64 տարիներ առաջ, մեծանուն Արամ Խաչատուրեան այցելած է նաեւ Լիբանան եւ իր կեցութեան ընթացքին Սահակեան վարժարանի սրահին մէջ պատմական հանդիպում մը ունեցած է 5 վարժարաններու աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմերուն հետ: Սահակեանի բեմին վրայ, դպրոցին համեստ դաշնամուրին առջեւ, արժէքաւոր եւ կուռ ելոյթ մը ունեցած է տնօրէն Բենիամին Ժամկոչեանը, ուր Մոսկուայի ղեկավարներուն փոխանցած է ամէն հայու սրտէն բխող խնդրանքներ: «Ա.»
16 Մայիսին (1961 «Ա.»), Սահակեան հաւաքուած էին Ռուբինեան, Սահակ Մեսրոպեան, Նոր Բարձրագոյն Վարժարան եւ Կէրթմէնեան Վարժարանի բարձրագոյն դասարաններու սան-սանուհիները։ Ժամը 15:30-ին մեծանուն երաժշտապետը մտաւ մանկական գլուխներու ծովու մը մէջ խելայեղ ծափերու տակ եւ տնօրէններուն հետ տեղ գրաւեց բեմին վրայ։
Սահակեանի ուսուցիչներէն պրն․ Պէպօ Սիմոնեան բացաւ ընդունելութիւնը խանդավառ խօսքերով։
«Այսօր ազգային հպարտութեամբ տոգորուած պատիւն ու ուրախութիւնը կ’ունենանք մեր մէջ ունենալու հայ երաժշտութեան թանկագին վարպետը, երաժշտական աշխարհի ստեղծագործ հանճարներէն մեծանուն վարպետ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆը։ Ազգային ստորակայութենէ տառապող հայերուս համար` այլեւս հարկ չկայ պատմութեան էջերը պրպտելու, փաստեր որոնելու։ Ահա կանգնած է մեր մէջ հայ ժողովուրդի հանճարին արտայայտութիւնը, իր փառապսակ ճակատով Արամ Խաչատուրեանը։
Թանկագին վարպետ, Ձեր ներկայութիւնը այս համեստ յարկին տակ ազգային գիտակցութեան, հպարտութեան եւ ոգեւորութեան նոր ալիք մը կը բերէ այս աշակերտութեան։ Ուստի անոնց կողմէ բարի գալուստ կը մաղթեմ եւ բոլորին կողմէ կը սեղմեմ Ձեր ստեղծագործող թանկագին ձեռքը»։
Ապա կարճ յայտագիր մը գործադրուեցաւ, որուն մէջ բաժին ունեցան Ռուբինեան՝ զուգերգ–տրամախօսութիւն մը, Ն. Բ․ վարժարան մեներգ մը, Կէրթմէնեան՝ դաշնակի կտոր մը, Սահակ Մեսրոպեան՝ արտասանութիւն մը, եւ Սահակեան՝ մեներգ մը հրամցնելով ։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Սահակեանի տնօրէնը, որ երեք օր առաջ հասած էր Հայաստանէն։ Իր ելոյթը կ’արտատպենք ԱՐԱՐԱՏ-էն։
«Յարգելի Վարպետ, յուզումս այնքան բուռն է, որ հարց կու տամ թէ կուրծքս ինչպէ՞ս կը դիմանայ։ Բայց կը յիշեմ` թէ այս կուրծքը, հոս գտնուողներուն կուրծքերը հայու կուրծքեր են, որոնք դարձած են պողպատ դարաւոր տառապանքներու, յատկապէս Առաջին Համաշխարհային պատերազմին մեր կրած չարչարանքներուն ազդեցութեամբ։
Շաբաթ մը առաջ անցայ Ապենինեան, Ալպեան, Պալքանեան, Կովկասեան լեռնաշղթաներէն ու անոնց չափ բարձր ազգային մեծութիւններու հանդիպեցայ։ Տեսայ Վեհափառը՝ մեր եկեղեցական գաղաթը, Արուշանեանը՝ մեր պետական գագաթը, Համբարձումեանն ու Սիսակեանը՝ մեր գիտական գագաթները, զօր․ Բաղրամեանը՝ մեր զինուորական գագաթը ու այսօր Ձեզի, անզուգական վարպետ։ Հայաստանը լեռնաշխարհ մըն է, գագաթներու աշխարհ եւ ուրեմն չէր կրնար տարբեր ըլլալ մշակութային մարզի մէջ ու ահա մեծերու, բարձրութիւններու, գագաթներու հոյլ մը, որոնց առջեւ կը խոնարհին համաշխարհային մեծութիւններ։ Հայաստանի Քառասնամեայ Յոբելեանին, երկու հարիւր միլիոնի ղեկավար Խրուշչեւ խոնարհեցաւ անոնց առջեւ։ Դուք՝ սիրելի վարպետ, այդ մեծութիւններէն էք։
Մենք` հայերս ունինք ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ։ Եկաւ ժամանակ երբ Թումանեան ստիպուեցաւ ինքզինք կոչել տալ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ։ Թոյլատրեցէք, որ այսօր հոս հաւաքուած հինգ վարժարաններու սաներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն անունով Ձեզ հռչակենք ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԵՐԳԱՀԱՆ։
Յարգելի Վարպե՛տ, Դուք դարերու ակունքէն, մեր ժողովուրդի հոգիէն բերիք յորդահոս զգացումներ եւ տուիք՝ իբր երգ, իբր եղանակ՝ թուղթին, մարդոց, երկիրներու, յաւիտենականութեան։ Յուզիչ էր լսել Մեքսիքոյի մէջ, թէ շարժավար մը ճամբորդութեան ընթացքին եղանակ մը կը սուլէ։ Ճամբորդներէն հայ մը կը հարցնէ. «Ի՞նչ եղանակ կը սուլես եւ ո՞վ է հեղինակը»: Վարորդը առանց տատամսելու կ’ըսէ. «Սուրերու Պարը եւ հեղինակն է Արամ Խաչատուրեան»։ Հայը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ’ըսէ․ «Արամ Խաչատուրեան հայ է եւ ես ալ ՀԱՅ եմ»։ Շարժավարը առաջին անգամ կը տեսնէ հայ մը եւ կը լսէ հայ անունը։ Այսպէս է, վարպե՛տ, Դուք հայուն դրօշը տարիք աշխարհի չորս ծագերը եւ հեռաւոր անկիւններ բնակողներուն անգամ ծանօթացուցիք հայը։
Ու հիմա, վարպե՛տ, մենք պահանջներ ունինք։ Մեր ահաւոր սպանդը չունեցաւ զինք կոթողող գրագէտ հանճար մը։ Եթէ գրագէտ հանճարը դեռ չէ ծնած, ահա ծնած է երաժիշտ, յօրինող հանճարը, Դուք էք այդ հանճարը, ուստի տուէք այն մեծ գործը, որ պիտի ներկայացնէ աշխարհացունց սպանդը իր բոլոր ահաւորութեամբ։
Երկրորդ, Քառասնամեայ Յոբելեանին սփիւռքահայ ներկայացուցիչներ Խրուշչեւի առջեւ դրին մեր հողային հարցը։ Այսօր ալ Ձեր առջեւ կը դնենք։ Արեւաշող Երեւանին կը նային քառասուն դարեր՝ գերեվարուած ԱՐԱՐԱՏի զոյգ Մասիսներէն։ Անոր մէկ դէմքը տխուր ժպիտով կը դիտէ լուսաւոր, պայծառ, կենսախայտ Երեւանը, միւս դէմքով կու լայ ու կը սգայ խաւար, տխուր, ամպամած մեր դարաւոր ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ: Ըսէ՛ք, իմացա՞ք թէ մօտ մէկ ու աւելի միլիոն հայեր կամաց-կամաց կը մահանան աստանդական ու թափառական : Թող արդարութիւն ընեն, մեր ՏՈՒՆը տան մեզի։ Արդէն բռնագրաւողները փաստօրէն պէտք չունին անոնց։
Երրորդ, եթէ համազգային հայրենադարձը անկարելի է առ այժմ, գոնէ թելադրեցէք, որ ամէն դիւրութիւն տրուի հայ հանճարեղ երկսեռ պատանիներու, որ հաւաքուին հայրենիք։ Պրն․ Խրուշչեւ ըսաւ հաւաքոյթի մը․ «Ի՞նչ պիտի ըլլար Գոհար Գասպարեանը, եթէ հայրենիք եկած չըլլար»։ Հաւատացէք` Սփիւռքի մէջ հարիւրներով Գոհար Գասպարեաններ կը խամրին։ Ես աչքովս տեսայ հայ ջութակահար մը, Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ, որ տասներկու տարեկան հասակին պետական երաժշտանոցի տնօրէնին ընկերակցութեամբ մենանուագի ելոյթ ունեցած եւ արժանացած է անոր հիացումին, իսկ այսօր ջութակը մէկ կողմ նետած է, ըսելով՝ զիս քաջալերող չեղաւ։ Յուզիչ պահու մը միայն առաւ ջութակը ձեռքը եւ ես նման ուժի հանդիպած չեմ տակաւին։
Այս փափաքները յայտնելէ վերջ Ձեզի կը մաղթենք արեւշատութիւն, անսպառ ոյժ՝ տալու նորանոր եւ սքանչելի գործեր, նման` ՍՊԱՐՏԱԿի, որուն ներկայացումը տեսայ ԵՐԵՒԱՆի մէջ։ Վարպետը փսրտաց․ «Ես դեռ տեսած չեմ»։ Երթաք բարի, տարէք մեր ողջոյնները Ձեզի հետ»։
Վերջին խօսքը տրուեցաւ Վարպետին․ «Չափազանց յուզուած եմ այս ջերմ ընդունելութենէն։ Ձեր զգացումները անջնջելիօրէն դրոշմուեցան յիշողութեանս մէջ եւ անպայմանօրէն պիտի արտայայտեմ նոր ստեղծագործութիւններու մէջ։
Ջանացէք մասնագիտանալ։ Սիրեցէք հայերէնն ու Հայրենիքը։ Հաւատարիմ մնացէք պատմութեան եւ մշակոյթին։ Ես իմ ստեղծագործութեանս մէջ միշտ հոգիս եւ հայեացքս ուղղած եմ ներկային ու ապագային։ Անցեալը ինծի համար տխուր յիշատակ մըն է, բայց սիրով կ’ընդունիմ ձեր առաջարկը։
Բաղդաւոր էք, որ կ’ապրիք այս գաղութին մէջ, քանի որ ան ամէնէն ուժեղն է ու տոկունը։ Շատ է թիւը մտաւորականներուն, որոնց բարեկամութիւնը վայլեցի։ Շնորհակալութիւն եւ յարգանք»։
Նոյն խանդավառ ծափերով մեկնեցաւ վարպետը։
Քաղուած՝ Սահակեան Լիսէի «Ուսանող» տարեգիրքէն: