Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԻՍՏ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՀԱՄԱՍԻՆ

May 6, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԽԻՍՏ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՀԱՄԱՍԻՆ

 

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի գլխաւորութեամբ երէկ գումարուեցաւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ու տարածաշրջանին մէջ տիրող ապահովական վիճակը, առկայ վտանգները եւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկումը: Նախագահը նիստին ընթացքին ներկայացուց խորհուրդին պարտականութիւնները եւ լիազօրութիւնները, շեշտելով երկրին կայունութիւնը ամրապնդելու եւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն վրայ պետութեան հեղինակութիւնը պարտադրելու անհրաժեշտութիւնը: Աուն նախարարներէն պահանջեց ապահովական անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել՝ երաշխաւորելու համար քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն հեզասահ ընթացքն ու ընտրողներուն ապահովութիւնը: Անդրադառնալով Սուրիոյ զարգացումներուն, նախագահը ահազանգեց ապակայունութիւնը Լիբանան փոխադրելու վտանգներէն, շեշտելով որ Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնը գերկարեւոր հարց է: Ժողովականները քննարկեցին լիբանանեան հողերէն կատարուած հրթիռարձակումները, նախագահ Աուն Լիբանանի զօրակցութիւնը յայտնեց պաղեստինցիներուն, սակայն զգուշացուց Լիբանանը նոր պատերազմի մղող վտանգաւոր արարքներէն: Ժողովականները ապա կառավարութեան առաջարկեցին խիստ զգուշացում փոխանցել Համաս շարժումին ե պահանջել, որ չկատարէ Լիբանանի անվտանգութեան սպառնացող որեւէ գործողութիւն: Խորհուրդը առաջարկեց շեշտել, որ Լիբանան պիտի դիմէ խիստ միջոցներու, եթէ նման արարքներով վերստին վտանգուի Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-24                                     ՁԳՏԻԼ  ԿԱՏԱՐԵԱԼԻՆ – ՏՈԿԱԼ  ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ԱՈՒՆԷՆ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ

Next Post

ԱՈՒՆԷՆ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.