Շահագործողի եւ շահագործուողի, յափշտակողի եւ յափշտակուողի, կեղեքիչի եւ կեղեքեալի միջեւ մնայուն հակասութիւնը առկայ է պատմութեան վաղնջական անցեալէն: Սեփականատիրութեան սկզբնական գիտակցութիւնը եւ քաղցրութիւնը հետզհետէ ստանալով անսահմանափակ տարողութիւն եւ հասնելով անյագուրդ ախորժակներու՝ մարդը վերածած է գայլի՝ միւս մարդուն նկատմամբ: Ունենալու, առաւել ունենալու եւ միշտ ունենալու մարմաջը լայնաբաց երախի նման կլլած է մարդուն ողջ էութիւնը՝ զայն դարձնելով չարաշահութեան խորհրդանիշի: Եւ ահա պատմութիւնը թաւալած է այս իրերամերժ խաւերուն բախումներով՝ երբ վաշխառուն տեւապէս ձգտած է իրաւազրկել խեղճն ու թշուառը, իւրացնել աշխատաւորին արդար վաստակը եւ զանոնք պահել ենթակայ՝ իր քմահաճութեան, շահութաբեր ախորժակին եւ պարարտացող գրպաններուն: Այս հոլովոյթը, բնականաբար, ծնունդ տուած է հակընդդէմ դասակարգերու, որոնք անթաքոյց ատելութեամբ լեցուած են իրարու հանդէպ:
Առաջին հայեացքով կը կարծենք թէ պատմութիւնը ժողովուրդներու միջեւ կռիւ է, կ’ենթադրենք թէ իրարու հակադրուած են ազգեր՝ արեան տարբերութիւններու պատճառով, սակայն իսկութեան մէջ հակամարտութեանց խորքը թաքնուած է տնտեսական շահերու մէջ, իրարմէ տարածքներ խլելու եւ շահեր ապահովելու մէջ, վերնախաւը իր դիրքերը ամրապնդելու եւ նոր զոհեր ստրկացնելու մէջ: Ի՞նչու նոյն ժողովուրդին մէջ կ’ըլլան տարակարծութիւններ, ի՞նչու նոյն երկրին մէջ կ’ըլլան հարուստի-աղքատի ընդհարումներ.- բացայայտ է՝ ընկերային անարդարութեան, դասակարգերու հակասութեան, չարաշահ խաւին կամայականութեանց պատճառով: Երբ երկրին բարիքները զանազան կողմնակի միջոցներով իւրացուցած շերտը կը լլկէ բանուորութիւնը, կը չարաշահէ մարդկանց աշխատանքը, երբ ճարպիկ տարրեր զարտուղի ձեւերով եւ անազնիւ միջոցներով իրենց մագիլները կը մխրճեն խոնարհ խաւին կտոր մը հացին ու ստակին մէջ, ինքնըստինքեան ծայր կ’առնէ դասակարգային անխուսափելի առճակատումը: Իրաւազրկեալ մեծամասնութիւնը, հարկադրուած, ձեռնոց կը նետէ զինք բզկտող արտօնեալ դասակարգին դէմ, իր մաղձը կը թափէ ընչաքաղց դրամատէրերու դէմ:
Դարերու ընթացքին բանուոր եւ գիւղացի, հողի մշակ թէ միտքի մշակ, աշխատաւոր թէ արհեստաւոր, հլու հնազանդ կրեցին ճնշող լուծը տիրող դասակարգին: Մինչեւ որ, այդ մեծամասնութիւնը յանձն առաւ վերջ տալ այս սանձարձակութեան, ընկերային անհաւասարութեան եւ կոպիտ անարդարութեան: Այս ընդվզող, մարտականօրէն տրամադրուած ամեհի ուժին համար ընկերվարութիւնը եղաւ գաղափարական զէնքը եւ շարժիչ լծակը այս անհաւասար պայքարի թէժ ճակատումին:
Մայիս 1-ը եղաւ բանուորական բանակին իրաւատիրութեան օրը: Տքնող բազուկը, գօտեմարտող դասակարգը, ընչազուրկ տարրերը ընկերվարական գաղափարներուն մէջ տեսան իրենց տառապանքին արտայայտիչ միտքերը, իրենց դատին պաշտպանութեան արտացոլանքը, իսկ ընկերվարական կազմակերպութիւններուն ընդմէջէն՝ իրենց հոգեհարազատ ու մարտնչող կառոյցները: Աստիճանաբար, հետեւողական ու արիւնալի պայքարներէ ետք, բանուոր դասակարգը կրցաւ բարւոքել իր անմխիթար կացութիւնը: Իհարկէ, ծանր գին էր վճարուած այս դրական արդիւնքին համար:
Ինքնաբերաբար, աշխատաւորութեան օրը սերտօրէն կ’առնչուի աշխատանքին հետ: Ի տես մարդկութեան մէջ բուծանուող տզրուկներու, հացկատակներու եւ այլոց քրտինքը սակարկողներու, աշխատանքին կարեւորութիւնն ու բարիքը կը շեշտուի հրամայականօրէն: Ի՞նչպէս պիտի իմաստաւորուէր կեանքը առանց աշխատանքի, ի՞նչ անհեթեթ պիտի ըլլար մարդուն գոյութիւնը առանց արարման, գործի, ստեղծագործութեան, ջանքի ու ճիգի: Միշտ ալ անբաններ եղած են տհաճ բեռ մը ընկերութեան ուսերուն, ճնշող ազդակ մը շրջապատին համար: Այս մարդկային զանգուածը կարծէք հակադրուած է աշխատաւոր ուժին եւ իր գոյութեամբ եղած վնասակար եւ անբաղձալի: Ահա թէ ինչու, Մայիս 1-ի այս օրը կը պարտաւորեցնէ գովքը հիւսել աշխատանքին, ընդվզիլ ձրիակերներու անհաճոյ ներկայութեան դէմ:
Դարերու ընթացքին, ընկերային անարդարութեան բնական դարձած երեւոյթին դիմաց, բանուորական շարժումները համարուած են յառաջդիմական գործօն պատմութեան համար, աշխատաւորութեան խլրտումներն ու նկրտումները մարդկութիւնը մղած են աւելի տանելի եւ արդար կեանք մը վայելելու ուղղութեամբ: Ուրեմն՝ դրական երեւոյթ մըն էր այս ալեկոծիչ գործընթացը: Այս առումով, այդ շինիչ գաղափարներուն աւանգարդ սերմնացանները հայ կեանքին մէջ եղան Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարախօսները, տեսաբանները, մտաւորականներն ու քարոզիչները: Ընկերվարութիւնը Հնչակեան ծրագիրին մէջ անտրոհելի հանգանակ մըն էր՝ իր գործնական եւ յառաջադէմ առաջարկներով: Իսկական նորութիւն մըն էր այդ ոչ միայն ստրկութեան շղթաներուն մէջ կապանքուած հայութեան համար, այլեւ՝ օսմանեան, ցարական եւ շահական կայսրութեանց մէջ տուայտող գիւղացիութեան, իրաւազուրկ խաւերուն համար եւս: Նոր գաղափարներ էին, քիչ մը անսովոր միտքեր, դժուարընկալելի եւ անհամոզիչ, սակայն հետզհետէ անոնք դարձան ոչ միայն ուղենշային եւ արդարամիտ լուծումներ, այլ՝ անհրաժեշտ կոչ-հրաւէրներ պայքարի եւ համախմբումի՝ յանուն արդար վարչակարգերու, յանուն ողջմիտ հաւասարութեան եւ աշխատանքին: Հնչակեան Կուսակցութեան ներդրումը այս իմաստով անուրանալի է, պատմական եւ բեկումնային՝ գաղափարախօսական իմաստով: Բաւ է վերյիշել բանուորական ցոյցերու, մայիսմէկեան հաւաքներու եւ թռուցիկներու տարածման մէջ հնչակեան աշխոյժ մասնակցութիւնը Կովկասի մէջ: Նաեւ սփիւռքի մէջ բանուորական եւ աշխատաւորական ուժերու նկատմամբ համակրական աշխատանքները, ոգեւորիչ գրութիւններն ու ճառերը: Հնչակեան շարքերուն մէջ թրծուած եւ գործած բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեան արդարօրէն կը նկատուի աշխատաւորութեան մարտաշունչ երգիչը, բոցավառ գրիչը հայ գրականութեան մէջ, եւ այլն:
Մայիս 1-ը բանուորութեան, հաւասարութեան տօնն է արդարեւ: Ուրեմն՝ բի՜ւր ողջոյններ բանուորութեան եւ փա՛ռք աշխատանքին: