Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԷՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ «ԶԱՊԷԼ» ՎԷՊԸ

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

April 29, 2025
in Յօդուածներ
0
ՆԷՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ «ԶԱՊԷԼ» ՎԷՊԸ

 

 

Կրթական մշակ, դասախօս, գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Ազատուհի Սիմոնեան ստորեւ կը ներկայացնէ ամերիկահայ գրագիտուհի Նէնսի Գրիգորեանի (ծնեալ՝ 1960) «Զապէլ» վէպը: 237 էջերէ բաղկացած հատորը լոյս տեսած է անգլերէնով, 1997 թուականին, Նիւ Եորքի Grove Press հրատարակչատունէն:

Ան կը խօսի Զապէլ անունով հայուհիի մը ողբերգական կեանքի պատմութեան մասին՝ Օսմանական Թուրքիոյ մէջ մանկութենէն մինչեւ ԱՄՆ-ի Պոսթընի մէջ տատիկ դառնալը։ 1915 թուականին կոտորածէն մազապուրծ ազատած ու Սթամպուլի որբանոցը յայտնուած Զապէլ կ’որդեգրուի հարուստ հայ ընտանիք մը կողմէ, որոնք կ’ամուսնացնեն զինք ու կը բերեն Ամերիկա։ Պատմութիւնը կը շարունակուի նոր երկրին մէջ՝ բռնակալ կեսուրի, ամերիկանացուած մտայնութեամբ երեխաներու եւ գաղտնի սիրած տղամարդուն հետ ունեցած հետաքրքրաշարժ անակնկալներով:

Տիկին Սիմոնեան, սոյն աշխատասիրութեան մէջ, հանգամանօրէն կը պատմէ վէպին գլխաւոր հերոսներուն եւ անցուդարձերուն մասին, որոնք համահունչ են ապրիլեան 110-ամեակի ոգեկոչումներու մթնոլորտին հետ:

«Ա.»

 

 

 

 

Նէնսի Գրիգորեանի վէպին՝ «Զապէլ»ին գլխաւոր հերոսուհին՝ Զապէլ, Պոլիսէն Ուոթըրթաուն եկած էր իր կեսրոջ Վարդանուշի ընկերակցութեամբ եւ ամուսնացած՝ Թորոս Ջաղացպանեանի հետ։ Ան դարձած էր մայր երկու որդիներու՝ Մովսէսի եւ Ճէքի, եւ աղջկայ մը՝ Ճոյի։ Ան առաջին օրէն կ’ապրէր կեսուր մօր տիրապետութեան տակ, որ կը յատկանշուէր անգթութեամբ։ Այս երեւոյթը Արեւմտահայաստանի կենցաղային բարքերուն մաս կը կազմէր։ Կեսուր մօր անխիղճ կեցուածքին դէմ պայքարելով ան յաջողեցաւ կերպով մը իր առօրեան ապրիլ։ Առաջին հարուածը եղաւ կեսրոջ արգելքը իր՝ անգլերէնի դասընթացքներուն հետեւելու ծրագրին։ Մեծ էր իր յուսախաբութիւնը, երբ իրեն պարտադրուեցաւ հրաժարիլ անգլերէնի դասերէն։ Ամուսինը Թորոս կը հպատակէր իր մօր կամքին եւ կ’ոտնակոխէր իր կնոջ իրաւունքները։ Զապէլ դժկամութեամբ հպատակեցաւ իրեն պարտադրուած սահմանափակումներուն։ Ան ինքնաշխատութեամբ սկսաւ իր տետրակին մէջ գրել բառեր եւ նախադասութիւններ։
Թերթի ծանուցումները կը կարդար եւ դեղագիրներու ու տուփեղէններու վրայ գրուած բառերը կ’ընդօրինակէր։ Այդ ձեւով ան ընտելացաւ լեզուին բաւարար ձեւով եւ կրցաւ օգտագործել զայն իր առօրեայ կեանքին մէջ։
Զապէլի ծննդեան բուն թուականը կարելի չէր ճշդել։ 75 թէ 76 էր, երբ եկեղեցւոյ տիկինները ընտանիքին հետ գործակցաբար ուզեցին անակնկալ մը ընել Զապէլին տարեդարձին առիթով։ Ատկէ ետք աւելի նշմարելի կը դառնային Զապէլի մտային շփոթն ու խանգարումները։ Ճոյը, որ իր մօր քայլերուն կը հետեւէր, կը նկատէր բաներ, ինչպէս՝ հացամանին մէջ մօր դրամապանակը, գուլպան քացախի շիշին մէջ, կարագի կտոր մը դեղերու տուփին  մէջ։ Արսինէ իր ընկերուհին էր ծննդավայր Հաճընէն եւ միասին անապատները գտնուած։ Ան եւս Եկած էր իր քաղաքը՝ Ուոթըրթաուն, եւ վերանորոգած իր բարեկամութիւնը։ Արսինէի հետ հեռաձայնով խօսած ատեն կը շշնջայ «կու գան կու գան», ովքե՞ր կը հարցնէ Արսինէ. «Թուրքերը, հիմա մեզ պիտի սպաննեն»։ «Ուոթըրթաունի մէջ թուրքեր չկան, կան յոյներ, իտալացիներ, իրլանտացիներ, ֆրանսացիներ, բայց ոչ թուրքեր։ Զապէլ, վերջ տուր այս խենթութիւններուդ,- կ’ըսէ Արսինէ,- այլապէս քեզ Արարատ ծերանոց կը տանին»: «Ոչ, ոչ», կը յարէ Զապէլ։ «Ուրեմն մոռցիր թուրքերը»։ «Ես գիշերները ձայներ կը լսեմ», կ’ըսէ Զապէլ։ «Կը յիշես այն մայրը, որ իր զաւակը գետը նետեց եւ ետեւէն ինք նետուեցաւ»։ «Ցաւալի է, այո՛, սակայն դուն պիտի խենթենաս այսպիսի բաներ խօսելով»։ Անոր մտքին առջեւէն կ’անցնէին դէմքերը մօր, հօր, եղբօր, մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն, հօրեղբայրերուն ու հօրաքոյրերուն։ Առաւօտուն արթննալուն պէս այդ գէշ երազները իր մտքէն ջնջելու համար կը սկսէր մտածել երկինքի մասին, ծաղիկներով արահետներու մասին։ Յիսուսի հետ կը խօսէր Զապէլ։ Ան կը քաջալերէր զինք թէ բազմաթիւ բնակարաններ ունի երկինքը եւ ինչ գոյն կը նախընտրէր։ Անշուշտ կապոյտ գոյնը կը նախասիրէր Զապէլ։
Ճոյ աշխատանքէն տուն վերադարձած ըլլալով յանկարծ կ’անդրադառնայ, թէ մայրը չկայ։ Թոռնուհի Էլիզապէթին կը հարցնէ, ան ալ տեղեակ չէ։ Իսկոյն տունէն դուրս կ’ելլեն զինք փնտռելու համար։ Չեն յաջողիր։ Կ’որոշեն տան մէջ փնտռել կրկին անգամ, Ճոյ դէպի գետնայարկը, իսկ Էլիզապէթ՝ դէպի վեր ննջարանները։ Էլիզապէթ բաղնիքի քովի պահարանէն խեղդուած երգի ձայն մը կը լսէ։ «Մեծ մամա, ո՞ւր ես», կը ձայնէ։ Դժուարութեամբ պահարանը կը բանայ, ուր նստած էր Զապէլ իր ճամբորդական պայուսակին վրայ։ Ինչո՞ւ հոն պահուըտած էր, հաւանաբար վախնալով որ զինք «Արարատ Հոմ» կը տանին։ Շաբաթ մը ետք ցաւերու մէջ հիւանդանոց կը փոխադրեն Զապէլ։ Չէր կրնար խօսիլ ու հազիւ շշնջալով «Թորոս» եւ «Մովսէս» կ’արտասանէ։ Ճոյ կ’ըսէ, որ Մովսէս յաջորդ օդանաւին վրայ պիտի ըլլայ Գալիֆորնիայէն։ «Երկինք», կ’ըսէ Զապէլ։ Իրաւ ալ արդէն մեկնած էր աշխարհէն, երբ Մովսէս կը հասնի Ուոթըրթաուն։ Տուն հասնելուն պէս, որպէս մահախօսականը ընելու պատրաստ զաւակ, Մովսէս կը հարցնէ եղբօր եւ քրոջ, թէ ինչ ունին ըսելիք իրենց մօր մասին։ Թէ ինչ ձեւով կը յատկանշուէր մօր նկարագիրը։ Անոնք չեն կրնար բան մը ըսել։ Ճոյ ի վերջոյ կ’ըսէ, թէ շատ լաւ խաղողի տերեւ կը փաթթէր եւ եկեղեցւոյ շրջանակը կը գնահատէր իր այդ խոհանոցային վարպետութիւնը։ Մովսէս գոհ չէր այս պատասխանէն։ Սակայն ի՞նչ պէտք ունէր անոնց հարցնելու, իր ալ մայրն էր եւ ինք պէտք էր գիտնար զինք դաստիարակած մօր մասին։ Ինք այնքան օտարացած էր իր ընտանիքէն, որ չէր կրցած իր ծնողները ճանչնալ իրենց յատկութիւններով։ Անոնք լաւ քրիստոնեաներ էին եւ ազգասէր հայեր, մանաւանդ մայրը։
Անապատին մէջ Զապէլի կեանքը չափազանց դժուար էր։ Անօթութեան մատնուած էին, եթէ մայրիկը չծախէր իր գոհարեղէններն ու ունեցած դանակներն ու դգալները եւ կաթսաները։ Միայն կը մնար Զապէլի ուսէն կախուած մետաղեայ գաւաթը, որ կ’օգտագործուէր թէ՛ ջուրի եւ թէ՛ ուրիշ սնունդի վերաբերեալ մթերքներու համար։ Մօր մահէն ետք կային պահեր երբ Զապէլ, Սարգիս եւ Արսինէ պարտաւոր էին ուտել այնպիսի բաներ, որ ահաւոր էր պատկերացնել, օրինակ՝ գարին ձիերու կղկղանքին մէջ։ Արսինէ կը պարտադրէր նաեւ ուտել ճարպի կտոր մը, որ պատճառ դարձաւ յաջորդ օրն իսկ երեքին ալ հիւանդանալուն։ Ատկէ ետք բաղդաւոր եղան, որ քիւրտ կին մը կէս հացի կտոր մը տուաւ եւ ուրիշ մըն ալ քիչ մը ցաւար, որ մետաղէ գաւաթին մէջ թրջեցին։ Օրին մէկը մեռած ուղտ մը գտան, որուն վրայ միջատները եւ ճանճերը բոյն դրած էին։ Ծախեցին զայն եւ բաւարար գումար ունեցան քանի մը օրուան ուտելիք ապահովելու համար։ Հայ կին մը սաժ մը սարքած հաց կը թխէր։ Յանկարծ թուրք զինեալ մը կու գայ, կը յարձակի կնոջ վրայ, կը խլէ այդ սաժը ու կ’անհետանայ։ Կինը չի կրնար արգիլել այդ անխիղճ զինուորին որ գրաւէ իր գործիքը, որով իր ապրուստը կը հոգար։ Արսինէ, վրէժով լեցուած, յաջորդ օր երբ կը տեսնէ անգութ թուրքը, կը յարձակի վրան եւ աղուոր ծեծ մը կը քաշէ, իրեն կը միանան Զապէլն ու Սարգիսը։ Շատ լաւ կը զգան երեքն ալ հայ կնոջ հանդէպ արդարութիւն ընելնուն համար։
Թրքական իշխանութիւնները որոշում կայացուցած էին հայ որբերը Իսթանպուլ փոխադրել եւ որբանոցներ տեղաւորել զանոնք։ Թրքացումի տանող քայլ էր այս, անոնց պիտի տրուէին թրքական անուններ։ Զապէլ կը կոչուէր Նարիման եւ Արսինէն՝ Էլիֆ։ Արսինէ գոհ չէր այս փոփոխութենէն, ան չէր ուզեր թուրք անունով կոչուիլ։ Ուզեց միջոցը գտնել եւ Մերսին քաղաք փոխադրուիլ, ուր իր հօրեղբայրը շատ հաւանաբար կը գտնուէր։ Մինչ այդ Զապէլ առաւօտուն դպրոց կ’երթար, թրքերէն կը սորվէր ու թրքական հայրենասիրական երգեր։ Կէսօրէ ետք դպրոցի շրջակայքի մաքրութեան ծանր գործին իր մասնակցութիւնը կը բերէր։ Հոս պիտի մնար մինչեւ թուրք ընտանիք մը որդեգրէր զինք որպէս սպասուհի։ Ազիզ ընտանիքը ժամանակ մը ետք Զապէլը կ’որդեգրէ ու ան կը հեռանայ թրքական որբանոցի հեղձուցիչ մթնոլորտէն։
Անգլերէնի ուսուցման ընթացքին ձախողութենէն ետք մեծ յաջողութիւն էր Զապէլի համար աշխատանքի սկսիլը Օհաննէսեաններու շապիկի գործին մէջ։ Մեծ խանդավառութեամբ կ’երթար գործի ամէն առաւօտ։ Շուտով սկսաւ վայելել գործատիրոջ բարձր արժեւորումը։ Գործատան լաւագոյն պաշտօնեան դարձաւ։ Այդ միջոցին յղիացաւ եւ գաղտնի պահեց ամուսինէն եւ կեսուրէն որպէսզի անոնք արգելք չըլլային իր գործի երթալուն։ Յղութեան պատճառած բոլոր դժուարութիւններուն ինքզինք յարմարեցուց եւ տոկաց ամէն անակնկալի։ Շարունակեց աշխատիլ
մինչեւ ծննդաբերութեան ամենամօտ թուականը։ Զաւակներու ծնունդով եւ անոնց հոգատարութեան համար տրամադրած ժամանակով իրեն համար կարելի պիտի չըլլար աշխատանքի կեանքը շարունակել։ Ինք մեծապէս բաւարարուած էր այդ հազիւ տարի մը տեւած աշխատանքով։
Մովսէս Մուտի Սուրբ Գրոց Գոլէճը ընդունուեցաւ որպէս ուսանող։ Ծնողքը կ’ուղարկէր իր գրպանի ծախսը։ Ան հեռաձայնային խօսակցութեան մը մէջ կը յայտնէ, որ Յիսուս երազի մը մէջ յայտնած էր իրեն, որ քիթը գործողութիւն ընէ։ Մայրը կը զարմանայ որ ինչպէս Յիսուս իր ստեղծած քիթը կ’ուզէ փոխել։ Երկրորդ բանը որ Յիսուս կ’ուզէ՝ այն ալ իր մականունը փոխելն է Չարլզի։ Իր ընտանիքէն դուրս մականուն մը։ Հաւանաբար աւելի լաւ համարկուելու օտար իր միջավայրին հետ։ Այս հեռաձայնները կը նախատեսէին Մովսէսի ապագայ քայլերը հայ միջավայրէն հեռու օտար շրջանակներու հետ ներդաշնակուած։
Մովսէս առաջին ամառնային արձակուրդին երբ տուն եկաւ, Զապէլին կը թուէր որ ան օտարական մըն էր։ Երբեք ջերմութիւն չունէր մօր հանդէպ։ Կարծես մօր ամէն մէկ շարժումը քննադատութեամբ կը դիտէր։ Նոյնիսկ ջուր խմելու ձեւը անախորժ կը թուէր իրեն։ Այդ վերջին արձակուրդն էր որ Մովսէս կու գար մնալու իր ծնողաց տունը։ Հեռաձայնով խօսած ատեն ալ  քաղաքավարական պարզ խօսակցութիւն մը տեղի կ’ունենար մայր ու որդւոյն միջեւ։ Զապէլ ինքզինքը լքուած կը զգար։ Մովսէսի բացակայութեան անոր կարօտը ցաւ կը պատճառէր մօրը։ Ճէքի պարագային, ան երկրորդականի դասարանները բարձրանալէն ետք չափազանց լուռ էր։ Թէեւ Ճէք երբեք շատ խօսող մը չէր եղած։ Հօրը հետ միշտ խնդիր ունէր ու Թորոս զինք կը պախարակէր՝ անուանարկելով զինք։ Հօր խանութի իր գործին մէջ շատ մոռացկոտ էր եւ սխալ պատուէրներ կը կատարէր։ Հայրը կը կարծէր որ դպրոց երթալը անիմաստ է քանի ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունէր դասերու նկատմամբ։ Զապէլի պնդումներուն վրայ Թորոս կ’ընդունի որ Ճէք աւարտէ երկրորդական վարժարանը եւ անկէ ետք ամբողջովին նետուի ընտանիքի գործին մէջ։ Հօր նպատակն էր հայ աղջկայ մը ծանօթացնել Ճէքը. կը ցանկար որ գոնէ այս զաւակը հայու հետ ամուսնանար։
Ճէք կէս գիշերին տուն կու գայ ու կը գտնէ մայրը արթուն։ Կը զարմանայ։ Կ’ըսէ՝ «հայրդ տեսաւ որ Տէնիյի ինինքնաշարժին մէջն էիր։ Լաւ, Մարալ թող չըլլայ, եկեղեցիէն թող ըլլայ՝ ինչպէս Սոֆիա Կահիկեան որ գեղեցիկ է»։ «Շատ լաւ» կ’ըսէ մօրը, բայց  Զապէլ գիտէր որ ան օտարի մը հետ պիտի ամուսնանար։ Մայրը կը պատուիրէ Ճէքին տան աստիճանները օգտագործել եւ ոչ երբեք ցատկիլ տան պատուհաններէն։ Կրնար վիզը կոտրել։
Թորոս հրաւիրած էր Մարալ Գալաճեանը իր ընտանիքով, որ ծանօթանայ Ճէքին։ Իսկ Ճէք՝ փախուստ տուած էր տունէն չհանդիպելու համար Մարալին։ Շատ մեծ նուաստացում էր այս եղածը երիտասարդուհիին համար։ Անոնց մեկնումէն ետք Թորոս եւ Զապէլ կը նստին վերլուծելու համար եղած անախորժ դէպքը։ Զապէլ կը ջանայ բացատրել, որ ամերիկեան բարքեր են ասոնք եւ թէ հին երկրի օրէնքները ի զօրու չեն այլեւս։ «Այս երկրին մէջ երիտասարդները իրենք պիտի ընտրեն իրենց ապագայ կիները։ Միասին  դուրս պիտի ելլեն, երթան քաղաք եւ համպըրկըր մը ուտեն, առանձին շրջագային, զիրար լաւ ճանչնան»։
Թորոս կ’ըսէ. «Ես յարգալից էի մեծերու հանդէպ եւ կը հնազանդէի իրենց կամքին»։ Զապէլ կ’աւելցնէ՝ «ես քեզ տեսած չէի երբ ամուսնացայ։ Թորոս, 1950-ականներն են եւ Ամերիկայի մէջ ենք։ Պէտք չէ ճնշես Ճէքին վրայ, կրնանք կորսնցնել զինք»։ Թորոս Զապէլը կը մեղադրէ Ճէքը քաջալերելու մէջ։ Զապէլ կ’ըսէ. «Դուն այս ընթացքով զինք չես կրնար  խորտակել, միայն կրնաս հեռացնել տունէն։ Զգոյշ պէտք է ըլլաս»։
Արսինէ, Զապէլի մտերիմ բարեկամուհին, օրին մէկը կը համոզէ Զապէլը, որ Ռուբէն Մամուրեանի ֆիլմին երթան Պոստոն։ Զապէլ դժուարութեամբ կը համակերպի։ Զապէլ շատ պահպանողական էր եւ մօտ իր կեսրոջ մտայնութեան։ Սինեմայի պաստառին վրայ կը պարէին գերզարդարուն կիսամերկ կիներ եւ չափազանց նիհար այրեր պաշտօնական «թակսիտօ» հագուած։ Զապէլ կը մրմնջէր՝ «չար, չար, վատ ապրելակերպ»: Արսինէ կը բարկանայ թէ ինչպէս Զապէլ իր կեսրոջ մտայնութիւնը որդեգրած է։ Հետզհետէ պիտի նմանի անոր եւ քարացած դէմքով զինք պիտի թաղեն իր սիրած պարտէզին մէջ։ Ուրիշ տեսարան մըն էր երբ մայրը իր աղջիկը ամուսինին հետ միասին կը նետէր կատակերգակ թատրոնին մէջ։ Աղջիկը բեմին վրայ կը պարէր իր ներքնազգեստով։ Մայրն ու աղջիկը դրամի պէտք ունէին։ Արդեօք աղջկան հարուստ ընկերը պիտի օգնէ՞ իրեն, թէ՞ ձգէ իր ճակատագրին։ Այս երեւոյթին դիմաց նոյնիսկ Արսինէն յուզուած էր։ Յանկարծ քանի մը շարք առաջ նստած սպիտակամորթ մարդ մը կը սկսի աչքով նշաններ ընել։ Արսինէ՝ տարուած ֆիլմով, չէր նշմարեր։ Զապէլ ուզեց բաներ մը փսփսալ Արսինէին, կ’ըսէ՝ մարդը. ու մարդը յանկարծ կը ցատքէ ու կու գայ նստիլ Զապէլի քով։ Ասոր վրայ դուրս կը փախչին երկու ընկերուհիները։ Մարդը կը հետապնդէ զիրենք, կը վազեն եւ յանկարծ կը նետուին հանրակառքի մը մէջ որ կը սուրայ։ Կ’ազատուին վտանգէն։ Խիզախ քայլ մըն էր այս, Արսինէի դրդումով իրականացած։
Զապէլին ամուսինը զատկուայ առիթով իր մօտիկ բարեկամին Պօղոս Պօղոսեանի տունը պիտի անցընէր Ուսթըրի մէջ։ Երկար ճամբորդութիւն ըլլալուն համար քանի մը օր հոն պիտի մնային։ Ժամանումէն եւ ծանօթացումէն ետք, երբ Զապէլ կը տեսնէ ծանօթ դէմք մը՝ Մովսէս Պոճախանեան, յանկարծ կ’իյնայ գետին։ Իր մանչը՝ Մովսէս, կը հարցնէ՝ «ի՞նչ ունիս մամա, լա՞ւ ես»: «Այո» կ’ըսէ։  Կեսուրը կը մտահոգուի որ արդեօք կրկին յղի է։ Անշուշտ ոչ։ Մովսէս շապկատան մէջ աշխատած օրերուն Զապէլի նախասիրած երիտասարդն էր։ Անոնք անմեղ սիրով մը կապուած էին իրարու եւ դժուար բաժանում մը ունեցած իրարմէ։ Զապէլ իր առաջին զաւակը «Մովսէս» կոչած էր այս երիտասարդին անունով։ Մովսէս ամուսնացած էր Անահիտի հետ, որ խոշոր քիթ մը ունէր, թէեւ գեղեցիկ էին իր աչքերը։ Ընթրիքի ընթացքին Մովսէս Զապէլը կը դիտէր մնայուն կերպով։ Ընթրիքի աւարտին ննջարան կ’ելլեն եւ այնպէս կը ստացուի որ Մովսէսի ննջասենեակի քովն էր Զապէլին եւ զաւակներուն ննջարանը։ Զապէլ փոքրիկները քնացնելէ ետք վար կ’իջնէ փոքրիկն Մովսէսը քնացնելու, կը տեսնէ որ Մովսէս Պոճախանեանը խոհանոցն է, գլուխը ձեռքերուն մէջ։ Կը խօսակցին իրար հետ, Մովսէս կը բացատրէ թէ ինչպէս իր յուսացած պղինձի գործարանը կը ձախողի եւ ստիպուած Պօղոսեաններուն մօտ կարճ ժամկէտով կ’աշխատի։ Յետոյ երբ գործերը կը լաւանան ամբողջովին կ’ընդգրկուի գործին մէջ։ «Անահիտին ամուսին պէտք էր, ինծի ալ՝ կին, եւ ամուսնացանք», կ’ըսէ։ Իսկոյն կը հանէ մարգարիտէ կոճակներէն մէկը որ Օհաննէսեաններուն խանութէն առած էր վերջին օրը եւ կը դնէ Զապէլի ափին մէջ։ Կը համբուրուին իրար հետ։ Մովսէս կ’ըսէ Աստուած կը ներէ այս ակտը։ Յանկարծ կը լսեն ձայնը տիկնոջ, որ կը կանչէր. «Մովսէս պիտի չգա՞ս քնանալու»։ Անմիջապէս կը բարձրանան վերեւ։ Այս վերջին անգամն է որ Զապէլ եւ Մովսէս կը տեսնուին իրար հետ։ Ան կանխահաս մահ կ’ունենայ սրտի տագնապով։ Հեղինակը կը ստեղծէ այս սիրոյ անմեղ պատմութիւնը՝ օժտելու Զապէլը սիրոյ փորձառութեամբ, բան մը՝ որ չէր ապրած իր աւանդական ամուսնութեան պարագային։ Ան նետուած էր ամուսնական կեանքին մէջ որպէս որբուհի, զրկուած ըլլալով անձնական ծանօթութեամբ սիրոյ թրթիռներով ապրելու ցանկութենէն։
Երկար չ’ըլլար Թորոս Ջաղացպանեանի կեանքի թելը։ Ան ներկայ կ’ըլլայ իր զաւկին՝ Մովսէս Չարլզի քարոզին, որ 2000-ի շուրջ հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի կ’ունենար։ Սիրտը կ’ուռի ուրախութեամբ։ Երկու օր ետք լուռ ու մունջ կը մեկնի աշխարհէն։ Գլխաւոր մահախօսական ընողը իր նշանաւոր աւետարանիչ զաւակը պիտի ըլլար անկասկած։ Հայազգի յուղարկաւորներու տպաւորութիւնը այնպէս էր, որ օտարացած զաւակը չէր կրցած ջերմ խօսք մը արտասանել իր հօր մասին, որ երկու եկեղեցի շինած էր, առաջինը՝ առաքելական, երկրորդը՝ աւետարանական։ Թորոս շատ աւելի հոգեւոր արեւելում ունէր, իսկ Զապէլ՝ ազգային պատկանելիութեան զգացողութիւն։ Ճոյ երբեք չամուսնացաւ, մեծ ցաւ պատճառելով իր մօրը։ Ան դարձաւ սիրազեղ հօրաքոյր իր եղբօր Ճէքի դուստրերուն։ Ուրախալի երեւոյթ էր Չարլզի երկրորդ զաւկին Փիթըրին հետաքրքրութիւնը հայերէն սորվելու եւ իր մեծ մօր Զապէլի հետ մօտիկ յարաբերութիւնն ու սէրը։
