Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը որքան հեռու՝ այնքան ալ մօտ կ’երեւի, որովհետեւ ժամանակի թաւալումը ո՛չ ցաւը կ’ամոքէ, ո՛չ ալ պայքարի կրակը կը շիջուցանէ: Լիբանանահայութիւնը Ապրիլ 24-ին կը համախմբուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ՝ մեր 1,5 միլիոն սրբարդասեալ նահատակներուն նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ բարեխօսական կարգով իր յարգանքի տուրքը մատուցելու: Առ այդ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Տաճատ Եպս. Աշըգեան (դիւանապետ Կաթողիկոսարանի) մատուցեց Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին, վեհափառին հանդիսապետութեամբ, Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց կատարուեցաւ Բարեխօսական Կարգ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում։
Լիբանահայ կառոյցներու սկաուտական կազմերը գեղեցկօրէն զարդարած էին Մայրավանքին շրջափակը՝ իրենց շեփորախումբերով ու դրօշներով, եւ իրենց կարգապահութեամբ հարթեցին Մայր Տաճարէն յուշարձան-մատուռ թափօրին ճամբան եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութեան ընթացքին հետեւեցան: Նշենք, որ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար մարմինները, բարեսիրական միութիւններ, ինչպէս նաեւ օտար բարձրաստիճան պետական պատասխանատուներ եւ նախկին թէ ներկայ երեսփոխաններ ու նախարարներ։
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց համայն հայութեան։ Ան ըսաւ, որ «Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ՝ ազգային ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչման օր է, ու միաժամանակ՝ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները աշխարհին յիշեցնելու եւ մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ մեր պահանջատիրական պայքարին նոր մղում տալու կոչ է»։