Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ –2‎9  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ                                                                                                                      (Հալէպ)

May 6, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0

 

 

 

    «ԱՐԱՐԱՏ», 13-18 Ապրիլ 1970

Այս շաբթուան թիւերուն մէջ կան հիմնական քանի մը նիւթեր, որոնք կը թուեմ հերթաբար.

ա) Արսէն Կիտուր, որ Հնչակեան կուսակցութեան պաշտօնական աւագ պատմագիրն է (իր երկու հաստափոր հատորներով), ընդարձակ գրութիւն մը նուիրած է… Ատրպէյճանի դրախտավայր ծերանոցներուն։ Այո՛, մի՛ զարմանաք, ամբողջ յօդուածը, երեք յաջորդական թիւերով ու ծայրէ-ծայր, մեզի կը պատմէ Պաքուի մօտերը կեանքի կոչուած այն հրաշալի ու երազային ծերանոցներուն մասին, որոնք նախանձը կը շարժեն եղեր ամէնուն։ Վայրը կանաչազարդ է, ծովամերձ, ունի զովաշունչ կլիմայ։ Օժտուած է եղեր մարզարաններով, տեսարժան արահետներով, խնամատարական սրահներով։ Հիւանդ ծերերուն համար կան դարմանումի բուժարաններ։ Այստեղ ամէն ճիգ կը թափուի եղեր, որպէսզի երկարակեացները մնայուն խնամքի առարկայ դառնան։ Այս բոլորին դիմաց՝ Կիտուր (որ անձամբ չէ տեսած այդ դրախտավայրերը, այլ անոնց մասին կարդացեր է խորհրդային մամուլին մէջ) հարց կու տայ. «Ի՞նչ վիճակի մէջ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան ծերը, երկարակեացը»։ Կիտուր կ՛ափսոսայ որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ Պաքուինին նմանողութեամբ ծերերու դրախտավայր չունինք, հակառակ այն իրողութեան, որ բնութեան սքանչելի գօտիներ կան հոն, Դիլիջանի, Սեւանի, Արագածի ու Մասիսի շրջանները։ Վերջաւորութեան, Արսէն Կիտուր կ՛ուզէ որ «ծեր» բառին փոխարէն գործածենք «տարեց» բառը եւ առիթ չտանք որ ալեւորները ձանձրոյթ, մինակութիւն եւ անաշխատութիւն զգան։

Իդէպ, Կիտուրի յօդուածը խորագրուած է սա՛պէս. «Ծերութիւնը կը ստեղծէ դրախտավայրեր խորհրդային երկիրներու մէջ»։ Շարահիւսական տարօրինակութիւն մը չէ՞ք նշմարեր հոս։ «Ծերութիւնը» կրնա՞յ «դրախտավայրեր» ստեղծել…։ Խորագիրը իմաստալից պիտի ըլլար եթէ գրուէր սա՛պէս. «Խորհրդային երկիրներ դրախտավայրեր կը ստեղծեն ծերունիներու համար»։

բ) Լենինի ծննդեան 100-ամեակի համալիբանանեան ձեռնարկները արձագանգ գտեր են թերթին Ա. էջերուն վրայ, ինչ որ յատկանշական է անշուշտ եւ ցոյց կու տայ գաղափարական շեշտուած թեքում մը։ Թերթը կը գրէ որ յոբելենական մայր ձեռնարկը կայացաւ Ապրիլ 12-ին, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ ու համախմբեց 3000 հանդիսականներ։ Տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Խօսք առնողները,– որոնց շարքին՝ վարչապետ Քամալ Ճոմպլաթ,– «դրուատեցին Լենինի մարդասիրական դերը, անոր հիմնած պետութեան մեծ նուաճումները ներքին եւ արտաքին գետնի վրայ, Խորհրդային Միութեան նպաստը արաբական երկիրներուն եւ մասնաւորաբար Պաղեստինի ազատագրութեան…» եւ այլն, եւ այլն։ Յաջորդ օր, Ապրիլ 13-ին, Սինէ Ռիվիերայի մէջ կայացեր է նոյն յոբելեանին հայկական տարբերակը։ Հանդէսին ատենապետեր է Պարոյր Երէցեան, խօսք առեր են Աւետիս Տէմիրճեան, Յարութիւն Մատէեան, Ժորժ Հաուի եւ Կրեկորի Շարպաթով։ Ցուցադրուեր է Լենինի մասին Ֆիլմ մը ու հանդիսութիւնը փակուեր է «Միջազգայնական»-ով։

