Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

April 29, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

 

Նախանցեալ օր, որոշակի դադարէ ետք, իսրայէլեան օդուժը շարունակած էր զինադադարի խախտումները ու վերստին թիրախ մը հարուածած՝ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Հատաս շրջանին մէջ, պնդելով թէ կործանուած վայրը Հըզպալլային կողմէ գործածուող ենթակառոյց էր: Ծանր պայթումին նախորդեցին նախազգուշական երեք հարուածներ, մինչ իսրայէլեան բանակի բանբերը որոշ ժամանակ առաջ հրապարակած էր թիրախին քարտէզը, քաղաքացիներուն յորդորելով անյապաղ հեռանալ: Ուստի Հատասի եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ նկատուեցաւ քաղաքացիներու տեղաշարժ եւ գլխաւոր ճամբաներու խճողուածութիւն: Իսկ քաղաքացիական պաշտպանութիւնը յայտարարեց, որ հարուածին հետեւանքով չէ եղած մարդկային վնաս: Ըստ տեղական լրատուամիջոցներուն, կործանուած մթերանոցը կը գործածուէր որպէս տեղահանուած քաղաքացիներուն տրամադրուելիք օգնութիւններու պահեստանոց:

Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութիւնը այլ յայտարարութեամբ մը նշեց, թէ երկամսեայ պատերազմին վերջ տուած զինադադարի յայտարարութենէն ի վեր զանազան շրջաններէ յայտնաբերուած է 172 զոհի մարմին եւ աճիւն:

Արտաքին գործերու նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն թիրախաւորումը: նախարարութիւնը զինադադարը երաշխաւորող միջազգային ուժերէն պահանջեց ճնշում բանեցնել Թել Աւիւի վրայ, որպէսզի վերջ դրուի յարձակումներուն:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՈՒՆ. «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԵՐՍԿՍՈՒՄԻ ԽՕՍՔ»

Next Post

  ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼ

Next Post
  ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼ

  ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.