Հովանաւորութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի, կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. «Աղասի» եւ «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղերու վարչութեանց, Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2025֊ի երեկոյեան, Ժաթաուի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Ոգեկոչում։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմնի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ անդամներ, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ Հ.Մ.Մ.-ի մասնաճիւղերու ատենապետներ եւ անդամներ, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի հովանաւորութիւնը վայելող միութիւններու ատենապետներ, շրջանի հոգեւոր հովիւներ, պաշտօնական հիւրեր եւ հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.֊ի քայլերգներով Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբին կատարողութեամբ: Օրուան հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու, ինչպէս նաեւ նորոգ վախճանեալ Սրբազան Քահանայապետ` Ֆրանչիսկոս պապին յիշատակը: Ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ. Կարօ Պարախեան. ան նշեց 110 տարի անց մեր դատին արդարացիութիւնը, ընդգծելով, որ «մինչ օրս ոճիրը կը շարունակուի տարբեր դրսեւորումներով: 2023 թուականին արցախեան հողերէն մեր ժողովուրդին բռնի տեղահանումը ցոյց տուաւ որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դեռ չէ աւարտած»: Ան դիտել տուաւ, թէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, մերժելով պատմական ճշմարտութիւնը, անպատիժ կը գործեն նոյն ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը, նոյն ոգին որ 1915 թուականին տարհանեց եւ կոտորեց հայութիւնը։ Եզրափակելով իր խօսքը, ընկ. Պարախեան յոյս յայտնեց որ միակ ուժը հայ երիտասարդութեան միասնական ըլլալն է, եւ որպէս նոր սերունդ ունինք սրբազան պարտականութիւն՝ ապրեցնելու մեր պատմական յիշողութիւնները, վերապրելու մեր իրաւունքները եւ շարունակելու անխոնջ պայքարը արդարութեան ճանաչման եւ հատուցուման համար։
Գեղարուեստական յայտագրով իրենց մասնակցութիւն բերին Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի սկաուտական կազմը: Արենուշ Փաթիլ Փափազեան խոր ապրումով ասմունքեց «Քիչ ենք, բայց հայ ենք», Պարոյր Սեւակի քերթուածը: Խումբ մը սկաուտներ եւ արենուշներ ներկայացուցին Ցեղասպանութեան նուիրուած թատրոն մը, ապա գաղութիս մէջ հայրենասիրական երգերու ծանօթ մեկնաբան Կասիա Շատարեւեան մեներգեց «Տուն իմ հայրենի» երգը, իսկ արենուշները ներկայացուցին հայկական «Տլէ Եաման» պարը:
Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի խօսքը արտասանեց ընկեր Տիգրան Միհրանեան: Ան ներկաներուն ամփոփ եւ բովանդակալից ձեւով ներկայացուց պատմականը, հաստատելով որ Օսմանեան իշխանութեան այդ արարքը այսօրուայ իրաւական չափանիշերով ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ ցեղային բնաջնջման ոճիրներուն եւ, անտարակոյս, ցեղասպանութիւն մըն է ուղղուած հայ ժողովուրդին։ Ան աւելցուց՝ ըսելով. «այնքան ատեն որ Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ արժանացած համաշխարհային ընտանիքի ամբողջական իրաւական գնահատումին եւ դատապարտումին, կը մնայ ամօթի խարան այն պետութիւններու ճակտին, որոնք քաղաքական կամ այլ շահերէ մեկնած, կը խուսափին ճանչնալէ ցեղասպանութիւնը ու դատապարտելէ Թուրքիոյ պետութիւնը անոր իրաւական նախորդին կողմէ կատարուած յանցագործութեան համար»։ Եզրակացնելով իր ելոյթը, ընկ. Միհրանեան ակնարկ մը տուաւ՝ ըսելով. «նայեցէք եւ տեսէք ինչ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, հայաբնակ Արցախը ժամանակակից աշխարհի աչքերուն առջեւ ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ, կրկին եւ կրկին կը համոզուինք, որ անպատիժ մնացած յանցագործութիւնները նոր յանցագործութիւններու առիթ եւ խթան կը դառնան»։
Այնուհետեւ ընկ. Յակոբ Վասիլեան հակիրճ տողերու մէջ կարդալէ ետք օրուան գլխաւոր բանախօսին՝ Հայկազեան համալսարանի հայագիտական հանդէսի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին կենսագրականը, բեմ հրաւիրեց զինք։
Յարգելի բանախօսը իր ելոյթը ներկայացուց ներածական պատմականով մը տեսերիզի ուղեկցութեամբ, ներկաներուն ապրեցնելով 110 տարի առաջ մեր նախահայրերու ունեցած տառապալից վիճակը, սկսելով 1914 հայկական բարեկարգումներէն, Սեւրի, Արցախի Հանրապետութեան հռչակումէն, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարածքի Հայկական Լեռնաշխարհի մէկ֊վեցերորդ ընդգրկելէն եւ ապա հասնելով Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն այդ տարածքի կրճատումին։ Ան իր պատրաստած հետաքրքրական աշխատասիրութեամբ ներկայացուց հայ ժողովուրդի անցեալն ու ներկան, դիտել տալով որ «վերջին 150 ամեակի հայութեան կենսագործունէութեամբ աւելի քան 500 տարի օսմանեան բռնակալութեան տակ ճզմուելով հանդերձ, 1915-ին յաջողած էինք յառաջացնել աւելի քան 2000 դպրոց եւ քոլէճ հաշուող արեւմտահայ կրթական ցանց մը, 1923-էն ետք Թուրքիան, որդեգրելով մշակութային ցեղասպանութիւններու շարքը, նաեւ արտաքսեց հայութեան մնացորդացը պապենական հողերէն, աւելին՝ ճնշումներ գործադրեց պոլսահայութիւնը նսեմացնելու, իսկ այսօր Ատրպէյճանի հետ անցած է լայնածիր համակարգուած հակահայ նոր քաղաքականութեան։ «Ի դէպ», ըսաւ դոկտորը, «եթէ երիտթուրքերը փոխարինելով Սուլթան Համիտը շարունակեցին անոր՝ հայութիւնը բնաջնջելու քաղաքականութիւնը եւ եթէ Մուսթաֆա Քեմալը, փոխարինելով երիտթուրքերը, շարունակեց անոնց հայաջինջ քաղաքականութիւնը, ապա Ատրպէյճանն այսօր կը փոխարինէ Թուրքիոյ անցեալի ու ներկայի արիւնկզակ ղեկավարութիւններուն քաղաքականութիւնը։ Ահա այս համապատկերին դիմաց ի՞նչ ընեմ ես, ի՞նչ ընես դուն, ի՞նչ ընենք մենք այսօր», հարց տուաւ բանախօսը ներկաներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, յարգելի բանախօսը իր ելոյթի վերջին բաժնին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Կազայի մէջ եղած վայրագ եւ անմարդկային ոճիրներու շարունականութեան։ Դոկտորը իր ելոյթը եզրափակելով՝ հաւաստիացուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան փորձառութիւնը ինքնահաստատման ճիգ է, ուժ է ազնուութեան, խաղաղ ու ստեղծագործ գոյակցութեան, անով լուսաւորուիլը՝ մարդկութեան ու ազգային անցեալի արժէհամակարգերուն շարունակականութիւն է, աւելցնելով՝ թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը իմ, քու եւ բոլորիս անօտարելի էութեան բաղկացուցիչն է», ու «Հայոց ցեղասպանութեան այս 110֊րդ տարելիցը թող հանդիսանայ այն կանչը, ղօղանջը, նոր յանձնառութեամբ, նորոգուած մտահորիզոնով, ցեղասպանուած իր նախնիներուն հետ փոխակերպուած երթի ելած հայութեան»։
Տօներեան-Աւագեան «Լարային քառեակ»ը իր մասնակցութիւնը բերաւ ձեռնարկին՝ նուագելով օրուան պատշաճ կատարումներ:
Կրկին անգամ բեմ բարձրացաւ Կասիա Շատարեւեան ու մեկնաբանեց «Կռունկ գնա» եւ «Ախ տունս, տունս» երգերը։
Ձեռնարկի աւարտին Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան փոխանցեց իր սրտի գոտեպնդիչ խօսքը։ Ապա իր պահպանիչ աղօթքով եւ «Սարդարապատ»ի յաղթերգի ունկընդրութեամբ վերջ գտաւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը։
ԹՂԹԱԿԻՑ