Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

May 1, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

20-րդ դարու աշխարհահռչակ երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեանի մահուան 47-ամեակն է այսօր: Ան իր մահկանացուն կնքած է 74 տարեկանին, Մոսկուայի մէջ: Անոր գործերը մեծ ազդեցութիւն ունեցած են ամբողջ աշխարհի մէջ, իսկ իր երաժշտութեան ազդեցութիւնը շարունակուելով տարածուած է բոլոր կողմերը՝ համերգային դահլիճներէն մինչեւ զանազան ֆիլմեր։ Խաչատուրեանի իւրայատուկ ստեղծագործութիւնները կը տարբերուին հայկական, ռուսական եւ այլ եւրոպական երաժշտական աւանդութիւններու միաձուլումով, արագ ընթացքով ու ռիթմով։

Մայեսթրոյին ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն են՝ «Adagio of Spartacus and Phrygia» Սփարթակօս պալետէն, «Sabre Dance» Գայիանէ պալետէն, «D-flat Major» դաշնամուրային նուագէն եւ այլն:

Խաչատուրեան խորապէս ազդուած է հայկական հարուստ ժողովրդական երաժշտութեան ժառանգութենէն։ Անոնք իրենց ուրոյն տեղը գտած են իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, սակայն, միահիւսուելով եւրոպական դասական երաժշտութեան հետ, արեւելեան եւ արեւմտեան մշակութային տարրերու համադրութեամբ ստեղծած են իւրայատուկ երաժշտական գանձեր։ Ահա այստեղ կը կայանայ համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերելու անուանի երաժշտագէտին համբաւի տարածման գաղտնիքը:

Իր երաժշտական զգլխիչ կտորները ցայսօր կը շարունակեն ոգեշնչել նոր սերունդներու արուեստագէտները, ունկընդիրները։ Արամ Խաչատուրեանի գործերը յաճախ կը կատարուին ամէնուրեք՝ Եւրոպայի համերգային դահլիճներէն մինչեւ Ասիոյ եւ Ամերիկայի բեմերը։ Արամ Խաչատուրեանի ժառանգութիւնը մեծագոյն արուեստի մը յաղթանակն է, անոր ստեղծագործութիւնները վստահաբար տակաւին երկար ժամանակ պիտի շարունակեն ոգեշնչել երաժիշտներն ու երաժշտասէրները։

 

 

 

 

– Արամ Խաչատուրեան ծնած է 6 Յունիս 1903-ին, Վրաստանի մէջ, Թիֆլիս։
– Ծնողները հինաւուրց Գողթան գաւառէն են: Հայրը՝ Եղիան, ծնած է Օրտուպատի մօտակայքը (ներկայիս Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն), կազմարարական աշխատանքներով զբաղուող խանութի տէր։

– Մայրը՝ Ղումաշ Սարգիսովնա, ծնած է Ներքին Ազա գիւղին մէջ։

– Խաչատուրեանի ծնողները նշանուած եղած են՝ նախքան զիրար ճանչնալը, երբ դեռ Ղումաշը 9 տարեկան էր, իսկ Եղիան՝ 19։ Անոնք ունեցած են 5 զաւակ՝ մէկ աղջիկ եւ չորս տղայ։

– Արամին եղբայրները նոյնպէս շնորհալի եղած են։ Սուրէն Խաչատուրեան Մոսկուայի մէջ թատերական մեծ գործիչ կը դառնայ, Լեւոնը՝ լաւ պարիթոն եւ յայտնի երգիչ, Վաղինակը՝ յաճախ հանդէս կու գայ սիրողական ներկայացումներով։

– Ապագայ երգահանը նախ կ’ուսանի Ա. Արղութեան-Դոլգորուկովայի վարժարանին մէջ, ուր հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ անուանի գրող Ղազարոս Աղայեանի որդիին՝ Մուշեղ Աղայեանին վարած երգի դասերուն։ 10 տարեկանին, նախնական կրթութիւն ստանալու համար կ’ընդունուի Թիֆլիսի առեւտրական արհեստավարժարանը, ուր փողային նուագախումբին մէջ շեփոր կը նուագէ։ Անյաղթահարելի է պատանի Արամին սէրը երաժշտութեան նկատմամբ։

– 1921-ի աշնան, արդէն ճանչցուած արուեստագէտ դարձած Սուրէն Խաչատուրեանը, կրտսեր եղբայրը կը տանի Մոսկուա՝ ուսում ստանալու։ Հոն, ան բժշկութեան եւ երկրաչափութեան ասպարէզներուն երկընտրանքի միջեւ կը տատանի։

– 1915 թուականին, թրքական ներխուժման սարսափին տակ, պատանի Արամ Խաչատուրեանին ընտանիքը, լքելով ամբողջ իր ունեցուածքը, կը գաղթէ Էկաթերինոտար (Կրասնոտար)՝ Խաչատուրեանին մեծ եղբօր մօտ։ Սակայն թրքական զօրքերը Թիֆլիս չեն ներխուժեր եւ ընտանիքը կը վերադառնայ տուն։
– 1921 թուականին տասնութամեայ Խաչատուրեան Մոսկուայի մէջ եղբօր աշխատանքէն ներշնչուած՝ կը մտնէ երաժշտութեան հրաշալի աշխարհը։ Ան 1922 թուականին կը յաճախէ Կնեսինի պետական երաժշտական գոլէճը՝ միաժամանակ ուսանելով Մոսկուայի համալսարանին մէջ կենսաբանութիւն։

– 1926 թուականին կը գրէ իր առաջին գործերը՝ Dance Suite ջութակի եւ դաշնակի համար (1926) եւ Poem in C Sharp Minor (1927)։ Սկզբնական աշխատանքներուն մէջ արդէն Խաչատուրեանը լայնօրէն կ’օգտագործէ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն։
– 1934 թուականին Խաչատուրեան կ’աւարտէ Մոսկուայի երաժշտանոցը՝ ներկայացնելով հայկական ազդեցութեամբ «Առաջին ներդաշնակութիւն» յօրինումը։ Այս աշխատութիւնը նշանաւոր խմբավարներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ շուտով խորհրդային լաւագոյն նուագախումբերուն կողմէ կը կատարուի։ Շոսթաքովիչը կը հիանայ այս ստեղծագործութեամբ:

– 1936–1947 թուականներուն Խաչատուրեան կը գրէ թատերական երաժշտութիւն՝ ներկայացումներու եւ ֆիլմերու համար, ինչպէս նաեւ երգեր, եկեղեցական երաժշտութիւն եւ սիրուած «Ջութակի նուագահանդէսը»։

–  Հետագայ տարիներուն կը շրջի 42 երկիր։ Իր շրջագայութիւններու ընթացքին ան կը հանդիպի բազմաթիւ հանրածանօթ մշակոյթի գործիչներու՝ Յ. Սիպելիուսի (Jean Sibelius), Է. Հեմինկուէյի (Ernest Miller Hemingway), Չ. Չափլինի (Charles Chaplin), Ս. Տալիի (Salvador Dalí) հետ։

– Իր դաշնամուրի նուագահանդէսին եւ յաջորդող երկու այլ նուագահանդէսներուն համար ան կ’արժանանայ պետական մրցանակի։

– «Ջութակի նուագահանդէսը» կը ստանայ համաշխարհային ճանաչում եւ միջազգային երաժշտացանկին մաս կը կազմէ։ Առաջին անգամ կը կատարուի Տէյվիտ Օյսթրախի կողմէ։

– Խաչատուրեան ԽՍՀՄ Երգահաններու միութեան մէջ կը վարէ կարեւոր պաշտօններ․ 1937 թուականին՝ Մոսկուայի բաժինի փոխնախագահ, իսկ 1939–1948 թուականներուն՝ կը ծառայէ իբրեւ կազմակերպչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ ։

– Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին նախորդող եւ յաջորդող տարիները Խաչատուրեանին համար արդիւնաբեր կ’ըլլան։ 1939 թուականին ան վեցամսեայ ճամբորդութիւն կը կատարէ դէպի Հայաստան՝ իր առաջին թատերապարին համար հայկական ժողովրդական երաժշտութեան խոր հետազօտութեան եւ ժողովրդական երգերու ու պարերու մեղեդիներ գտնելու նպատակով։

– 1950 թուականին Խաչատուրեան կը սկսի իր խմբավարական գործունէութիւնը։ Ալմա Մաթըրի (մայր կրթօճախ) մէջ կը սկսի դասաւանդել երգահանութեան արուեստը (երգահանութիւն)։ 1951 թուականէն սկսեալ կը դասաւանդէ Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ։

– 1950 թուականին ան կը սկսի աշխատիլ իր երրորդ եւ վերջին թատերապարի՝ «Սպարտակ»ին (1950–1954) վրայ, որ հետագային կը համարուի իբրեւ զինք միջազգային ճանաչումի արժանացուցած վերջին աշխատանքը։

– Խաչատուրեան իր սեփական ստեղծագործութիւնները ընդգրկող համերգներով կը շրջագայի աւելի քան 30 երկիրներ, որոնց մէջ ներառեալ են արեւելեան դաշինքի պետութիւնները՝ Իտալիա (1950), Մեծ Բրիտանիա (1955, 1977), Լատին Ամերիկա (1957), Միացեալ նահանգներ (1960, 1968) եւ Յունաստան, Հոլանտա եւ եւրոպական այլ երկիրներ։

– Խաչատուրեան նկատի ունէր գրել թատերգութիւն մը նուիրուած աշուղ Սայաթ-Նովային, սակայն մահը վրայ կը հասնի 75-րդ տարեդարձէն ամիս մը առաջ։ Խաչատուրեան կը մահանայ Մոսկուա, 1978 թուականի Մայիս 1-ին՝ իր 75-ամեակի շեմին։ Ան թաղուած է Մայիս 6-ին, Երեւան՝ «Կոմիտասի անուան պանթէոն»՝ հայազգի այլ մեծերու՝ Կոմիտասի, Ա. Իսահակեանի, Մ. Սարեանի կողքին։ Ան ապրած է իր որդիի՝ Կարէնի, դուստր՝ Նունէի, եւ եղբօրորդի՝ Կարէն Խաչատուրեանի հետ, որ նաեւ երգահան է։

– Ամուսնացած է երկու անգամ։ Առաջին կնոջ հետ Արամ Խաչատուրեան կը ծանօթանայ 1920-ական թուականներու վերջը․ անոր հետ կնքած ամուսնութենէն կը ծնի դուստրը՝ Նունէն։ Կ’ամուսնալուծուի իր կնոջմէն, որպէսզի 1933 թուականին ամուսնանայ Մյասքովսքիի խումբին մէջ աշակերտակից Նինա Մաքարովայի հետ։ 1940-ին կը ծնի որդին՝ Կարէնը։

– Խաչատուրեանի աշխատանքները կ’ընդգրկեն թատերապարեր, սիմֆոնիաներ, նուագահանդէսներ, ֆիլմերու երաժշտութիւններ եւ այլն։

– Ան իր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը ստեղծած է 10 տարուան ընթացքին՝ 1936–1946 թուականներուն, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի նախորդող եւ յաջորդող տարիներուն: Խաչատուրեան միջազգային ճանաչում ստացած է թատերապարի ballet երաժշտութեան համար: Անոր «Գայիանէ»ն եւ «Սպարտակ»ը անոր ամենայաջող ստեղծագործութիւններն են:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԵՐԳԱՀԱՆԸ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԲԱՆՈՒՈՐՈՒԹԵԱՆ.  ՓԱ՛ՌՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ 

Next Post
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ   ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԲԱՆՈՒՈՐՈՒԹԵԱՆ.   ՓԱ՛ՌՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԲԱՆՈՒՈՐՈՒԹԵԱՆ.  ՓԱ՛ՌՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.