«Ֆրանս փրէս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը հարաւային շրջաններուն մէջ կազմալուծած է Հըզպալլայի ռազմական կառոյցներուն աւելի քան 90 առ հարիւրը: Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ գուցէ տակաւին ըլլան անծանօթ վայրեր, որոնք բացայայտելու պարագային պիտի կազմալուծուին: «Հըզպալլա քաշուած է հարաւէն ու Լիթանիէն հարաւ այլեւս չկայ կուսակցութեան զինուորական ներկայութիւն», բացատրեց աղբիւրը, մերժելով յայտնել ինքնութիւնը:
Զինադադարին հետեւելու, կայունութիւնը պահպանելու եւ Իսրայէլի նկատմամբ ճնշելու ուղղութեամբ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Պաապտայի, Այն Թինէի եւ վաչապետարանին մէջ տեսակցութիւններ ունեցան հարաւային զինադադարը դիտարկող ամերիկացի զօրավար Ճէսփըր Ճէֆըրզին եւ Պէյրութի մէջ յանձնախումբի նորանշանակ տնօրէն զօրավար Մայքըլ Լենիին հետ, որոնց հետ քննարկեցին զինադադարի գործադրութիւնը, առկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան ընթացքը: Նախագահ Աուն պահանջեց անմիջապէս աշխուժացնել դիտարկումի պարտականութիւնը ստանձնած յանձնախումբին գործունէութիւնը եւ ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի վերջ դրուի լիբանանեան հողի բռնագրաւումին: Անոր խօսքով, ամերիկացիներուն պէտք է շահագրգռէ Լիբանանի կայունութիւնը, ուստի պէտք է գործեն այդ ուղղութեամբ:
Անդրադառնալով իսրայէլեան շարունակական խախտումներուն եւ լիբանանեան ինքնազսպումին, Պըրրի պահանջեց, որ իսրայէլեան ուժերը անյապաղ հեռանան սահմանային բռնագրաւեալ բլուրներէն եւ վերջ տան լիբանանեան գերիշխանութեան ոտնձգութիւններուն, ամերիկեան կողմին առաջարկելով ճնշում բանեցնել Թել Աւիւի վրայ: Սալամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը սկսած է գործադրել վերակառուցումի ծրագիր մը, թէեւ Իսրայէլ կը շարունակէ հրահրել ապակայունութեան մթնոլորտ մը: Ճէսփըր իր կարգին շեշտեց, որ զինադադարը դիտարկող յանձնախումբը պիտի սկսի հերթական ժողովներ գումարել եւ ընդմիշտ հետեւիլ զարգացումներուն: