Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԱՌԻԹ ՄԸ ԵՂԱՒ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ 

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

May 6, 2025
in Յօդուածներ
0
ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԱՌԻԹ ՄԸ ԵՂԱՒ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ 

 

Նախագահ Տանըլտ Թրամփի 24 Ապրիլ 24 2025 թուականի յայտարարութիւնը, որուն նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը նշելն էր, խիստ յուսախաբեցնող ձախողում մըն էր՝ պատմական ճշմարտութիւնը հաստատելու եւ ցեղասպանութեան ժխտման մշտական չարիքին դէմ համարձակօրէն կանգնելու հարցով, յայտարարեց Հայ ամերիկեան խորհուրդը:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուղղակի եւ յստակօրէն ճանչնալու ձախողումը, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Նախագահ Պայտըն իր պաշտօնավարութեան ընթացքին պատմական եւ բարոյապէս քաջարի քայլ մը առաւ եւ ճանչցաւ զայն, խորապէս մտահոգիչ է», ըսաւ Հայ ամերիկեան խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան։ «Ճշմարտութենէն այս ետքայլը ոչ միայն յետադիմական քայլ մըն է, այլեւ ազդանշան մըն է բռնապետական վարչակարգերուն, թէ պատմութեան խեղաթիւրումը ընդունելի է։ Ցեղասպանութիւն մը ժխտուած՝ արդարութիւն մը շարունակուող կերպով խախտուած է»:

2021 թուականին, Նախագահ Ճօ Պայտըն խզեց տարիներով շարունակուած դիւանագիտական խուսափողականութիւնը եւ պաշտօնապէս ճանչցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1,5 միլիոն հայերու բնաջնջումը որպէս ցեղասպանութիւն։ Իր յայտարարութիւնը բեկումնային կէտ մըն էր ԱՄՆ-ի բարոյական առաջնորդութեան եւ համաշխարհային մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ։ Մինչդեռ նախագահ Թրամփի 2025-ի յայտարարութիւնը վերադարձ է մշուշոտ լեզուին՝ գործածելով «Մեծ Եղեռն» հայկական արտայայտութիւնը՝ դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառէն։ Այս դիտումնաւոր անորոշութիւնը վտանգաւոր ուղերձ մըն է եւ քաջալերանք մըն է վարչակարգերուն, ինչպէս՝ Ատրպէյճանի, շարունակելու յարձակողական քաղաքականութիւն՝ անպատիժ:

«Այս մէկը բառախաղ կամ քաղաքական նրբութիւն չէ. այս մէկը կեանքի ու մահու հարց մըն է», շեշտեց Խաչատուրեան։ «Ատրպէյճանի բռնապետութիւնը անդադար պատերազմ կը վարէ հայերուն դէմ, հազարաւոր կեանքեր խլելով, ամբողջ Արցախի բնիկ հայ բնակչութիւնը տեղահանելով եւ շարունակելով իր անօրինական բռնագրաւումը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն»:

Ատրպէյճանի վարչակարգին մարդու իրաւունքներու խախտումները շարունակական եւ փաստագրուած են. հայ գերիները կեղծ դատավարութիւններու ենթարկուած են, ազգային ատելութիւնը քաղաքական շահի համար զէնքի վերածուած է, իսկ հայատեացութիւնը պետական քաղաքականութիւն դարձած է։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը ատելութիւն կը հրահրէ, ցեղապաշտական քարոզչութիւն կը տարածէ եւ հայ ժողովուրդը մեղաւոր կը ներկայացնէ՝ իշխանութիւնը պահելու եւ իր ներքին ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով։

1981-ին, նախագահ Ռոնալտ Ռեկըն այն յստակութիւնը տուած էր, որ այսօր ալ յոյժ անհրաժեշտ է. «Ինչպէս հայերուն ցեղասպանութիւնը, Հոլոքոսթի դասերը պէտք չէ երբեք մոռցուին»: Թրամփի ձախողումը՝ այդ ժառանգութիւնը պահպանելու, ոչ միայն բացթողում մըն է, այլ բարոյական ձախողում մը այն պահուն, երբ սկզբունքային արարքը առաւել քան երբեք անհրաժեշտ է:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Հայերը Լիբանանի Մէջ ՀԱՅԱԶԳԻ ԱԲԳԱՐԻՈՍ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ – ԼԻԲԱՆԱՆ

Next Post

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.