Կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան Ուսանողական դիւանին, Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ին, Հ.Կ.Բ.Մ. Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճին մէջ, տեղի ունեցաւ «Կլոր սեղան» նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին, «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ միջազգային իրաւական մեխանիզմները» խորագրով։
Միջոցառման ներկայ գտնուեցան Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Ալէքսան Քէօշկէրեանը, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանը եւ Վարիչ մարմինի ընկերները, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, Պէյրութի Քաղաքապետական խրհուրդի անդամը, Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնը, յարակից միութիւններու եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կուսակցական, ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Միջոցառումը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի քայլերգներով։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ուսանողական դիւանի փոխդիւանապետուհի ընկերուհի Քաթիա Պոյաճեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին, միաժամանակ շեշտելով, որ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ ցեղասպանութիւններու դատապարտումը միջազգային արդարութեան պահանջն է։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիան շարունակաբար ժխտողական քաղաքականութիւն կը վարէ, մինչ նոր յանցագործութիւններ կը կատարուին Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Արցախի մէջ։
Կլոր սեղանի ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկան ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեան (Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ), իրաւաբան Լեւոն Սեմերճեան (Վերաքննիչ դատարաններու իրաւաբան) եւ դոկտ. Մարի Լուիս Ալամ (Իրաւագիտութեան դոկտոր), իսկ կլոր սեղանի ընթացքը վարեց պարոն Սիմոն Կարապետեան։
Աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու քննարկուած նիւթերու՝ Հայ դատի, ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ միջազգային իրաւական գործընթացներու կարեւորութեան շուրջ։
Միջոցառումը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, վերահաստատելով մեր հաւատարմութիւնը Հայ դատի հետապնդման, համամարդկային արդարութեան եւ պահանջատիրութեան շարունակութեան: