօրաշարժ ընդդէմ սուլթաններու յետնորդներուն:

Լիբանանցի ժողովուրդին ազատագրական պայքարը ունեցաւ երկու փուլ.- նախ՝ օսմանեան տիրապետութեան դէմ, ապա՝ ֆրանսական գաղութատիրութեան, որ եկած էր փոխարինելու առաջինները՝ որպէս հովանաւոր տէրութիւն: Այս փոթորկայոյզ դրուագներուն հայութեան համակրանքը զինք հիւրընկալած երկրին հանդէպ բնական էր եւ ողջմիտ քայլ: Կողք-կողքի ապրող հայրենակիցներ իրաւունք չունին հակադրուելու օտարներէ դրդուելով: Ընդհակառակը, խրամատին մէջ հայն ու լիբանանցին եղան ուսընդուս՝ անդրուժան հոգեկցութեամբ: Ահա թէ ինչու Մայիս 6-ի ընդմէջէն մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ասպնջական այն երկրին ու ժողովուրդին, որ ընդունեց հալածական եւ ունեկորոյս հայը, մինչ ուրիշ երկիրներ փականքներով կղպած էին իրենց դարպասները՝ արհամարհոտ հայեացքներով եւ անտարբեր քմծիծաղով: Այս գիտակցութեամբ է որ Լիբանանի քաղաքացիական հայրենաքանդ ու եղբայրասպան պատերազմին, հայը չուզեց ըլլալ մասնակից քանդումին, ատելութեան, կողոպուտին թէ կոյր մոլեգնութեան: «Դրական չէզոքութեան» քաղաքականութիւնը հարազատ դրսեւորումն է Լիբանանի հանդէպ հայուն շնորհակալ եւ երախտագէտ վարքագիծին: Թէեւ ոմանք օրին խարանեցին այդ, անհարկի պիտակներ դրին, սակայն պատմութիւնը արդարացուց հայկական հեռատեսութեան իրաւացիութիւնը:

Միւս կողմէ, ցաւ է նկատել, որ շատեր պատմութեան էջերէն շպրտելով Մայիս 6-ի պատգամը, կ’ուզեն երէկի ջարդարարը հանդերձաւորել անմեղի սպիտակ պատմուճանով: Ինչ-ինչ հաշիւներով՝ տնտեսական թէ յարանուանական, բաց թեւերով կ’ուզեն գրկել իրենց մեծհայրերուն դահիճները: Թշնամին հող կը պատրաստէ իր հեռագնայ ծրագրերուն համար, որուն համար պէտք է ըլլալ ծայրայեղ զգոյշ, խորագէտ եւ զգօն: Կ’ուզենք հաւատալ, որ նման սայթաքումներ կը սրբագրուին ժամանակի ընթացքին եւ Անգարայի ցանած որոմները կը փճանան միանգամընդմիշտ:

109 տարի առաջ էր, որ արաբական աշխարհի պատմութիւնը հարստացաւ նոր անուններով, երբ ազատութեան մունետիկները իրենց հերոսական կեցուածքով նահատակութեան ուղին ակօսեցին: Ճամբայ բացին գալիք սերունդներուն, որ բարձր գնահատեն արժէքը անկաշկանդ կեանքին: Իրենց բարձր ջահերով լոյս բաշխեցին, որպէսզի այլեւս խաւարն ու բռնակալութիւնը չըլլան տիրապետող Միջերկրականի այս ափին: Վախին ահը թօթափելով եղան մնայուն օրինակները շատերու, որոնք աւելի ուշ նոյնպիսի խիզախութեամբ ծառացան այլեւայլ թշնամիներու դիմաց:

Մայիս 6-ի նահատակները ազատ երկիր մը ունենալու մեծ երազով է որ անմահացան: Բայց ի՜նչ ցաւոտ եւ անհեթեթ փաստի առաջ կը կանգնինք, երբ կը տեսնենք թէ լիբանանեան հատուածներ, տարիներ ետք, ենթակայ կը դառնան արտաքին այս կամ այն ուժին, կամաւորապէս Լիբանանը կ’առնչեն այլոց շահերուն, մեր սայլը կը կցեն զանազան քաղաքականութիւններու՝ մինչեւ իսկ սակարկելով Լիբանանի ժողովուրդին ազատ եւ ինքնիշխան որոշում կայացնելու իրաւունքը: Օտարներու անսանձ եւ քմահաճ պարտադրանքը Լիբանանին՝ արդեօ՞ք չի հակասեր ազատ Լիբանանի գաղափարին եւ նահատակներու գերագոյն նպատակին:

Որպէս լիբանանահայ համայնք, Մայիս 6-ի առիթով, կը միացնենք մեր բռունցքները լիբանանցի եղբայրներու բռունցքներուն, որպէսզի չվտանգուի Մայիս 6-ի նահատակաց սերունդին երազանքը, անոնց կերտած ազատութեան գաղափարականը եւ վերջապէս համակեցութեան մեր հաւաքական օճախը:

Անկասկած, այս պիտի ըլլար մեծագոյն ձօնը նահատակաց նուիրուած:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ –2‎9  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՊՐԻՍՄԱԿ  ՅՕԴՈՒԱԾԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ   «ԹՐԱՄՓԱՍԷՐ ՀԱՅԵՐԸ »  ԵՒ ՄԵՆՔ

Next Post

ՊՐԻՍՄԱԿ  ՅՕԴՈՒԱԾԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ   «ԹՐԱՄՓԱՍԷՐ ՀԱՅԵՐԸ »  ԵՒ ՄԵՆՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.