Սուրիոյ տիւրզիներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բռնկումը հանդարտեցնելու փորձով մը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ճոմպլաթ երէկ այցելեց Դամասկոս եւ տեսակցեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարահի հետ: Սուրիական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Ճոմպլաթ կոչ ուղղած է կազմելու վերջին խնդիրներուն դրդապատճառները բացայայտող յատուկ յանձնախումբ մը: Ան վերահաստատած է, որ կը մերժէ տիւրզիներուն արտաքին պաշտպանութիւն պահանջող կոչերը եւ կը զօրակցի, որ միայն պետական հաստատութիւնները ունենան զէնք եւ զայն գործածելու իրաւունք: