Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՈՒՆ. «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԵՐՍԿՍՈՒՄԻ ԽՕՍՔ»

April 29, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՈՒՆ. «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԵՐՍԿՍՈՒՄԻ ԽՕՍՔ»

 

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն  յայտնեց, որ պետութեան տիրապետութենէն դուրս գտնուող զէնքի երեւոյթին վերջ դնելու որոշումը կայացուած է, աւելցնելով թէ արտօնուած չէ պատերազմական տրամաբանութեան վերադարձը: Պաապտայի մէջ ֆրանսական ծերակուտական պատուիրակութիւն մը ընդունած ատեն Աուն նշեց, որ սահմանային բռնագրաւեալ հինգ բլուրներէն իսրայէլեան նահանջը կրնայ արագացնել լիբանանեան բանակի տեղակայումը սահմանային գօտիին վրայ:

Խօսելով իսրայէլեան հետեւողական խախտումներուն եւ մասնաւորաբար Պէյրութի հարաւային արուարձաններու թիրախաւորումներուն մասին, Աուն Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային եւ զինադադարի գործադրութիւնը երաշխաւորող միջազգային միւս ուժերուն կոչ ուղղեց անյապաղ միջամտելու եւ վերջ տալու իսրայէլեան հարուածներուն: «Իսրայէլեան արարքները պիտի վտանգեն տարածաշրջանային կայունութեան հիմնասիւները եւ առաջնորդեն իսկական վտանգներու», ահազանցեց նախագահ Աուն:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, զինադադարի համաձայնութիւնը երաշխաւորող միջազգային կողմերէն պահանջեց անյապաղ միջամտել՝ վերջ տալու իսրայէլեան խախտումներուն եւ արագացնելու իսրայէլացի զինուորներուն նահանջը Լիբանանի բռնագրաւեալ սահմանային բլուրներէն:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց շեշտեցին, որ Պէյրութի հարաւային արուարձանները պիտի չդառնան Հըզպալլայի թաքստոց, Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու համարելով Հըզպալլայի գործունէութեան եւ սպառնալիներուն համար: Նեթանիահու յոխորտաց նաեւ, որ իրենք ծանր հարուած տուած են Հըզպալլային եւ ընդամէնը ժամերու ընթացքին կործանած են այն հրթիռային զինամթերանոցը, որ Հըզպալլա փորձած էր ամրացնել 30 տարի շարունակ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՆԵՏԻՄ ԺԸՄԱՅԷԼ Կ’ԱՅՑԵԼԷ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆ

Next Post

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

Next Post
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.