Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. «Կուժունի» մասնաճիւղին

April 26, 2025
in Գաղութային
0
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

 

 

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 22 Ապրիլի երեկոյեան, Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ, կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ «Կուժունի» մասնաճիւղին:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանը եւ անդամներ, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. ԱԼեք Քէօշկէրեանը, ՀՄՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Միսաք Նաճարեանը եւ անդամներ, հոգեւոր հայրեր, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, կատարողութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին, օրուան հանդիսավարը՝ «Կուժունի» մասնաճիւղի վարչական անդամ ընկեր Արմէն Մաճառեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ խնդրեց յոտնկայս լռութեամբ յարգել Ցեղասպանութեան զոհերուն անմեռ յիշատակը:

Հայերէնով եւ արաբերէնով բացման խօսքը կատարեց «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկ. Նազօ Ճէրէճեան: Ան նշեց, որ թրքական ցեղապաշտական քաղաքականութեան զոհ գացին բազմաթիւ անմեղ մարդիկ, իսկ տեղահանուածներէն ողջ մնացածները կազմեցին հայկական սփիւռքը եւ, հակառակ բոլոր տառապանքներուն, անոնք կրցած են մոխիրներուն տակէն ոտքի կանգնիլ եւ զիրենք ընդունող ժողովուրդներուն հետ կիսել հանապազօրեայ հացը եւ իրենց ներդրումը բերել այդ հիւրընկալ հայրենիքներու բարգաւաճման: Ընկ. Ճէրէճեան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակումը մարդկային յանձնառութիւն է եւ անվերջ բողոք՝ աշխարհի ականջին, որպէսզի զարթնի մարդկային խիղճը եւ չկրկնուին մեր կամ այլ ժողովուրդներու աղէտները:

Գեղարուեստական յայտագիրով, տեսերիզով ցուցադրուեցաւ մուսալեռցի հարիւրամեայ երկու վերապրողներու վկայութիւններ, իսկ Հրաչ Թաւուքեան ներկայացուց «Կռունկ գնա՛ մեր Երկիր» եւ «Օտարութիւն» երգերը:

ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ ընկեր Միհրան Շահինեան փոխանցեց Վարիչ մարմինի խօսքը՝ ընդգծելով, թէ քանի որ Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ստացած միջազգային ընտանիքին ճանաչումն ու դատապարտումը, այդ պիտի մնայ ամօթի խարան այն երկիրներու ճակատին, որոնք կը խուսափին զայն ճանչնալէ եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելէ, քաղաքական եւ այլ շահերէ մղուած: Ընկ. Շահինեան անդրադարձաւ Կազայի հատուածի մէջ պատահածներուն, որ լաւագոյն ապացոյցն է անպատիժ մնացած ոճրագործութիւններու կրկնութեան: Ապա ան մէջբերեց նաեւ Արցախի օրինակը, ուրկէ աւելի քան 100.000 հայեր տեղահանուեցան 2023 թուականին, աշխարհի աչքին առջեւ: Ընկ. Շահինեան իր խօսքը եզրափակեց՝ շեշտելով, որ մենք իրաւունք չունինք հանգստանալու, մինչ մեր թշնամին կը շարունակէ սպաննել մեր ժողովուրդը այլազան ձեւերով: Ան ՍԴՀԿ-ի յանձնառութիւնը յայտնեց շարունակելու պայքարը՝ ըլլալու բոլոր անիրաւուած ժողովուրդներու կողքին, պահանջելով արդարութեան յաղթանակը:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ գլխաւոր բանախօս՝ իրաւաբան Ղասսան Մուխայպէրը: Ան լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին դերը Լիբանանի մէջ որպէս պայքարող, ստեղծագործ եւ հայրենիքը կերտող անհատներ, եւ այս մէկը ան նկատեց գլխաւոր փաստ, որ օսմանեան ոճրագործ նպատակը ձախողած է: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութիւնը երկու անգամ կը սպաննէ. առաջին անգամ երբ արարքը կը կատարէ, իսկ երկրորդ անգամ՝ լռութեամբ, հետեւաբար մեր պատասխանատուութիւնն է քանդել լռութեան պատնէշը եւ մեր ձայնը բարձրացնել, դէմ դնելով բոլոր ճնշումներուն, պաշտպանելով ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը: Մուխայպէր նշեց, որ 1915-ին վճիռներ արձակող Միջազգային դատարան չկար, մինչ այսօր ունինք դատարանը, օրէնքի բոլոր միջոցները եւ ապացոյցները, սակայն շատ յաճախ կը պակսի միջազգային քաղաքական կամքը՝ արդարութիւն իրականացնելու, այլոց շարքին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային:

Նախկին երեսփոխան, մեթր Ղասսան Մուխայպէրի խօսքի աւարտին, Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ «Կուժունի» մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Ռազմիկ Օղլուգեան հիւր բանախօսին յանձնեցին յուշատախտակ՝ «առ ի երախտագիտութիւն Հայ ժողովուրդին հանդէպ անոր զօրակցութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ խորհրդարանին մէջ տարած տարիներու իր աշխատանքին»:

Աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն հոգշ. Հայր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան շնորհաւորեց ձեռնարկին կազմակերպիչները եւ «Պահպանիչ»ով փակեց ոգեկոչումի ձեռնարկը:

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՄԻՋՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Next Post

ԿՐԿՆՈՒՈՂ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՑԱՒԸ

Next Post
ԿՐԿՆՈՒՈՂ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՑԱՒԸ

ԿՐԿՆՈՒՈՂ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՑԱՒԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.