Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին, ուխտապահ սերունդները կը շարունակեն բարձր ու վա՛ռ պահել պայքարի այն ջահը, որ փոխանցուեցաւ անճիտուած սերունդէն՝ որպէս սրբազան կոչ ու հրիտակ: Իթթիհատը իր սադայէլական մտայղացումով եւ արիւնկզակ եաթաղանի գործածութեամբ, ի վերջոյ չկրցաւ հասնիլ լիակատար յաջողութեան՝ քանզի Տէր Զօրի անապատէն իսկ սկսած էր ուխտապահներու ծլարձակումը: Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը եթէ ստիպուինք բնութագրել լակոնական ոճով, կարելի է արձանագրել այսպէս՝ զարհուրելի ծրագիր ու նպատակ՝ բայց եւ զարմանահրաշ ու հրաշագեղ յարութիւն: Եւ ասոր ապացո՞յցը՝ ուխտապահներու երթն ու երդումը:
Միջազգային թէ ներազգային կեանքի պայմանները ի՛նչպէս որ ալ ըլլան, ինչպիսի՛ հանգամանքներու մէջ ալ գտնուինք, ցեղասպանեալ մեր նահատակներուն կիզող յիշատակն ու անոնց մորմոքեալ վիշտը պիտի բորբոքեն ուխտապահներուն խռովեալ հոգիները: Ժամանակը չի կրնար ընդմիշտ մարել ուխտեալներուն մխացող կսկիծը, անոնց անթեղուած վէրքին հուրհրան կայծերը:
Այսօր, բազմահարիւր հայագաղութներ, հայկական ազգային-քաղաքական-հոգեւոր-մշակութային օճախներ, հայրենական զանազան վայրեր ու միաւորներ, համախումբ եւ համակամ կը մտասեւեռեն մէկ ուղղութեամբ.- վերանորո՛գ ուխտով շարունակել գոյերթը մեր ազգային ու համամարդկային:
Ապրիլ 24-ը միօրեայ արարողութիւն մը չէ: Ո՛չ յիշելու եւ ո՛չ ալ յիշեցնելու պէտք ունինք մեր արեան մէջ եռացող դառնութեան լեղին, մշտավառ հուրը, մեզի հալածող մեր նահատակներուն ուրուականներն ու խնկելի յիշատակը: Ապրիլ 24-ը կենսակերպ է իր գոյատեւման մարտահրաւէրով, չընկրկող հայ մնալու ոգիով, վճռական պայքարի երդումով: Ո՞ր օտարականը, ո՞ր անցորդը, ո՞ր քաղաքագէտը կրնայ չափել ու գնահատել մեր կորուստներուն տարողութիւնը. ո՞վ կրնայ կամ ո՞ր մարդասէրը կրնայ լիովին կարեկցիլ մեր կրած ու ճաշակած ողբերգութեան՝ երբ ցեղասպանութեան արհաւիրքին հետեւանքները տակաւին կ’ուղեկցին մեզի, կը տանջեն յարատեւօրէն, կը կրծեն մեր հոգեմտաւոր աշխարհը:
Բնականաբար, այսօր ուխտի վերանորոգման պահն է: Համազգայի՛ն ուխտի: Միաժամանակ՝ պահն է հաշուետուութեան եւ հրամայականօրէն հարցադրելու ո՞ւր էինք երէկ եւ ո՞ւր ենք այսօր: Հարցադրում ու պատասխան, որ պիտի ըլլայ առարկայական, պիտի ըլլայ իրապաշտօրէն վերլուծական: Մի՞թէ քիչ տուժած ենք տարուելով եւ հմայուելով երազատեսութիւններէ, վերացապաշտութենէ եւ պոռոտախօս ճառերէ: Ինչքա՜ն զոհերը դարձած ենք ինքնախաբէութեան, սիրուն պատրանքներու, գունագեղ երազներու: Ժամանակն է վերջակէտ դնելու օդակառոյց կարգախօսներու եւ հիմնազուրկ անուրջներու:
Ցաւօք, անցեալին շատ օրօրուեցանք այլոց խոստումներով: Տատանեցանք աջէն ու ահեակէն փչող քամիներով, բարեմիտ կամ չարամիտ յորդորներով: Դիւանագիտական շահերու ոտնակոխ եղած, ծանրօրէն վճարեցինք շատերու խարդաւանքներուն գինը եւ դառնօրէն ցմրուր խմեցինք չարանենգներու սարքած գաւաթը: Այսօր, պատմութեան ուսանելի դասերուն ի տես, ո՞րն է այլընտրանքը՝ եթէ ոչ ուխտապահ շարքերով պահել ու պահպանել այն արժէքները, որոնք կտակուած են մեր մեծ-հայրերէն: Պահել ու պահպանել այն ժառանգութիւնը, որ անոնք փոխանցեցին առատօրէն: Պատմութեան դասը կը թելադրէ՝ ապաւինի՛լ սեփական ուժերուն, ինքնակազմակերպուի՛լ կուռ կարգապահութեամբ, գիտնալ տէ՛րը կանգնիլ այն գանձերուն, որոնք կրնան ըլլալ փրկարար լաստեր՝ մերօրեայ թէժ ու դաժան օրերուն: Արդարեւ, առաջին հերթին տէր կանգնիլ այն ափ մը հողաշերտին, որ մեր պապենական բնօրրանին մէկ մասն է լոկ: Այսօրուան հրատապ հարցը՝ հողատիրութիւնն է եւ այն ալ կ’ըլլայ հայրենիքին զօրացումով՝ իր բնակչութեամբ, բանակով, տնտեսութեամբ, հոգեմտաւոր կարողականութեամբ: Տէր կանգնիլ այն առանցքին՝ որ մեզի կ’օժտէ ինքնապաշտպանութեան բնազդով, ինքնուրոյնութեան բաղադրիչներով, որոնք են՝ հայրենիք, ընտանիք, ազգային-մշակութային կառոյցներ, գիր ու գրականութիւն, ոգեկան խոյանքներ: Տէր կանգնիլ ամէն մէկ նշխարի, որ կրնայ կռուան դառնալ ինքնութեան պահպանման: Մեր ունեցածը առաւել չկորսնցնելու համար ի՞նչ կայ աւելի այժմէական՝ եթէ ոչ ուխտապահներու վայել բարձր գիտակցութեամբ մնալ կառչած մեր ազգային դիմագիծին: Եւ այս բոլորը, անտարակոյս, ինքնավստահ լաւատեսութեամբ, նպատակասլաց խոյանքով, յստակ ծրագիրով: Յուսահատներուն համար չէ աշխարհը. թուլակամները ընդունուած չեն ճակատագրին կողմէ. թեթեւամտութիւնը եւ քաղքենիականութիւնը վարակիչ ախտեր են՝ ազգային երթը կազմաքանդող: Հետեւապէս, ուխտապահներուն դերն ու առաքելութիւնը աւելի եւս կը կարեւորուի մեր օրերու թոհուբոհին մէջ, ազգավնաս հոսանքներու դիմաց:
Ապրիլեան նահատակները պիտի մոռցուէին՝ եթէ 110 տարիներ ուխտին հաւատարիմ սերունդները չյաջորդէին զիրար, եթէ ազգային ջահը չփոխանցէին ամենայն պատուախնդրութեամբ եւ յանձնառութեամբ: Եւ հասանք հոս՝ որպէսզի շարունակենք ուխտապահներուն սկսած երթը: Եւ տակաւին պիտի շարունակուի երթը, որովհետեւ խաչելութենէն յարութիւն առած հայութիւնը ծարաւի է արդարութեան, տէրը իր իրաւունքներուն, պահապանը իր արեան կանչին եւ երդուեալը իր ուխտին:
Ուրեմն՝ Ապրիլ 24- ի այս արշալոյսին՝ ողջո՜յն բոլոր ուխտապահներուն: