Լեռնալիբանանի բնակավայրերուն մէջ վաղը կայանալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու սեմին, Լեռնալիբանանի կառավարիչին գրասենեակը յայտարարեց, թէ Սին էլ Ֆիլի գործող քաղաքապետ Նապիլ Քահալէի «Միասին դէպի լաւագոյնը» ընտրացանկը յաղթական հռչակուած է՝ մրցակիցներու բացակայութեան պատճառով: Նշեալ ցանկով Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ դարձաւ նաեւ շրջանին մէջ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան որդեգրած թեկնածու Գարոլին Խաչիկեանը:
Կը շնորհաւորենք Գարոլին Խաչիկեանը եւ կը մաղթենք բարեբեր ծառայութիւն: Վստահ ենք, որ երիտասարդ հայուհիին ներկայութեամբ մեծապէս պիտի օգտուին Քաղաքապետական խորհուրդը եւ շրջանի բոլոր բնակիչները: Բարի երթ: