Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան ելոյթ ունեցաւ Համընդհանուր պարբերական դիտարկումի աշխատանքային խումբի 49-րդ նիստին ընթացքին, ուր կը դիտարկուէր Հայաստանի զեկոյցը: Ան հաւաստիացուց, որ Երեւան անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն կը ձեռնարկէ՝ հասցէագրելու համար Արցախէն տեղահանուած հայորդիներուն կարիքները: Նշենք, որ զեկոյցը անդրադարձաւ անցնող 4,5 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու զարգացումներուն, խնդիրներուն եւ հեռանկարներուն: Նշենք, որ Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքի գրասենեակներէն: