Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

April 26, 2025
in Գաղութային
0
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ապրիլի 24-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի օրուան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ։ Այդ առիփով հաւատացեալներու խոնարհումին համար դուրս բերուած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց մասունքարանը:

Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ղեկավար Դանիէլ եպիսկոպոս Ֆընտըգեանը։

Պատարագի սրբազան արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր հայրապետական ուղերձը յղեց համայն հայութեան: Ան նշեց, որ մեր սուրբ նահատակներուն յիշատակը կ’ազդարարէ  մեզի հրատապութիւնը ազգային միասնականութեան։

Ան աղօթք վերառաքեց առ Աստուած եւ խնդրեց մեր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը, որ մարդկութեան կեանքին մէջ տեղ չգտնեն եղեռնական ոճրագործութիւնները, եւ յարուցեալ Քրիստոսի շնորհքներուն ներքեւ խաղաղ ու ապահով ըլլան մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը ի սփւռս աշխարհի, եւ յոյսով ամուր ու սիրով միասնական՝ ի զօրու ըլլանք յաղթահարելու մեր առջեւ ծառացած բոլոր փորձութիւնները:

Սուրբ Պատարագի աւարտին եկեղեցականներու թափօրը, կրելով սուրբ նահատակներու մասունքարանը, ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճարի շրջափակ, ուր Աղոթքի եւ ուխտի խաչքարին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ՄԻՋՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Next Post
ՄԻՋՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

ՄԻՋՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.