Այս նոյն ծիրին մէջ՝ թերթը տեղ տուեր է ոմն Աստղիկ Աղազարեանի մէկ գրութեան, ուր կը շեշտուի «ռուս ժողովուրդի փրկարար դերը մեր ժողովուրդի ազատագրութեան դատին մէջ» եւ կը պանծացուին Լենինն ու լենինիզմը՝ իբրեւ «նուիրական, հարազատ ու սիրելի» անուններ…։

գ) Այս շաբաթ երկու յօդուած ունի փրոՖ. Հայկ Ա. Արամեան։ Առաջին գրութեամբ՝ ան կոչ կ՛ուղղէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ին, որ անիկա այսուհետեւ համալսարանական թոշակներ յատկացնէ միմիայն այն թեկնածուներուն, որոնք, յետ ուսման, պիտի նուիրուին «ազգային, մշակութային, կրթական, դպրոցական, եկեղեցական, մամուլի, գիր եւ գրականութեան ասպարէզներուն»։ Ան կ՛ուզէ որ կրթաթոշակ չտրուի «նիւթական առաւելութիւններ ձեռքբերելու դիտաւորութեամբ» շահագրգռուած այն միւսներուն, որոնք բժշկութիւն, դեղագործութիւն, քիմիագիտութիւն կամ ճարտարապետութիւն կ՛ուսանին։ Այս վերջիններուն շնորհուած նիւթական յատկացումները, ըստ յօդուածագրին, պարզապէս մսխում են…։ Իր միւս յօդուածը ձօնուած է «Արծուեբոյն Զէյթունի հերոսամարտին 75 տարուան պանծալի յիշատակին» (խորագիրն է)։ Հոն յոյս կը յայտնուի, որ արտասահմանի զէյթունցիք միանալով՝ իվերջոյ պիտի կարենան պատշաճ կոթողով մը պանծացնել իրենց նահատակաց յիշատակը Երեւանի մէջ։

դ) Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) նոր յօդուածաշարք մը սկսեր է. «Հնչակեան կուսակցութիւնը Կիլիկիոյ մէջ (1919-21)»։ Ան նախապէս ալ պտտկեր էր այս նիւթին շուրջ, սակայն կը թուի թէ նիւթը չէ սպառեր եւ ուստի՝ Վանիկ վերադարձ մը կը կատարէ ի Կիլիկիա եւ կը պատմէ՜, կը պատմէ՜ երկարօրէն…։ Ըստ իրեն, յաճախ չարամտօրէն կը նսեմացուի հնչակեաններու դերը Կիլիկիոյ հերոսամարտերուն մէջ, մինչդեռ իրականութիւնն այն է, զորօրինակ, որ Այնթապի հերոսամարտին կռուողներուն 70 առ հարիւրը «հնչակեան շարքայիններ եւ իրենց համակիրներն էին»…։ Վանիկ կ՛ըսէ նոյնիսկ, որ ողբ. Գէորգ Պապոյեան հսկայ հատոր մըն ալ գրած է այդ մասին ու զայն դրած՝ Ամերիկայի մէջ Այնթապի պատմութիւնը պատրաստող հայրենակցական միութեան տրամադրութեան տակ, սակայն «ինչ-ինչ հաշիւներէ տարուած»՝ անոնք չեն օգտագործած այդ փաստարկութիւնները…։

ե) Ս. Պալաթոն, որ թերթին կարգապահ աշխատակիցներէն է, ոգեկոչեր է ռուս գրող Թոլսթոյը, անոր մահուան 60-ամեակին առիթով։ Կը պատմէ վիպագրին դէմ շղթայազերծուած ձարական պայքարը, կ՛անդրադառնայ անոր «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին լա՜յն շունչին եւ հոն տողանցող հարիւրաւոր հերոսներու շքերթին։

Ներքին թղթակցութիւններէն մէկը կ՛անդրադառնայ Աշոտ Պատմագրեանի ղեկավարած նորակազմ «Լիբանանահայ երգչախումբ»-ի վերջին համերգին (5 Ապրիլ)։ Կ՛ըսուի, թէ խումբը որակաւոր յայտագիր մը հրամցուց՝ օտար թէ հայ յօրինողներու գործերէն։ Մեկնաբանուեր են նաեւ նոյնինքն Պատմագրեանի «Հայկական օրաթորիօ»-էն հատուածներ՝ շարականներու, սաղմոսներու եւ հոգեւոր տաղերու զուգորդումով։ Համերգին մասնաւոր փայլք տուեր են մեներգիչ Կարապետ Չատրեան, մեներգչուհիներ Արփինէ Փեհլիվանեան եւ Մարի Փելթէքեան։ Այս բոլորին դաշնակով ընկերակցեր է Զուարթ Պուճիգանեան։

Այլ թղթակցութիւն մը, որ ստորագրեր է Մինաս Գանգրունի, լուսարձակ կը բանայ սոփրանօ-քոլորաթուրա Սոնա Ղազարեանի մենահամերգին վրայ (8 Ապրիլ)։ Ան երգած է Պախ, Ռոսսինի, Մոցարթ, Պրահմս, Ալեմշահ, Կոմիտաս եւ այլն։

Երրորդ թղթակցութեան մը ներքեւ ալ կը տեսնենք Սամոյի (Սարգիսեան) ստորագրութիւնը։ Ան կը վերլուծէ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին բեմադրած «Օսգար» կատակերգութիւնը։ Կ՛ըսէ որ փիէսը տպաւորիչ էր ու յաջողեցաւ «խնդուքէն անդին բան մը տալ հանդիսատեսին»։ Կը գնահատէ դերակատարները՝ Վարդգէս Վարդապետեանը, Գալուստ Ճանսըզեանը, Արփի Խաչատուրեանը, Մարօ Սարգիսեանը, Դաւիթ Պօյաճեանը, Զեփիւռ Շանթը, Գարմէն Տէր Կարապետեանը, Նելլի Մինասեանը եւ Օսգարի դերը մարմնաւորող Ժիրայր Խաչերեանը, որոնք բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի հսկողութեամբ հրամցուցեր են լաւ խաղարկութիւն մը։

Այս շաբթուան «Գրական էջ»-ը աղքատ է։ Հոն երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մը տպուեր է թերթին մնայուն աշխատակից տոքթ. Յովսէփ Ս.Պ. Ճիռեանէն։ Ատոր կողքին ալ, առանձին սիւնակի մը մէջ, փունջ մը ոտանաւորներ կան Հալէպէն Յակոբ Աղայեանէն (կ՛ըսուի, թէ ան Կիլիկեան ճեմարանի ԺԱ. կարգի աշակերտ է, ծն.՝ 1952-ին)։ Նկատելի է որ այս սկսնակ երիտասարդը արեւելահայերէնով շարադրեր է իր տաղերը…։ (Իդէպ, 80-ական թուականներու վերջերը մենք անձնապէս ալ ճանչցանք Յ. Աղայեանը՝ երբ ան նոյն Կիլիկեան ճեմարանի մէջ պաշտօնի կոչուած էր իբրեւ դաստիարակ-ուսուցիչ։ 1986-ին լոյս ընծայեց հին ու նոր իր բոլոր բանաստեղծութիւնները մէկտեղող գիրք մը՝ «Ծաղկեփունջ» (Պէյրութ, տպ. Շիրակ, 128 էջ), որ գեղարուեստական արժէք մը չունէր անշուշտ…։ Կանխահաս մահ մը փրցուց իր կեանքին թելը, թուականէս շուրջ 20 տարի առաջ)։

   «Գրական էջ»-ը ունի շահեկան փոքրիկ լուր մըն ալ. լիբանանաբնակ իր քրոջ՝ գրագիտուհի Սիրան Սեզայի ջանքերով Պոլսոյ մէջ մարմարակերտ դամբարանով մը օժտուեր է վաղամեռիկ քերթող Մատթէոս ԶարիՖեանի շիրիմը։ 16 Ապրիլին ալ գրական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեր է բանաստեղծը։ Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առեր են տիկ. Սրբուհի Վարդանեան (մայրն է թատերագիր Արման Վարդանեանին — Լ.Շ.), գրագէտ Եդուարդ Սիմքէշեան եւ «Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան։

Ինչպէս միշտ, պեղումս կ՛աւարտեմ ազգային-միութենական ծանուցումներու հասկաքաղով.

— Վե՜րջապէս, երկարատեւ երկունքէ մը ետք, հալէպահայ բեմին վրայ պիտի ներկայացուի եղեր «Անոյշ» օփերան, 80 երգիչ-դերակատարներու եւ սիմֆոնիք նուագախումբի մասնակցութեամբ, ի նշանաւորումն Թումանեանի 100-ամեակին։ Երաժշտական ղեկավարը Յովհաննէս Կոստանեանն է, իսկ բեմադրիչը՝ Գրիգոր Քէլէշեանը (Հ.Բ.Ը.Մ.-ի սրահ, Ապրիլի Բ. կէսին, եօթը անգամով)։

— Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտուհիները դպրոցական հանդէս մը պիտի սարքեն եղեր Ապրիլ 19-ին, կաթողիկէ հայոց Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. կաթողիկոս-պատրիարքին հովանաւորութեամբ (Գոլէժ Տը լա Սալի սրահ)։

— Սահակեան շրջանաւարտից միութիւնը իր անդամները տարեկան ճաշկերոյթի մը հրաւիրեր է Ապրիլ 22-ին, Սահակեան լիսէի սրահը։  Պիտի երգէ եղեր Լեւոն Գաթրճեան։

    — Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան–Մանուկեան երկրորդական վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնն ալ պիտի ունենայ եղեր ի՛ր տարեկան հաւաք-ճաշկերոյթը (30 Ապրիլ, Պրիսթոլ պանդոկ)։

— Հայկազեան գոլէճի Հայագիտական ամբիոնը իր հրապարակային լսարաններու շարքին մէջ, Ապրիլ 22-ին, պիտի արծարծէ եղեր «Հայկական Դատի իրաւական երեսը» նիւթը, դասախօս ունենալով փրոՖ. Շաւարշ Թորիկեանը։

— Տօնիկեան հրատարակչատունը լոյս ընծայեր է Պարոնեանէն երկու գործ՝ «ՄԵծապատիւ մուրացկաններ» եւ «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ»։ Սակ՝ 1 տոլար։ Միւս կողմէ, Հ. Աւետիք Թալաթինեան լոյս ընծայեր է բարոյալից պատմուածքներու «Ծաղիկներ», «Գանձեր ունեմ» եւ «Վարդաստան» խորագրեալ երեք հատորներ, իսկ Սարգիս Ղազարեան ալ հրապարակ հաներ է իրական կեանքէ առնուած իր վէպը՝ «Հարսնաղբիւրի գեղուհին»։

    — Ազգ. Ռուբինեան վարժարանը պիտի սարքէ եղեր «Գարնանային ճաշ-պարի երեկոյ» մը (2 Մայիս, Քարլթոն պանդոկի սրահ)։

— Ս. Պսակի խորհուրդով իրարու միացեր են Կարպիս Գարապաճագեան ու օրդ. Ազատուհի Գաթրճեան, նաեւ՝ Յակոբ Պէքարեան ու օրդ. Աղաւնի Պասմաճեան (Պէյրութ)։

— Եոզկատի եւ Շրջակայից հայրենակցական միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի կայանայ եղեր Ապրիլ 18-ին։ Վայրը՝ Պօ Ռիվաժ պանդոկ։ Նախագահութիւն՝ տէր եւ տիկ. Յակոբ Աթէշեանի։

  — Կասիոսի (Քեսապ) հայրենակցական միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսն ալ տեղի պիտի ունենայ եղեր «Սայաթ-Նովա» ճաշարանին մէջ, Ապրիլ 19-ին։

—ՈւրՖայի հայրենակցական միութեան տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին համար ալ թուական ճշդուեր է Մայիս 9-ն, Օթէլ Մարթինէզի սրահին մէջ։ Օրուան նախագահ՝ տէր եւ տիկ. Գրիգոր Պագալեան։

Կրկնելո՛ւ գնով կ՛ըսեմ. հայրենակցական մեր միութիւններուն «հայրենիք» բուրող անունները կը յուզեն կամ կը խանդավառեն զիս։ Ո՞ւր են անոնք, ինչո՞ւ չքացան հրապարակէն…

 

                                                                             

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՁՕՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ 

Next Post
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ   ՁՕՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՁՕՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.