Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)

May 6, 2025
in Այլազան
0

 

 

– Աճեմեան Պորիս (Adjemian Boris), «Գրադարանը եւ վերապրողը. հայ մտաւորական մը ցեղասպանութիւններու դարուն» (La Bibliothèque et le survivent: Un intellectuel arménien au siècle des génocides), «Անամոզա» (Anamoza) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 13 Մայիս 2025, 624 էջ (Արամ Անտոնեանի (1879-1951) մտայղացումով 1927-ին ստեղծուած ու անոր մինչեւ մահ տնօրինած Փարիզի Նուպարեան գրադարանի պատմութիւնը, յաւելուած՝քարտէսներ, ձեռագրեր եւ արխիւային նիւթեր, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, անուանացանկ-առարկայացանկ, հեղինակին կենսագրութիւնը) (ֆրանսերէն):

 

– Գզոյեան Էտիթա (խմբագիր) (Gzoyan Edita, editor), «Լուռ ոճիրը․ երախաներու ինքնութեան բռնի փոփոխութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին (The Silenced Crime: Forcible Child Transfer During the Armenian Genocide)», Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ մատենաշար, Ա. հատոր (Armenian History and Culture Series, Vol. 1), մատենաշարի խմբագիրներ՝ Աշոտ Հայրունի եւ Ռոպերթ Սուքիասեան, «Պրիլլ» (Brill) հրատարակչութիւն, Լայտըն (Նետերլանտներ), 12 Մայիս 2025 (Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի վեց աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններու ժողովածու) (անգլերէն):

 

– Զարիֆեան Ժիւլիէն (Zarifian Julien), «Միացեալ Նահանգները եւ Հայկական ցեղասպանութիւնը․ պատմութիւն, յիշողութիւն, քաղաքականութիւն» (The United States and the Armenian Genocide: History, Memory, Politics), Ռութկերսի համալսարանի հրատարակչութիւն (Rutgers University Press), Նիւ Պրունսուիք, Նիւ Ճըրզիի նահանգ, Ա.Մ.Ն., 17 Մայիս 2024, 306 էջ (Ա.Մ.Ն.-ի պետութեան առնչութիւններն ու դիրքորոշումները Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ Ապտուլ Համիտ Բ.-ի շրջանէն մինչեւ մեր օրերը. մեծաքանակ ծանօթագրութիւններ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ) (անգլերէն):

 

– Զարիֆեան Ժիւլիէն (Zarifian Julien), «Հայկական Լեռնային Ղարաբաղի անկումը (2020-2023) եւ տէրութիւններու խաղը» (La chute de Haut-Karabagh arménien (2020-2023) et le jeu des puissences), Orients Stratégiques մատենաշար թիւ 16, «լ’Արմաթթան» (l’Harmattan) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 14 Նոյեմբեր 2024, 192 էջ (15,5 x 24 սմ․) (ֆրանսերէն)։

 

– Լէոնարտի Լեթիցիա (Leonardi Letizia), «Հայկական հին աւանդութիւններ եւ առասպելներ» (Antiche tradizioni e Leggende armene), յառաջաբանը՝ Ֆրանք Քարտինիի (Franca Cardini), «Youcanprint» հրատարակչութիւն, Իտալիա, 11 Մարտ 2025, 316 էջ (իտալերէն):

 

– Լիպարիտեան Ժիրայր (Libaridian Gerard J.), «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները» (Ermenistan-Türkiye Ilişkileri), խմբագիր եւ անգլերէնէ թարգմանիչ՝ Նեսրին Ուչարլար (Nesrin Uçarlar), հայերէնէ թարգմանիչ՝ Արթուն Կեպենլիօղլու (Artun Gebenlioğlu), «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, Ապրիլ 2025, 304 էջ (15 x 21 սմ․) (1978-2017 ժամանակաշրջանին տուեալ հարցի մասին յօդուածներու եւ ելոյթներու ժողովածու) (թրքերէն):

 

– Կերաքուլիս Միշա (Geracoulis Mischa), «ԶԼՄ-ներու շրջանակումը եւ մշակութային ժառանգութեան քանդումը – Լրատուական պատումներ Արցախի եւ Կազայի վերաբերեալ» (Media Framing and the Destruction of Cultural Heritage – News Narratives about Artsakh and Gaza), «Ռութլեճ» (Routledge) հրատարակչութիւն, Նիւ Եորք, 21 Ապրիլ 2025, 146 էջ (գիրքի երկրորդ գլուխին վերնագիրն է՝ «Հայաստանի պատմութիւնը, անոր ժողովուրդն ու անոր մշակութային ժառանգութիւնը թաղող լռութիւնները». բովանդակութիւնը՝ հայոց համառօտ պատմութիւնը, հայկական ժառանգութեան ատրպէյճանական աւերումը եւ անոր առնչութիւնը միջազգային յարաբերութեանց եւ աշխարհի պատմութեան հետ, 2 սեւ-ճերմակ լուսանկար) (անգլերէն):

 

– Յակոբեան Գէորգ Պ., «Օսմանեան գաւառներու մէջ կրթական հաստատութիւններու պատմութիւն», Ա. եւ Բ. հատորներ, հրատարակութիւն «Փարոս» պարբերաթերթի, Սթամպուլ, մարտ 2025, 512 + 546 էջ (Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին այսօր մաս կազմող 8 վարչական տարածքներու մէջ երբեւէ գործած մօտաւորապէս 1000 հայկական դպրոցներու եւ որբանոցներու պատմութեան քառահատորին առաջին երկու գիրքերը): Մեկենաս՝ Սթամպուլի Օրթագիւղ թաղամասի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդ։ Հրատարակութեան ծախսերուն մասնակցած են Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ուսմանց ծրագրի կեդրոնը:

 

– Յովհաննէսեան Կարօ, «Ամենաղեկավարը՝ Սարգիս Զէյթլեան, Ա․ հատոր – Անթեղուած գործեր եւ գրութիւններ», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2025, 816 էջ (Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի երբեմնի անդամի կեանքը, գործունէութիւնը, «Յուսաբեր» եւ «Ազդակ» օրաթերթերուն մէջ 1955-1966-ին լոյս տեսած գաղափարախօսական բնոյթի գրութիւնները, նամակներ Սիմոն Վրացեանի եւ այլոց հետ, 59 էջ վերջաբան, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Լոյս տեսած է Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» կոմիտէի մեկենասութեամբ եւ նուիրուած է Սարգիս Զէյթլեանի տիկնոջ՝ Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեանին եւ իրենց չորս զաւակներուն։

 

– Նամին Սթաս, Ռուպանով Անտրէյ, «Անաստաս Միկոյեան, Իլյիչից մինչեւ Իլյիչ», ռուսերէնէ թարգմանիչ՝ Խաչատուր Ստեփանեան, կազմող՝ Սէն Յովհաննիսեան, «Նահապետ» հրատարակչութիւն, Երեւան, Ապրիլ 2025 (խորհրդահայ պետական եւ կուսակցական գործիչին կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը, բազմաթիւ լուսանկարներ, աղբիւրագիտական պարզաբանումներ, օգտագործուած աղբիւրներու, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Գիրքը Սթաս Նամինը նուիրած է իր մեծ հօր՝ Անաստաս Միկոյեանին։

 

– Նեմեսիս Շահան Նաթալի (Nemesis Shahan Natalie), «Օտարականի մը յուշերը – Հայոց ցեղասպանութեան ճարտարապետ Թալաաթ փաշայի սպանութեան իսկական պատմութիւնը (Memoirs of a Stranger – The Real Story of How Talaat Pasha, Architect of the Armenian Genocide, was executed)», հայերէնէ թարգմանեց Սիլվա Նաթալի Մանուկեան, Լոս Անճելոս, 12 մարտ 2025, 225 էջ (15,1 x 22,7 սմ․) (անգլերէն):

 

– Սուճեան Թալին (Suciyan Talin), «Թուրքիոյ հայերը երկրորդ աշխարհամարտէն ետք․ ԽՍՀՄ-ի հիւպատոսական փաստաթուղթերու վաւերագրական ընթերցում (Armenians in Turkey after the Second World War: An Archival Reader of USSR Consular Documents)», խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, «I. B. Tauris» հրատարակչութիւն, Լոնտոն-Նիւ Եորք, 20 Փետրուար 2025, 184 էջ (15,1 x 22,7 սմ․) (Թուրքիոյ հայոց կացութիւնը ըստ ԽՍՀՄ-ի հիւպատոսութեան փաստաթուղթերուն, յաւելուած՝ ռուսերէն բնագրեր եւ անոնց անգլերէն թարգմանութիւնները, օգտագործուած գրականութեան ցանկ։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Թուրքիայէն հայրենադարձութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն) (անգլերէն):

 

– Վարդանեան Սերկէյ, «Աքսորուած համշէնահայերի հետքերով», «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025, 431 էջ + 6 էջ լուսանկարներու ներդիր (15 x 21 սմ․):

 

– Տողրամաճեան Խորէն արք․, «Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», խմբագիր՝ Արգամ Այվազեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2024, 292 էջ (17 x 24 սմ․) (բազմաթիւ անտիպ լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, հեղինակին կենսագրութիւնը)։ Գիրքը նուիրուած է երջանկայիշատակ հայրապետի ծննդեան 155-ամեակին ու հեղինակի քահանայացման 40-ամեակին եւ ձօնուած է հեղինակի ծնողներուն։ Լոյս տեսած է տէր եւ տիկին Նազարէթ Արմենակեաններու մեկենասութեամբ։

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԱՌԻԹ ՄԸ ԵՂԱՒ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ 

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ –2‎9  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ –2‎9  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.