Յակոբ Աբգարեան Աբգարիոս գերդաստանին նահապետն է: Ան ծնած է 1781-ին Լիւստրա (Ագշեհիր), ուրկէ կու գայ անոր կղերական անունը՝ Յակոբ եպիսկոպոս Լիւստրացի: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Լիւստրայի հայկական դպրոցներէն մէկուն մէջ: Երիտասարդ Յակոբ Երուսաղէմ կը մեկնի ու կը մտնէ Սրբոց Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանը: Վարդապետ կը ձեռնադրուի 1807-ին եւ 1815-ին իբրեւ Երուսաղէմի պատրիարքի օգնական ներկայացուցիչ Կ. Պոլիս կը ղրկուի հանգանակութիւն ընելու վանքին համար: 1820-ին Ս. Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի: 1824-ին տարակարծութիւններու պատճառով կը հրաժարի կուսակրօնութենէ, սակայն լաւ յարաբերութիւն կը պահպանէ Երուսաղէմի եւ Էջմիածնի հետ: Նախ Լիբանանի Սայտա քաղաքը եւ ապա Պէյրութ կը հաստատուի իբրեւ աշխարհական՝ Յակոբ Աբգարեան իր իսկական անունով:
Յակոբ Աբգարեան Պէյրութի անգլիական հիւպատոսարանին հետ իր բարեկամական յարաբերութիւններուն շնորհիւ Անգլիա կ’այցելէ եւ թագաւորին ունկնդրութեան կ’արժանանայ, որովհետեւ հմուտ ճարտասան եղած է: Ան Սայտայի անգլիական հիւպատոս կը նշանակուի 1825-ին: 1829-ին Պէյրութ կը հաստատուի, ներկայի Ս. Նշան եկեղեցւոյ տեղը, այժմու Անկլիքան եկեղեցւոյ դիմացը հող կը գնէ եւ իր տունը հոն կը կառուցէ, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը 1845-ին եւ կը թաղուի Պէյրութի Անկլօ-ամերիկեան եկեղեցւոյ գերեզմանատունը, Զոքաք Էլ Պլաթ (ներկայիս գերեզմանատունը փոխադրուած է Պէյրութի Շամ պողոտային հիւսիսային կողմը)։ Անկէ ետք Երուսաղէմի Յովհաննէս պատրիարքը այդ տան հողը կը գնէ եւ վրան մատուռ մը կը կառուցէ, ուր հետագային ներկայի Ս․ Նշան եկեղեցին կը կառուցուի։ Այդ մատուռը եւ կից շէնքը Երուսաղէմ ուղղուող ու վերադարձող հայ ուխտաւորներուն համար հանգստեան կայք եղած են:
Յակոբ Աբգարեան Սայտայի մէջ եւս հող մը գնելով հոն ալ գործունէութիւն տարած է, որ այդ ժամանակ Պէյրութէն աւելի մեծ եղած է ու վարչականօրէն կեդրոնական դիրք ունեցած: Ան իր նամակները Աբգարիոս ստորագրած է եւ, հետեւաբար, իր այդ մականունով ճանչցուած: Յակոբ Աբգարիոս լիբանանցի Մասաատ ընտանիքէն աղջկայ մը հետ կ’ամուսնանայ եւ եօթը զաւակներ կ’ունենայ: Անոր երէց որդին՝ Իսքէնտէրը եւ կրտսերը` Ճան-Եուհաննա, համբաւաւոր մարդիկ կը դառնան:
Իսքէնտէր Աբգարիոսի մասին Սիսակ Յակոբ Վարժապետեան կ’ըսէ. «Հանճարեղ գրագէտ մը ըլլալով հանդերձ, հմուտ փիլիսոփայ մը, խոհեմ քաղաքագէտ մըն էր: Ինչպէս գիսաւոր մը լուսաճաճանչ` ժամանակի անջրպետին մէջէն կը սուրայ առանց շիջելու, իր մեծ եւ փառահեղ իրանը պտըտցնելով, նոյնպէս իր դափնեզարդ անուան հետ կամաւորաբար տարած է նաեւ իր ցեղին` հայութեան անունը, մտցնելով զայն արաբական մատենագրութեան հոյակապ էջերէն ներս» (էջ 120):
Իսքէնտէր Աբգարիոս իր որդւոյն` Ուատիհ Աբգարիոսի ըսած է. «Տղաս, մենք հայ ենք եւ այս մեզի համար պատիւ կը համարենք: Այս ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք ոչ թէ հիմա, այլ թուականէս 75 տարի առաջ, հայրս իր հեղինակութիւններուն ճակատը հպարտութեամբ կը գրէր իր հայ ըլլալը» (էջ 121):
Իսքէնտէր Աբգարիոս ծնած է Պէյրութի այժմու Ս. Նշան եկեղեցւոյ վայրին մէջ հօր` Յակոբ Աբգարիոսի տունը։ Ան 19-րդ դարու արաբերէնով գրող յայտնի բանաստեղծներէն եւ հռչակաւոր գիտուններէն եղած է, որ Լիբանանի իշխաններէն շատ լաւ ճանչցուած ու սիրուած է, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի խտիւներէն: Իսքէնտէր կրթուած է Պէյրութի անգլիական հիւպատոսին զաւակներուն հետ: Անոր նկարագրի, հայրենասիրութեան եւ կրթութեան հիմնաքարը կը դրուի իր հօր՝ Յակոբ Աբգարիոսի ձեռքով, իսկ անկէ ետք Իսքէնտէր ինքնաշխատութեամբ եւ ուսանելու բնածին կարողութեան շնորհիւ կը կերտէ իր մշակութային գործունէութիւնը: Ան շատ կանուխէն սկսած է գրել, թէեւ քսան տարեկանին կորսնցուցած է հայրը եւ, հակառակ նիւթական նեղ կացութեան մէջ ըլլալուն, շարունակած է գրել եւ ուսանիլ: Ան երեսուն տարիներ արաբական գրականութեան ծառայած է բազմաթիւ երկեր հրատարակելով, նաեւ զանազան ուսումնասիրական վերլուծութիւններ եւ բանաստեղծական գիրքերով, ինչպէս.-
Ա. «Արաբներու վախճանը երեւակայական լուրերու մէջ», որ ուսումնասիրութիւն մըն է նախաիսլամական արաբական պատմութեան, Մարսիլիա, 1852, 189 էջ:
Բ. «Գրականութեան ածուն, որ կը դասաւորէ արաբ բանաստեղծները», Պէյրութ, 1858, 288 էջ:
Գ. «Բուրումնաւէտ գաղափարները», Պէյրութ, 1880, 200 էջ:
Դ. «Իպրահիմ փաշայի արարքները եւ խտիւեան լաւ գործեր», Պէյրութ, 1864, 92 էջ:
Ե. «Հոգիներու զբօսանքը յանձնուած թուղթի», բանաստեղծութիւններ, Եգիպտոս, 1883, 220էջ:
Զ. «Արտակարգ ժամանակներ, դէպքեր Լիբանանի մէջ», Պէյրութ, 1869, Լիբանանի 1860-ի խռովութիւններու մասին, 230 էջ, հետագային հայերէնի թարգմանուած։
Իսքէնտէր Աբգարիոս մահացած է Պէյրութ, 1885-ին, եւ թաղուած՝ Անկլօ-ամերիկեան եկեղեցւոյ գերեզմանատունը:
Յակոբ Աբգարիոսի երկրորդ տաղանդաւոր որդին` Ճան կամ Եուհաննա Աբգարիոս ծնած է Պէյրութ, 1832-ին: Ան մինչեւ 1845 յոյն ուղղափառ դպրոց կը յաճախէ, ուր կը սորվի յունարէն եւ արաբերէն, իսկ նախապէս հօրմէն սորված էր հայերէն եւ թրքերէն: Հօրը մահէն ետք մայրը զայն Յիսուսեաններուն վարժարանը կը ղրկէ, որ չի սիրեր ու կը լքէ: Իր հօրը բարեկամ եւ ընտանիքին խնամակալ՝ Պէյրութի անգլիական հիւպատոսը այնպէս կը դասաւորէ, որ իր զաւակներուն հետ Ճան մասնաւոր դասընթացքներու հետեւի: 18 տարեկանին Պէյրութի Պանք Օթթոմանի մէջ գանձապահի պաշտօն կը ստանձնէ: Ճան-Եուհաննա Աբգարիոս սահուն կերպով խօսած է հայերէն, թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ յունարէն: