Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիսութիւններուն մեկնարկը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը, Հալէպի «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Պիտի յիշենք եւ պահանջենք» խորագիրը կրող միջյարանուական յուշահանդէսով, հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն, կազմակերպութեամբ Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան։
Յուշահանդէսին հայ երեք համայնքապետներուն կողքին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, հիւպատոսութեան խորհրդականը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցներ, առաքինազարդ քոյրեր եւ հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ հալէպահայերու ստուար զանգուած մը։
Յուշահանդէսի առաջին պատգամը ուղղեց Հայ Աւետարանական համայնքի պետ վեր․ դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեան։ Վերապատուելին կարեւորութեամբ շեշտեց արդարութեան հասնելու համար համահայկական ռազմավարութիւն մշակելու եւ Սփիւռքի տարբեր տարածքներու վրայ մեր ներկայութիւնը թէ՛ որպէս հայեր եւ թէ՛ որպէս տուեալ երկրի քաղաքացիներ արժանավայել ներգործութեամբ իմաստաւորելու մարտահրաւէրները։
Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Մակար արք․ Աշգարեան իր ուղղած պատգամին մէջ Պօղոս Առաքեալին խօսքը մէջբերելով յորդորեց չյուսահատիլ, չտկարանալ, ալ վստահիլ Աստուծոյ ու մեր աշխատանքին, որովհետեւ ազգեր կան, որոնք աւելի քան չորսհարիւր տարի սպասած ու պայքարած են արդարութեան հասնելու եւ իրենց իրաւունքներուն տիրանալու համար։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Պետրոս արք․ Միրիաթեան։
Ան շեշտելով Հռոմի նորոգ վախճանեալ սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին հայասէր ըլլալու հանգամանքը, դիտել տուաւ, որ տասը տարի առաջ, քահանայապետը Վատիկանի Ս․ Պետրոս մայր տաճարին մէջ Ս․ Գրիգոր Նարեկացին տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու արարողութեան ընթացքին, օտար հիւրերու եւ մեր կաթողիկոսներու ներկայութեան վերյիշած էր հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքը 1915-ին եւ յստակօրէն ըսաւ, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր։ Այսպիսով եղաւ առաջին քահանայապետը, որ Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը։
Գերապայծառը այնուհետեւ շեշտեց, որ մենք կը շարունակենք յիշել եւ արդարութիւնը պահանջել։
Յուշահանդէսը փակուեցաւ հոգեւոր պետերու միասնական աղօթքով։