Հայերէնը գիտե՛մ, թշուառ, խեղճ, ողորմելի, բայց «փերիշան»ին խայծն ու համը չի՛ տար:
Երկրագունդի վրայ թշուառ, ողորմելի եւ խեղճ վիճակ մը կայ այսօր:
Ինչպէս 1930-ական թուականներուն, հիմա ալ, թնճուկային բաւական բարդ կացութիւն մը ստեղծուած է: Այդ օրերու անել վիճակին ելք չէր մնացած, ուստի մարդկութիւնը գնաց երկրորդ համաշխարհային պատերազմի:
Արդեօ՞ք երրորդ, բայց ՎԵՐՋԻ՛Ն պատերազմի մը դռներուն առջեւ ենք այսօր:
Կուտակուած զինամթերքները երկրագունդը կրնան քանդել տասնեակ-տասնեակ անգամներ: Նոյնիսկ եթէ զէնքերուն միայն մէկ մասը գործածուի՝ ոչինչ կը մնայ այս աշխարհէն, հետեւաբար ալ կ’ըլլայ ՎԵՐՋԻ՛ՆԸ, յաւիտեանս-յաւիտենից:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները 1929-1930 թուականներուն ունեցաւ իր նշանաւոր GREAT DEPRESSION-ը: Հազարաւոր քաղաքացիներ, չդիմանալով անգործութեան եւ թշուառութեան, անձնասպանութեան դիմեցին:
Նոյն ժամանակաշրջանին, անկէ քիչ մըն ալ աւելի առաջ, Գերմանիոյ իրավիճակը աներեւակայելի կերպով վա՛տ եւ անտանելի էր: Մէկ հատիկ հաւկիթ մը գնելու համար ստիպուած էին խոշոր պարկով (այո՛, մե՜ծ պարկով) դրամ տալու: Դրամանիշը այնքան արժէզրկուած էր, որ ցուրտէն պաշտպանուելու, տաքնալու համար, փայտի փոխարէն թղթադրամ կը վառէին: Փայտը աւելի արժէքաւոր դարձած էր քան անոր համար տրուելիք գումարը: Անհանդուրժելի դարձած էր ամէն ինչ: Պէտք էր կացութիւնը հիմնականապէս փոխուէր: Հերթափոխութիւնը՝ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ՛:
Այդ բոլորը «ծնունդ» տուին Հիթլերի մը, որ աշխարհը տարաւ պահանջուած յեղաշրջումին: Կործանում բառը գիտակցօրէն չօգտագործեցի, որովհետեւ հիմնականին մէջ ուզուածը կացութեան փոփոխութիւնն էր, ինչ որ կարելի եղաւ միայն պատերազմի միջոցաւ եւ հետեւաբար ալ պատճառ դարձաւ աշխարհի կործանումին:
2008-ին:
Համայն աշխարհը ունեցաւ ֆինանսական ճգնաժամ: Համաշխարհային դրամանիշ- տոլարին հայրենիքը՝ Ամերիկան տագնապի մատնուած էր: Դրամատուներու երկար ցանկ մը (մեծագոյնները ներառեալ) սնանկութիւն հռչակեցին: Կալուածներու, անշարժ գոյքերու արժէզրկումը կէսէն աւելի էր: Պետական պարտքը 10 թրիլիոն տոլար: Որպէսզի տոլարի փոխարժէքը չփոշիանայ, դուրսի օտար պետութիւնները անմիջապէս օգնութեան հասան:
2025-ին:
Ո՛չ մէկ պետութիւն, նոյնիսկ աշխարհի բոլոր պետութիւնները հաւաքաբար (Ամերիկան ներառեալ) կարողութիւնը ունին փակելու կամ զգալի կերպով նուազեցնելու մօտ 40 թրիլիոն տոլարի հասած Միացեալ Նահանգներու պետական ընդհանուր պարտքը: Գումարը հատուցելու համար, ամէն մէկ ամերիկացի, նորածինէն մինչեւ խոր ծերութեան հասնողները պարտին, անձ գլուխ, աւելի քան 120 հազար տոլար ներմուծել: Ըստ երեւոյթին, երկրորդ GREAT(er) DEPRESSION մը անխուսափելի է, թերեւս ալ աւելի մեծը:
Գերմանիա՞ն… Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով որոշեց զինուիլ: Երեսունականներուն մինչեւ ակռաները զինուեցաւ: Հրապարակ եկաւ Հիթլեր մը իր կործանարար բոլոր արարքներով: Զինուելու այսօրուայ որոշումը նոր հիթլերներու ծնունդ պիտի տա՞յ: Ի՞նչը կամ ո՞վ կրնայ արգիլել: Պահանջուած փոփոխութիւնը արդեօք աշխարհի ո՞ր անկիւնէն պիտի ծագի կամ աւելի ճիշդ՝ պայթի:
Ահա՛ մեր առջեւ ցցուած, մեծղի՛, խոշո՜ր հարցում մը: Շնչահեղձ ընող հարցում մը:
***
Քիչ մը շունչ առնելէ ետք շարունակենք:
Եթէ ճշմարտութիւնը կ’ուզէք գիտնալ, դիմեցէք անմեղ փոքրիկներուն, միամիտներուն, բարեմիտներուն, իսկ պատերազմի լուրերուն համար՝ դրամատուներուն: «Պատերազմը մղողները դրամատուներն ու թերթերն են», կ’ըսէր Պիսմարք (1815-1898): Վերջին 250-300 տարուան մէջ, Նափոլէոնի օրերէն ի վեր, ա՛յս է բացարձակ ճշմարտութիւնը:
2008-ի տագնապէն անմիջապէս ետք, Զուիցերիա-Լիբանան գործարարներու խորհուրդին հրաւէրով (Swiss Business Council-Lebanon (SBC-L), որուն համեստ հիմնադիրն ու գանձապահն էի երկար տարիներ, Պէյրութ այցելեց համաշխարհային վարկ ունեցող Credit Swiss դրամատան մեծագոյն տնօրէններէն մին: Ընդհանուրին ներկայացուցած իր դասախօսութենէն ետք առանձնացանք, ակնարկեցի իրեն, թէ Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի նախօրէին պէս, ճիշդ յար եւ նմանը եղող վիճակ մը կը պարզէ աշխարհի տնտեսա-ֆինանսական կացութիւնը, եւ թէ մեր գիտցած ընդհանուր պատերազմ մը երկրագունդի չգոյացում կը նշանակէր:
Առանց վառանումի, հաստատեց. «Այո՛, ճիշդ այդպէս, անոր համար ալ, միայն կողմնակի պատերազմներ պիտի ըլլան», եւ թէ «Ոսկիին Օնսը՝ (իրենց դրամատան գլխաւոր գործառնութիւններէն մին) 720-էն պիտի բարձրանայ 2000 տոլարի»:
Երկու տեղեկութիւններն ալ իրականութիւն դարձան:
Ոսկին երկար տարիներ 2000-ի շուրջ մնալէ ետք, այսօր թեւակոխած ու անցած է 3000-ի սահմանները:
Կողմնակի պտերազմնե՞ր… Աֆղանիստան, Իրաք, Ուքրանիա, Կազա, Լիբանան, Եմէն, Սուրիա… “You name it” պիտի ըսէինք անգլերէն, դո՛ւք թուեցէք այլեւս:
Վերջերս Ամերիկայի նախագահը, դուրս գալով դիւանագիտական երկխօսութեան ընդունուած բոլոր կանոններէն, բացայայտ կերպով պախարակեց Ուքրանիոյ նախագահը: Տոնալտ Թրամփի կարծիքով Զելենսքին իր անխոհեմ ընթացքով պատճառ պիտի ըլլար ԵՐՐՈՐԴ համաշխարհայինին:
Ո՛չ ոք կրնայ կռահել թէ մինչեւ երբ կարելի պիտի ըլլայ ԶՍՊԵ՛Լ եւ աշխարհը պահել միայն ու միայն կողմնակի պատերազմներու սահմաններուն մէջ:
Մինչ այդ աշխարհին վիճակը կը մնայ թշուառ, ողորմելի՛ եւ խեղճ: Այսինքն՝ «փերիշան»: