Արդիական ընկերութեան մէջ նոր պաշտամունք մը զարգացած է․ ամէն գնով հասնիլ նուաճումի, յաջողութեան, յաղթանակի։ Այս գաղափարախօսութիւնը դարուս երիտասարդին կը պարտադրէ յաջողիլ, իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ։ Զանգուածային լրատուամիջոցները անդադար կը ներկայացնեն «յաղթական»ի զանազան պատկերներ, որոնք ուշադրութեան արժանի են։ Ձախողութիւնն ու պարտութիւնը անընդունելի եւ անցանկալի են։ Այս իրավիճակը ժառանգորդն է 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն ծնունդ առած ինքնակատարելութեան արդիական գաղափարին։ «Լուսաւորներ»ու այս շրջանը կը թելադրէր, որ արհեստաւորը ձգտի ըլլալ լաւագոյնը, ինչպէս արուեստագէտը, մայրը , ծովայինը եւլն․։
Եթէ բացարձակ իմաստով նկատի ունենանք վերոյիշեալ գաղափարախօսութիւնը, ան դրական է ի հարկէ, սակայն գործնական եւ առօրեայ իմաստով `զայն ընդհանրացնել կարելի չէ։ Ճարտարագիտական զարգացումները մարդուն լայն հորիզոններ ընձեռած են, որոնք մարդուն կատարելութեան ձգտումին լայն չափով կ՛օգնեն։ Այսուհանդերձ ներկայ արհեստավարժ աշխարհի վրայ տիրող մրցակցութիւնը գործի յաջողութեան առընթեր ձախողելու վախն ու մտահոգութիւնը եւ անոնց պատճառած հոգեկան ճնշումը եւ ջղապրկումը կը ստեղծեն։ Ձգտիլ կատարելութեան, նոյնիսկ պարզ յաջողութեան գինը առօրեայ պայքարի վերածուած է ներկայ դարուս։ Հետեւաբար բացարձակ յաջողութեան հակադրուած է ձախողութիւնը։ Սակայն ի՞նչ ընել յաղթահարելու համար նման իրավիճակ։
Կեանքի մէջ յաջողութիւնը, հակառակ ընդհանրացած կարծիքին, յաճախ ձախողութեան հետ զուգահեռ կ՛ընթանայ։ Տեւական յաջողութիւնը շատ անգամ վնասակար է նոյնիսկ, որովհետեւ սովորութիւն եւ անվերապահ վստահութիւն կը ստեղծէ ենթակային մօտ։ Շարունակական յաղթանակի վարժուած մարզիկը կամ անընդմէջ առաջնութեան համը վայելող աշակերտը երբ ձախողի, արտասովոր հոգեկան ընկճումի, նոյնիսկ յուսահատութեան կրնայ մատնուիլ։ Պէտք է ի մտի ունենալ որ միշտ չէ որ կը յաջողինք եւ ձախողիլը երբեք անդարմանելի չէ։ Անհրաժեշտ է զինուած ըլլալ պայքարելու եւ յաղթահարելու համար ձախողութիւններն ու անյաջողութիւնները։ Մանաւանդ մտային եւ հոգեկան առումով պատրատ ըլլալ դիմակայելու ձախորդ պատահարները։ Հոս հիմնական դեր կը խաղայ անձին ինքնավստահութիւնը, սակայն ուշադրութիւն` ոչ անվերապահ վստահութիւն․ ինքնավստահութիւն իր անձին կարողութիւններուն հաւատալով եւ ոչ ինքզինք գերգնահատելով։ Երբ համոզուած ենք դժուարութիւններ յաղթահարելու մեր կարողութեան, ձախողութիւնները անցողական բնոյթ կը կրեն, հակառակ պարագային ենթական հոգեպէս կ՛ընկճեն եւ յուսահատութեան կը մատնեն։ Այս երեւոյթը կը տարբերի մէկ անձէ միւսը անշուշտ։ Ոմանց մօտ յուսահատութեան կ՛ընկերանայ վախը, նախազգացումը, զայրոյթը։ Այս պարագաներուն կեանքը անտանելի կը դառնայ։ Վախը կը փոխանակէ վստահութիւնը։ Ենթական նախաձեռնութեան հնարաւորութիւնը կը կորսնցնէ, ինչ որ ամէնէն վտանգաւորն է նոր քայլ մը նետելու իմաստով։
Եզրակացնելով կրնանք ըսել․ ձգտիլ կատարեալին` այո՛, ապահովել յաջողութիւն` տրուած պայմաններուն համակերպելով, չվախնալ պատահական ձախողութիւններէ, ամուր կերպով հաւատալով եւ վստահելով անձնական կարողութիւններուն։
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