Լեռնալիբանանի կառավարիչ դատարազ Մոհամմատ Մաքքաուի յայտնեց, որ երէկուայ դրութեամբ 53 քաղաքապետական խորհուրդ կը համարուի ընտրուած՝ համապատասխան քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ մրցակիցներու բացակայութեան լոյսին տակ: Մաքքաուի յստակացուց, որ նշեալ շրջաններուն մեծամասնութիւնը փոքր բնակավայրեր են: Ընդհանուր առմամբ, Լեռնալիբանանի մէջ կայ 330 քաղաքապետութիւն: