Լիբանանի մէջ, տիւրզի քաղաքացիներ երէկ փակեցին Ալէյի գլխաւոր ճամբան՝ բողոքելով իրենց յարանուանակիցներուն դէմ Սուրիոյ մէջ կատարուած յարձակումներուն դէմ, մինչ տիւրզիներու հոգեւոր ղեկավարութիւնը կտրականապէս արգիլեց ճամբաներու փակումը եւ Լիբանան ապաստանած սուրիացիներու թիրախաւորումը: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ճոմպլաթ հաղորդակցեցաւ Սուրիոյ տիւրզի հեղինակութիւններուն, Դամասկոսի իշխանութիւններուն, Թուրքիոյ եւ արաբական երկիրներու ղեկավարութեանց հետ՝ կոչ ուղղելով աշխատանք տանելու Սուրիոյ ներքին դրութիւնը կայունացնելու եւ ժողովուրդին բաղկացուցիչ խմբաւորումներուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմելու ուղղութեամբ, հիմնուելով պետութեան հեղինակութեան եւ երկրի միասնութեան ու ամբողջականութեան պահպանումին վրայ: Նախկին երեսփոխանը դատապարտեց արիւնալի միջադէպերը եւ ահազանգեց, թէ շէյխ Մուաֆաք Թարիֆի հետեւորդները կը փորձեն Սուրիոյ եւ Լիբանանի տիւրզիները մղել բոլոր մահմետականներուն հետ առճակատումի: Տիւրզիներու յարանուանական խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին դատապարտեց «տիւրզիները պաշտպանելու» խորագրին տակ Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան միջամտութիւնները եւ ահազանգեց, թէ Իսրայէլ կը փորձէ սեփական նպատակներով շահարկել Սուրիոյ տիւրզիները, որոնց մէկ մասը սկսած է ձայն բարձրացնել՝ պահանջելով իսրայէլեան պաշտպանութիւն: Ան կոչ ուղղեց հանդարտութեան ու երկխօսութեան, միաժամանակ Դամասկոսի իշխանութիւններէն պահանջելով թափանցիկ հետաքննութիւն բանալ Սուրիոյ տիւրզիաբնակ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն առնչութեամբ: Լիբանանի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Սամի ապի էլ-Մունա իր սուրիացի յարանուանակիցներուն կոչ ուղղեց յարգելու բոլոր սուրիացիներուն իրաւունքները եւ ուշադիր ըլլալու ներքին խռովութիւններ հրահրելու փորձերէն:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ ամբողջականութեան եւ պնդեց, թէ այդ երկրին վարչակարգը դաշնակցայինի վերածելու խօսքերը չեն հատեր երազի սահմանը:
Այլ հարցով մը, Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ասաատ Շէյպանի յայտնեց, թէ Ուաշինկթընին ուղղուած նախագահ Ահմատ Շարաայի նամակին մէջ խօսք չկար Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մասին, աւելցնելով որ Միացեալ Նահանգներ արդէն իսկ այդպիսի պահանջ չէ ներկայացուցած Դամասկոսին: