Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ-ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԷՋ        

April 24, 2025
in Գաղութային
0
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ-ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԷՋ        

Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի «Պանդուխտ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2025֊ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ մեր մեկուկէս միլիոն նահատակներուն։ Ոգեկոչման ներկայ գտնուեցան ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ  Տագէսեան եւ անդամներ, շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տէր Յակոբ աւ. քհնյ. Պզտիկեան, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հայորդիներ։ Միջոցառման հայերէնով եւ արաբերով խօսք առաւ ՍԴՀԿ «Պանդուխտ» մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Վահան Մաղաքեանը։ Ան ըսաւ. «Այսօր ալ, ինչպէս ամէն տարի, կանգնած ենք  այստեղ՝ ցաւի եւ արժանապատուութեան պահուն, որպէսզի յիշատակենք Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը։ Այդ ոճիրը պարզապէս մարմնաւոր բնաջնջում մը չէր. ան եղաւ փորձ մը՝ սպաննելու ամբողջ ժողովուրդ մը՝ իր մշակոյթով, ինքնութեամբ եւ գոյութեամբ»։

Ընկ. Մաղաքեան ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «110 տարի անցած է այդ ոճիրէն, երբ Օսմանեան պետութիւնը որոշեց բնաջնջել խաղաղ ժողովուրդ մը, որ մարդկութեան տուած էր  արժէքներ: Այսօր 110 տարիներ ետք հայ ժողովուրդը կանգուն է եւ կը գոյատեւէ։            Այո՛, կը գոյատեւենք, որովհետեւ այսօր վառած մեր ամէն մէկ մոմը մարտահրաւէր մըն է անոնց դէմ, որոնք ուզեցին մարել մեր լոյսը, իսկ մեր կարդացած ամէն մէկ բառը դիմադրութիւն է՝ այն ուժերուն դէմ, որոնք փորձեցին լռեցնել մեր ձայնը»։

Իր խօսքը եզրափակելով ընկ. ատենապետը դիտել տուաւ, որ «այսօրը նուիրումի պահ մըն է՝ մեր նահատակներուն, մեր զոհերուն, մեր նախնիներուն, որոնք ինկան յանուն մեր փրկութեան։ Այն նաեւ գիտակցութեան պահ մըն է, որ մեր պատասխանատուութիւնը սահմանափակուած չէ միայն յիշելով, այլ պէտք է վերածուի գործի։ Պէտք է շարունակենք հաստատել մեր իրաւունքը եւ հետապնդել համաշխարհային ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան» եւ եզրափակեց՝ ըսելով, թէ «այս խորհրդանշական երեկոյի ընթացքին, երբ քիչ ետք պիտի վառենք մոմերը, պէտք է հասկնանք, որ ամէն մոմ ձայն մըն է, Ճշմարտութեան ձայնը, իրաւունքի ձայնը, եւ արդարութեան ձայնը։ Փառք մեր նահատակներուն: Խունկ ու մոմ անոնց մաքուր հոգիներուն»։

Ապա, Եզրափակիչ խօսքը ըսելու հրաւիրուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ արժ. Տէր Յակոբ աւ. քահանան: Ան իր պատգամին մէջ յստակ  եւ խրախուսիչ ելոյթով հանդէս եկաւ շրջանի բնակիչներուն ըսելով, թէ ցեղասպան թուրքը ոչ յարանուանութիւն, ոչ ալ գաղափար հարցուց, ան հաւասարապէս  բնաջնջելու համար կատարեց ոճիրը: Տէր հայրը կրկին անգամ յիշեցուց մեր պահանջատէր ըլլալը, իւրաքանչիւրը իր միջոցաւ եւ իր ճամբով՝ ուսուցիչ, երաժիշտ, թէ կղերական ըլլան անոնք, անհրաժեշտ է մէկ բռունցք ըլլալը։

«Պահպանիչ» եւ «Հայր մեր» աղօթքներէ ետք, ոգեկոչման միցոջառումը մոմավառութեամբ հասաւ իր աւարտին։

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 110֊ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՏԷՐ ԵՒ ՓՐԿԻՉ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՏԷՐ ԵՒ ՓՐԿԻՉ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՏԷՐ ԵՒ ՓՐԿԻՉ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.