Մուտի կոչուող Սուրբ Գիրքի Գոլէճը աւարտելով Մովսէս փոխադրուած էր Գալիֆորնիա եւ դարձած աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւի օգնական։ Այդ ընթացքին ամուսնացած էր օտար հովիւի աղջկան հետ, առանց ծնողաց լուրին։ Ամուսնութենէն ժամանակ մը ետք քանի մը նկար ղրկած էր ընտանիքին։ Զապէլի երազն էր ներկայ գտնուիլ Մովսէսի պսակադրութեան, որուն համար պատրաստած էր շատ գեղեցիկ կապոյտ հագուստ մը։ Մովսէս իր հօրենական մականունը փոխած ըլլալով Չարլզի, ուզած էր հեռու մնալ հայ շրջանակներէն եւ օտարացած՝ հայ արմատներէն։ Հօրը Թորոսին համար բաւարար էր որ իր զաւակը բարձր դիրք կը գրաւէր եկեղեցական շրջանակներուն մէջ եւ իր քարոզները մտիկ կ’ընէին հազարաւոր մարդիկ։ Ինչ փոյթ, թէ ան կ’անտեսէր զինք ծնող եւ դաստիարակող մայրն ու հայրը։
Զապէլի կրտսեր տղան՝ Ճէքը պատանեկան չարագործութիւններու տուած էր ինքզինք։ Իրենց վաճառատան ներքնամասը գտնուող անկիւնին մէջ ծուարած, գիշերները ուշ ժամերուն կը ծխէին, կը խմէին եւ թուղթ կը խաղային։ Գանձարանէն ալ դրամ կը պակսէր։ Զապէլ, առաջքը առնելու համար այս վատ վարք ու բարքին, ամուսինին հետ կը խորհրդակցի, որ Ճէք դառնայ ընկեր վաճառատան։ Ամուսինը կը համաձայնի եւ կը պատրաստէ պաստառ մը որ կը կարդար՝ «Թորոս Ջաղացպանեան եւ Որդի»։ Այս կարգադրութիւնը շատ քաջալերական էր Ճէքի համար, որ նուիրուեցաւ վաճառատան աշխատանքներուն։ Ճէք եւս օտար ամուսնութեան հետամուտ եղաւ։ Ինչ որ ըրին ծնողները չկրցան ետ կեցնել իր մտադրութենէն։ Հարսանիքը Հելենի հետ շատ ցաւալի էր Զապէլի եւ Թորոսի համար, քանի որ ընտանիքը՝ Ֆօսթըրները գինեմոլ եւ անպատկառ մարդիկ էին։ Ինչպէս կարելի էր անոնց հետ համակերպիլ։ Ջաղացպանեանները արգիլած էին հարսանեկան ընդունելութեան խմիչքի սպասարկութիւնը, Հելենի ընտանիքին անդամները սկսած էին արդէն խմել իրենց բաժինը։ Հելենի հայրը առաջին կենացը կը խմէ նորապսակներուն։ Իր փողկապին ետեւի մասը ցոյց կու տայ ներկաներուն փափաքով եւ որ կը պարզէր մերկ կնոջ մը նկարը, որ ներկաներու մեծ բացագանչումներու տարափով կը դիմաւորուէր։ Թորոս եւ Զապէլ շատ կը խանգարուին եւ կը յուսախաբուին։ Ասոր վրայ կը հասնի Հէլէնի քրոջ Պօպոյի պարսաւանքը Զապէլի նկատմամբ։ Ան կը դատապարտէր Զապէլը, որ ինքզինք աւելի բարձր կը նկատէր քան իր կրտսեր քոյրը։ Թէ ինք կրնայ վնասել իրենց եթէ որեւէ ձեւով նեղացնեն Հելենը։ Միակ մխիթարութիւնը այս բոլորին մէջ Հելենն էր, որ եկաւ Զապէլին մօտ եւ անոր օրհնանքը առաւ, իսկ իր կարգին Զապէլ անոր գեղեցիկ հարս մը ըլլալը յայտարարեց։ Հելենն ալ տիկին Ջաղացպանեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց։ Զապէլ ըսաւ ինծի «մայրիկ կանչէ», ինչ որ Հելեն մեծ ուրախութեամբ արտասանեց։
Հարսանիքէն վերադարձին ինքնաշարժին մէջ երբ կը վերլուծէին եղած դրուագները, Թորոս վիրաւորական խօսքերով կը դիմէր Զապէլին, որ սկսաւ արտասուել։ Ան յայտնեց իր յուսախաբութիւնը ամուսինէն, որ իր հետ չի վերաբերիր այնպիսի յարգանքով, որ իր օրին կը վերաբերէր իր մօր հետ։ Մովսէս, որուն համար իր կեանքը զոհաբերած էր, կ’անտեսէր իր գոյութիւնը, իսկ Ճէքը նուազագոյնը կու տար իրեն որպէս զաւակ։ Միայն Ճոյն է ամենաերախտագէտ զաւակը եւ դուստրը։ Նոր աշխարհակարգն է այս յուսախաբութիւններուն տուն տուող պատճառը, նոր ընկերային պայմանները, փոխուող չափանիշերը։

Զապէլ իր կեանքի վերջաւորութեան կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը եւ վերադարձաւ անապատի իր փորձառութիւններուն, անօթութեան, բռնութեան եւ հալածանքի տխուր յուշերուն։
«Զապէլ» սրտառուչ պատմութիւնն է ցեղասպանութենէն վերապրած որբուհիի մը, որուն բովանդակ կեանքը վերյիշումն էր իր ապրած ողբերգական տարիներուն։ Թէեւ յետամուսնական իր կեանքը աւելի բարօր էր քան անապատի իր տառապանքը, այդ օրերու իր ապրած փորձառութիւնները իրենց աւերները գործեցին յաջորդ սերունդի հոգեվիճակին վրայ տարիներ ամբողջ։ Հակառակ այդ քայքայիչ ազդեցութիւններուն, տարագիր հայեր նոր կեանքով ընձիւղեցան եւ շարունակեցին իրենց կենսունակ ու ստեղծագործ կեանքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ։
Նէնսի Գրիգորեան թոռնուհին է մեծմօր, որուն ամբողջ ընտանիքը ջարդուած է, բացի իր եղբօրմէն, որուն հետ կը հաստատուին Պոստըն, Միացեալ Նահանգներ։ Նէնսի ծնած է Ուոթերթաուն Մէսէչուսէց, 1960 թուականին։
Հայրը մսավաճառ է, իսկ մայրը՝ մանկանց խնամատար մանկամսուրի մէջ։ Հեղինակ է 4 վէպերու: «Զապէլ»-ը 7 լեզուներու թարգմանուած է։ Հօրենական կողմէ հայ է Նէնսին, իսկ մօրենական կողմէ՝ ֆրանսացի-գանատացի։ Նէնսիի պատանեկան շրջանին իր ապրած թաղամասի բնակիչներուն կէսը հայեր էին, եկեղեցին որ կը յաճախէր՝ ամբողջութեամբ հայեր էին, իսկ իր դպրոցական բարեկամներուն մէկ երրորդը հայեր էին։ Նէնսի կ’ըմբոստանայ այս երեւոյթին դէմ եւ կը խորհի որ Գոլէճ երթալով բոլորովին պիտի ձերբազատուի հայկական միջավայրէն։ Ան չէր գիտեր որ իր հայկական արմատները զինք պիտի հետապնդէին եւ իր երեւակայութիւնը իր վերջնական հանգրուանը պիտի գտնէր հայ իրականութեան մէջ։ Նէնսի նաեւ բանաստեղծ է. ունի «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը եւ այլ բանաստեղծական հատորներ։ Ան կ’ափսոսայ որ հայեր շատ տխուր պատմութիւն մը ունին։ Անոնք լացած են տարբեր տարեթիւերու ընթացքին 1895, 1915, 1920-1923: Նէնսի 1982-ին կ’աւարտէ Dartmouth Գոլէճը, որմէ ետք Գոլոմպիա համալսարանէն շրջանաւարտ կ’ըլլայ՝ ստանալով MA in Fine Arts: Դասաւանդած է Yale, Queens College, Rutgers եւ Columbia համալսարաններուն մէջ։ Ան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ ֆեմինիստական եւ մարդկային իրաւանց հետ առնչուող խնդիրներուն։ Կ’ապրի Նիւ Եորք, ամուսնացած է եւ ունի երկու աղջիկ։

 

 

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՎԻՃԱԿԸ… «ՓԵՐԻՇԱ՞Ն»

Next Post

 ԴԱՐԱՀԱՍԱ՜Կ ԴԱՌՆԱԼ… (Հալէպաբնակ Տ. Համազասպ աւ. քհնյ. Շաքարեանի վախճանման քառասունքին առիթով)

Next Post
 ԴԱՐԱՀԱՍԱ՜Կ ԴԱՌՆԱԼ…  (Հալէպաբնակ Տ. Համազասպ աւ. քհնյ. Շաքարեանի վախճանման քառասունքին առիթով)

 ԴԱՐԱՀԱՍԱ՜Կ ԴԱՌՆԱԼ... (Հալէպաբնակ Տ. Համազասպ աւ. քհնյ. Շաքարեանի վախճանման քառասունքին առիթով)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.