Լիբանանի մէջ սննդանիւթ ներածող ընկերութիւններու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սննդանիւթի սակագիները ընդհանուր առմամբ կայունացած են եւ ցարդ չեն ազդուած ամերիկեան տոլարի վերիվայրումներէն, սակայն եւրոյի փոխարժէքին աճը կրնայ ազդել եւրոպական երկիրներէն զանազան նիւթեր ներածելու լիբանանեան աշխուժութեան վրայ, վտանգելով սպառողին սննդային կայունութիւնը: