Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր յայտնեց, որ դրամատնային աւանդները իրենց տէրերուն վերադարձնելու հոլովոյթը պիտի ընթանայ երեք փուլով: Լաւ որակելով Ուաշինկթընի մէջ ունեցած տեսակցութիւնները, Ժապէր դիտել տուաւ, որ այս այցելութեամբ կարելի եղաւ վերականգնել Լիբանանի եւ միջազգային ընտանիքին փոխադարձ վստահութիւնը, որ կորսուած էր վերջին քանի մը տարիներուն: