Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը հաղորդագրութեամբ մը նշեց, թէ կառավարիչն ու դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնեաները շուտով պիտի մշակեն դրամատուներու վերակառուցումի ծրագիր մը, որ հետագային պիտի ուսումնասիրուի Միջազգային դրամատան մէջ, Լիբանանի վարչապետին եւ առնչակից նախարարներուն կողմէ, միաժամանակ նկատի առնելով ելեւմտական շարք մը հեղինակաւոր ելեւմտագէտներու կարծիքը: «Այս ծրագիրը պիտի գործադրենք ամենայն բծախնդրութեամբ՝ երաշխաւորեու համար Միջազգային դրամատան պայմաններուն գործադրութիւնը», նշուեցաւ Կեդրոնականի յայտարարութեան մէջ: