Մամուլի մէջ կամ համացանցային հարթակներու վրայ կարդացուեցաւ արդէն։ Անցեալ Մարտ 26-ին, Հալէպի մէջ, ուր ծնած, հասակ առած, ընտանիք կազմած, քահանայ ձեռնադրուած ու լման կէս դար հոգեւոր սպասաւորութեան նուիրուած էր, «ի Տէր ննջեց» Տ. Համազասպ աւ. քհնյ. Շաքարեան, բոլորելէ ետք իր ծննդեան 100֊ամեակը…։
Այո՛, ճի՛շդ հարիւր տարեկան էր ողբացեալ քահանան (ծնեալ 1925-ին), եւ այս հազուադէպ ու բացառիկ պարագան, աստուածատուր այս շնորհը, խօսիլ տուաւ ու դեռ ալ պիտի խօսեցնէ շատերը, իբրեւ եզակի երեւոյթ մը ո՛չ միայն հալէպահայոց ազգային կեանքի տարեգրութեան, այլեւ առհասարակ մարդկային ժամանակակից մեր ընկերութեան մէջ։
Հարի՜ւր տարի ապրիլ…։
Կուրծքիդ տակ ունենալ սիրտ մը, որ մէկ դար պիտի բաբախէ անդադար, տիւ ու գիշեր..։
Ականատես վկան դառնալ դարաշրջանը խորհրդանշող դէպքերու եւ դէմքերու…։
Բայց բոլորս ալ գիտենք, որ ծերութիւնը… ցանկալի չէ։ Ան իրեն հետ կը բերէ ֆիզիքական ու մտային ինչ-ինչ կաղացումներ, բարդութիւններ, մինչեւ իսկ տառապանքներ, որոնք դառնութիւններով կը լեցնեն մեր (եւ մեր անմիջական հարազատներուն) առօրեան։
Դարահասակ Տ. Համազասպը եւս, վստահաբար, ապրեցաւ այդ անխուսափելի դառնութիւնները` իր ազազուն մարմնով փորձելով դիմագրաւել երեւելի եւ աներեւոյթ բազմաբնոյթ տագնապներ, ցաւեր, հոգեվիճակներ։
Եւ սակայն, եթէ ծերութիւնը ցանկալի չէ, միւս կողմէ ալ պէտք չէ մտահան ընել այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, թէ երկար ապրելու ՄԻԱ՛Կ ուղին ծերանալն է։
Պիտի ծերանաս` որ երկար ապրած ըլլաս։ Այլընտրանք չկայ։
*
Թուականէս 14 տարի առաջ, 2011-ի Հոկտեմբերին, Բերիոյ Հայոց թեմին ու Զէյթունի հայրենակցական միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ, եկեղեցական ու աշխարհիկ զոյգ ձեռնարկներով նշուած էր Տ. Համազասպին քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը։ Այդ օր, հալէպահայ եկեղեցասէր հանրութիւնը գուրգուրանքով շրջապատեր էր բարի ու պարկեշտ այս յոբելեար քահանան եւ ուրախացուցեր էր զինք կրկնապէս, քանի որ լոյսին եկեր էր նաեւ իր կեանքն ու գործը պատմող 68 էջանի պատկերազարդ գրքոյկ մըն ալ։
Այդ սիրուն հրատարակութիւնը ափերուս մէջ է հիմա։ Կը կոչուի «Ոսկեայ ուղի»։ Յոբելեարը անձամբ մակագրեր է զայն իմ անունին, թելադրելով «արթուն ըլլալ, հաստատուն մնալ հաւատքին վրայ, քաջ ըլլալ, զօրանալ, ինչ որ ընել` սիրո՛վ ընել»։ Պարզունակ, բայց խորիմաստ խրատներ։
Ի՜նչ լաւ մտածուեր է օրին` պատրաստելով ու հրատարակութեան տալով այս գրքոյկը։ Անիկա համեստ կոթող մըն է հիմա Տէր Հօր թարմ շիրիմին վրայ, յիշատակի նշխար մը իրմէ, քանի կը հաւատամ, որ բանաւոր բոլո՛ր արտայայտութիւնները դատապարտուած են կորստեան, մինչդեռ ՏՊԱԳԻՐ ԽՕՍՔԸ մնայո’ւն է, գրեթէ անկորնչելի։
*
Կը սկսիմ թերթատել գրքոյկը։
Տ. Համազասպ ինքնակենսագրութիւն մը ունի այստեղ։ Կը պատմէ, թէ իր հայրն ու մայրը բնիկ զէյթունցիներ էին, Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած։ 3 տարի յաճախեր է Հալէպի Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանը, ուր ուսուցիչ ունեցեր է, ի շարս այլոց, պրն. Սիմոն Սիմոնեանը` որպէս հայոց պատմութեան դասատու։ Առիթով մը, ան ըսեր է իրեն. «Դուն ապագային հոգեւորական ըլլալու յատկութիւններ ունիս»։
Եզեկիէլ (Տէր Հօր աւազանի անունը) հմտացեր է կօշկակարութեան արհեստին մէջ։ Միաժամանակ ուսուցչագործեր է Կիրակնօրեայ Դպրոցներու յարկին տակ եւ դպրութիւն կատարեր է Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, ի տղայ տիոց։ Ամուսնացեր է 1957-ին, հետզհետէ բախտաւորուելով չորս զաւակներով (միակ մանչը Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեանն է, հօր հետեւողութեամբ քահանայ ձեռնադրուած 2004-ին։ Կը շարունակէ ծառայել Հալէպ)։
Ինչպէ՞ս ու ե՞րբ հնչեր է հոգեւոր կոչում ստանալու զանգը։ Ի՛նք է որ կը պատմէ.
֊ Կիրակի օր մը, ես եւ տիկինս յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցանք վեր. Յովհաննէս Գարճեանի ձեռնադրութեան (1960)։ Արարողութեան ընթացքին, երբ քանի մը վերապատուելիներ ձեռք դրին անոր գլխուն եւ զինք հոգեւոր հովիւ նշանակեցին Էմմանուէլ եկեղեցւոյ, ահա ճի՛շդ այն պահուն իմ ալ ներսիդիս ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Դուն ալ քո՛ւ եկեղեցիիդ հովիւ պիտի ըլլաս»…։
Եւ այդպէս` Եզեկիէլ Շաքարեան կը ձեռնադրուի քահանայ, 17 Սեպտեմբեր 1961-ին, Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ թեմակալ առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի, վերակոչուելով Տ. ՀԱՄԱԶԱՍՊ։
Հոգեւոր ծառայութիւնը պիտի շարունակուէր տասնամեակներու վրայ, ընդերկա՜ր։ Մի՛շտ Հալէպ եւ մի՛շտ Քառասուն Մանկանց տաճարի ծիրէն ներս։ Կրնանք ըսել, որ Տ. Համազասպ խորհրդանիշներէն մին պիտի դառնար այդ պատմական եկեղեցիին, պիտի ընդելուզուէր անոր հետ։
Հիմա, երբ վերջ գտած է այլեւս Տ. Համազասպին դարահասակ կեանքը եւ այն «ոսկեայ ուղի»-ն, որուն մէջէն քալեց ան հաւատքով, անտեսանելի կանթեղներ կը պլպլան անոր ուրուանկարին վերեւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ խնկաբոյր կամարներուն տակ…։