Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեսակցեցաւ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէրի հետ: Վերջինս Աունին ներկայացուց Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչներուն հետ լիբանանեան պատուիրակութեան տեսակցութիւններուն բովանդակութիւնն ու արդիւնքները: Աուն Ժապէրին ցուցմունքներ տուաւ յառաջիկայ Երկուշաբթի օր ուժանիւթի նախարարին հետ Իրաք կատարելիք այցելութեան առնչութեամբ: