Կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. ՏՈԵՄ-ի, Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի, Հ.Յ.Դ. ԶՈՄ-ի, Ռ.Ա.Կ. «Մ. Փորթուգալեան» ակումբի, ՀԵՀՈՄ-ի, ՀԿՀՄ-ի, ՀԿԵՄ-ի եւ Քրիստոնէական Ջանից միութեան, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ համաերիտասարդական հսկում։
Լիբանանահայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները ներկայացնող կղերականներու կողմէ կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ, որմէ ետք իւրաքանչիւր միութեան անունով զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
Ապա կազմակերպիչ միութիւններուն անունով միացեալ խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Կալի Աւագեան, որ անդրադարձաւ համաթուրանական ծրագիրին, որուն իրականացման ուղին կը պահանջէր հայ ազգի ցեղասպանութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան ընթացքը, հայութեան կոտորածը, հայկական պապենական հողերէն հայ անուան ու հայկական շունչի անհետացումը:
«Այո՛, հողային իմաստով թուրքին երազը իրականացաւ 1915-ին, եւ ներկայիս հայկական ճակատին վրայ ան իր նպատակը կ’իրականացնէ իր եղբօր՝ ազերիին միջոցով: Ազերին այսօր ընկերային ցանցերու վրայ քարոզչական հսկայ աշխատանքներ տանելով եւ երկրին պաշտօնական էջերուն վրայ համաշխարհային ատեաններուն ընդառաջ տեղադրելով, այսպէս կոչուած, պատմական կեղծ տուեալներով կը շարունակէ օսմանցի թուրքին սկսած աշխատանքը՝ համաթուրանական ծրագիրին իրականացման համար: Նաւթային մուտքերով սնանած ազերիական իշխանութիւնը միջազգային ընտանիքէն որոշ հատուածներ գնելով ու վաճառելով կը շարունակէ իր հրէշային գործը:
«Այսօր Թալէաթին փոխարինած է Էրտողանը, Պեհպութ Խան Ճիւանշիրին՝ Ալիեւը, իսկ Օսմանեան կայսրութեան՝ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը», ըսաւ ան:
Աւագեան դիտել տուաւ, որ, հակառակ այս բոլորին, 110 տարիներ ետք իսկ չէ իրականացած անոնց գլխաւոր նպատակը, որովհետեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայորդիներ կը հաւաքուին եւ կ’ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը:
«Արցախի հայաթափումը ինքնին փաստ է, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Այս իմաստով ապրիլը այլեւս բաւարար չէ: Իրավիճակը կը սպասէ յեղաշրջման: Երիտասարդութիւնը, իր կարգին, կը փորձէ ըլլալ այդ յեղաշրջումը կատարողը: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը պէտք է մնայ, այնքան ատեն որ Թուրքիան չէ ճանչցած իր ոճիրը՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ոգեկոչումի այս հաւաքներով հայ երիտասարդները, որոնք սերած են Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներէն, վառ կը պահեն մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Անոնք նաեւ կը պահանջեն Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ արդար հատուցում:
«Իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ՝ մենք ունինք շատ կարեւոր պարտականութիւն մը: Անիկա միասնականութիւն ապահովելն է: Եթէ չկայ միասնականութիւն, չկայ Հայ դատ, չկայ իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ չկայ ազգի արժանապատուութիւն:
«Առանց հայութեան միասնական ուժին՝ թուրքը շատ դիւրութեամբ իր նորօրեայ զէնքերով՝ անոնք ըլլան երկաթ կամ թուղթ-ընկերային ցանցեր, կը հասնի Երիտասարդ թուրքերու կողմէ մշակուած նպատակի իրագործման: Կ’ոչնչանան Հայաստան երկիրը եւ ապա հայ անունը: Իսկ սպիտակ ցեղասպանութիւնն ալ մնացած հայութիւնը կը ձուլէ, եւ հայ անունը կը մնայ լոկ բառ մը: Մենք կը մերժենք այս ճակատագիրը, վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը պիտի չհամակերպի այս վիճակին հետ, եւ պայքարը պիտի շարունակուի», եզրափակեց Կալի Աւագեան։
Միացեալ խօսքէն ետք Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի անդամ Սարին Նալպանտեան ասմունքեց Արմէն Աւետիսեանի «Ժամն է հատուցման» եւ «Արեան կանչով» երկու կտորներու համադրուած բանաստեղծութիւնը: Ռ.Ա.Կ. «Մ. Փորթուգալեան» ակումբի «ԹՄՄ» պարախումբէն Մելիսա Արմաղանեան «Երգ Կիլիկիա» երգով ունեցաւ ելոյթ մը: Քրիստոնէական Ջանից միութեան անդամ Նայիրի Պարսումեան, ընկերակցութեամբ միութեան նուագախումբին, ելոյթ ունեցաւ երգով մը: Հ.Յ.Դ. ԶՈՄ-ի անդամ Սէրլի Նեմշէհիրլեան տուտուկով ներկայացուց «Տուն իմ հայրենի» երգին երաժշտութիւնը:
Հսկումը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: