«Խաչելութենէն մինչեւ Յարութիւն՝ մենք կարաւաններով քալեցինք Գողգոթայի ճանապարհը»:
Այս էր «Սուրիանիներու Միութիւն» կուսակցութեան կազմակերպած՝ հայերու, սուրիանիներու, ասորիներու, քաղդէացիներու եւ արեւելքի քրիստոնեաներու դէմ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման խորագիրը, ուր, ի շարս այլ կուսակցութիւններու, խօսք առաւ նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Պաուշրիյէ-Ժտէյտի-Սատ քաղաքապետարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի նախագահի եւ լիբանանեան բանակի ու անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր հրամանատարի, Լիբանանեան ուժեր, Փաղանգաւոր, Արզի պաշտպաններ, Սուրիանի միութիւն, Ռ.Ա.Կ. եւ Ս.Դ.Հ.Կ. կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքական, մշակութային, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Ելոյթներով հանդէս եկան տիարք՝ Իպրահիմ Մրատ (Սուրիանի միութիւն կուսակցութիւն), Էլիաս Հանքաշ (Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչ), դոկտ. Ռիշար Գույումճեան (Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչ), դոկտ. Ամին Իսքանտար (Մարոնիներու միութեան ներկայացուցիչ) եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ՝ ընկեր Վանիկ Տագէսեան:
Ընկեր Տագէսեան իր խօսքին ներածականով անդրադարձաւ սուրիանիական-ասորական-քաղդէական ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ հայ ազգին դէմ միաժամանակ կատարուած ցեղասպանութեանց մասին։ Ընկերը ցեղասպանուած ազգերու դատը ներկայացուց միջազգային իրաւունքի եւ արդարադատութեան տեսանկիւնէն։ Ան ներկայացուց 110-ամեակի յիշատակումը որպէս նորացուած կոչ մարդկութեան խղճին՝ նշելով անպատիժ մնացած բոլոր յանցագործութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան մինչ օրս։ Ընկեր Տագէսեան առաջարկեց, որ նորարարական լուծումները հիմնուած ըլլան բոլոր ժողովուրդներու հաւասարութեան վրայ, նոյն աշխարհագրական շրջանակներու, այլ ոչ՝ թուային գերիշխանութեան վրայ։