Եթէ ամփոփենք հայութեան անցեալ 10 դարերու քաղաքական ընթացքը՝ պետութենական պրիսմակէն, կը տեսնենք թէ մենք՝ հայութիւնը քաղաքական, հողային ու թուային նահանջի մէջ եղած է: Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարածքը Հայկական Լեռնաշխարհի մէկ-վեցերորդը կ’ընդգրկէր: Հայաստանի խորհրդայնացումի օրերուն այդ տարածքը կրճատուած էր առնուազն կէսով: Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն կորսցնուցինք մեր պետութեան սահմանակից հայաբնակ տարածքներու հայութեան կարեւոր մէկ մասը: Իսկ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան ներկայ օրերուն կորսնցնելու վտանգի տակ ենք քառորդ դար եւ աւելի ապրած Արցախի հանրապետութիւնը:
Եթէ փոքր խորութեամբ իսկ քննենք անկիւնադարձային թուականները վերջին 150 տարիներու հայկական ճակատագրին, ապա կը տեսնենք յուսատու, լուսատու պահեր, իրագործումներ, հայ իրականութեան բարելաւման հեռանկարներ եւ մեծ ջանքեր, որոնցմէ ոմանք, սակայն, կը տապալին ներհայկական եւ արտաքին գործօններու պատճառով (1914-ի հայկական բարենորոգումներու գործադրութեան եզրին հասած ծրագիրը, Սեւրը, Արցախի հանրապետութեան հռչակումը…):
Միւս կողմէն, կը հիանանք նոյն այս վերջին 150-ամեակի հայութեան կենսագործունէութեամբ: Աւելի քան 500 տարի Օսմանեան բռնակալութեան տակ ճզմուելով հանդերձ, 1915-ին յաջողած էինք յառաջացնել աւելի քան 2000 դպրոց եւ քոլէճ հաշուող արեւմտահայ կրթական ցանց մը, Ցեղասպանութեան շարունակուող իսկ տարիներուն տասանորդուած հայութիւնը յաջողեցաւ յառաջացնել Հայկական Լեգէոն, յաջողեցաւ – Ցեղասպանութեան իսկ տարիներուն – հանրապետութիւն հռչակել ու պահպանել թէկուզ ծանր գին վճարելով: Այդ հանրապետութեան թոյլ հիմքերը զօրացուց Խորհրդային Հայաստանը, որ նոյնպէս ծանր գին վճարեց իր ոչ-գերիշխան հանգամանքով, ստալինեան բռնութիւններով ու աքսորներով, բայց հիմք ծառայեց Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան եւ Արցախի հանրապետութեան հռչակման:
Անդին, Սփիւռքի մէջ, անապատացած, կրկնաքսորուած հայութիւնը վերականգնեց ինքզինք, յաջողեցաւ ազգային ինքնութիւն յառաջացնել, դաստիարակեց զաւակներ, որոնց գիտական, տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային համաշխարհային նուաճումներով հպարտացաւ, դարձաւ սփիւռքահայութիւն, որ այսօր աւելի՛ քան երէկ, ողջմիտ ու ռազմավարական ճիգերով կը ձգտի վերամիաւորելու 387-ին երկատուած հայութիւնը՝ կամրջուելով Գ. Հանրապետութեան հայութեան:
Մինչ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը այլ երեսակներով. 1923-էն ետք Թուրքիան որդեգրեց մշակութային ցեղասպանութիւն, արտաքսեց պապենական հողերուն կառչած հայութեան մնացորդացը 1929-32-ին, ճնշումներ գործադրեց պոլսահայութիւնը տկարացնելու, ուրացաւ ու ժխտեց հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ այսօր Ատրպէյճանի հետ անցած է լայնածիր, համակարգուած հակահայ քաղաքականութեան: Իդէպ, եթէ Երիտթուրքերը փոխարինելով սուլթան Համիտը շարունակեցին անոր հայութիւնը հողազրկելու, պետականազրկելու քաղաքականութիւնը, եւ եթէ Մուսթաֆա Քեմալը փոխարինելով երիտթուրքերը շարունակեց անոնց հայաջինջ քաղաքականութիւնը, ապա Ատրպէյճանը այսօր չի փոխարիներ Թուրքիան եւ վերջինիս անցեալի ու ներկայի արիւնկզակ ղեկավարութիւններուն քաղաքականութիւնը, այլ Թուրքիոյ հետ յառաջացուցած է երկակի հայակուլ եւ հայաստանակուլ, հայրենազրկումի քաղաքականութիւն:
Վերոյիշեալներուն կողքին, վերջին տարիներուն կը տեսնենք այլ զարգացումներ եւս. պապենական հողերու մերձակայ արաբական ու արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու հայապարպում, բայց նաեւ հայ պետականութեան հաստատում եւ անոր այլատեսակ կայացման մնայուն տագնապ, այլ խօսքով՝ հայութեան գոյութենական մնայուն պայքար: Յիրաւի, սեւ ու ճերմակ, յաճախ ալ գունաւոր ու անյստակ իրադարձութիւններու շարան մըն է հայութեան վերջին 150 տարիներու կեանքը:
Ուստի, վերջին հազարամեակի մեր գխաւոր խնդիրը կարծէք երկուղի պայքար մըն է. յաճախ հայութիւնը ի՛նք հակադարձած է իրեն դէմ ուղղուած արարքներուն, եւ եղած են պարագաներ երբ ի՛նք նախաձեռնած է գործողութիւններու – ըստ իր կարողականութեան ու պայմաններուն – յառաջացնելով նախադրեալ հիմնատարրեր՝ հայ պետականութեան վերստեղծման:
Լինել-չլինելու գոյութենական այս խնդիրը նոր չէ: Լինել-չլինելու գոյութենական այս պայքարը միայն մերը չէ. միայն մենք չենք որ այս ճիգին մէջ ենք: Դարերու ընթացքին շատ մը ազգեր դարձած են չլինող, մնացած են պատմութեան հատորներու մէջ իբրեւ չշնչող իրողութիւն:
Անոնք ընտրած են չլինելու ուղին. անոնք որդեգրած են ազգային անձնասպանութեան ճամբան:
Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն մենք ընտրեցինք լինելութեան ուղին, Սարդարապատով մենք որդեգրեցինք պետականութեան ձեռքբերման ուղիի տեսլականը: Այսօր մեզ ոչնչացնելու ոճրային ծրագրին գործադրութենէն 110 տարիներ ետք, մենք ի՞նչպիսի լինելութեան կը ձգտինք. միայն պատմութեան գիրքերո՞ւ մէջ, անհայրենի՞ք, ո՞չ-հայախօս, ինքնութենազո՞ւրկ հայ, անուանապէ՞ս գոյատեւող, թէ՞ իբրեւ պետութենատէր հայ, ազգ…:
Պատկերը որոշապէս յստակ է. կանգ մենք՝ հայութիւնը եւ մեր տեսլականը, ու կան միւսները՝ ոչ-հայութիւնը:
Ոչ-հայութիւնը երկու խումբ է. ա) անոնք որոնք մեր հանդէպ ոխերիմ, մնայուն հակառակութիւն ունին. ասոնց ռազմավարական նպատակը հայութեան ոչնչացումն է, մինչ մեր ռազմավարական տեսլականը իրենց հանդէպ մեր արդար ու բարիդրացիական, ստեղծագործական գոյատեւումն է:
Ոչ-հայութեան երկրորդ խումբը կը բաղկացնեն անոնք, որոնք հայութեան հանդէպ ռազմավարական ոչնչացման նպատակ չեն հետապնդեր:
Հայութիւն-ոչ-հայութիւն շփումի այս համապատկերին մէջ կայ դերակատարներու երկու խումբ՝ հայերս եւ ոչ-հայերը:
Եթէ մեր տեսլականը արդար ու բարիդրացիական գոյատեւումն է մեզ իրենց ոխերիմ հակառակորդ նկատող եւ մեզ ոչնչացնելը ռազմավարական նպատակ դաւանողներուն հանդէպ, ապա կրնանք պատկերացնել թէ ինչպիսի յարաբերութիւններու կը ձգտինք հայերս՝ մեզ իրենց ոխերիմ հակառակորդ չնկատող եւ մեզ ոչնչացնելը ռազմավարական նպատակ չդաւանողներուն հանդէպ:
Այս համապատկերին դիմաց ի՞նչ ընեմ ես, ի՞նչ ընես դուն, ի՞նչ ընենք մենք:
Քիչ առաջ ակնարկեցի ազգային ինքնասպանութեան:
Համոզուած եմ որ ազգովին ինքնասպանութեան գացող զանգուածը չենք մենք. գործնապէս անհնար է միակարծութեան բերել հայութիւնը՝ որեւէ բանի շուրջ: Այսինքն, եթէ որեւէ հարցի շուրջ հայերս երբեւէ միակարծիք չենք եղած եւ չենք ըլլար, բնականաբար միակարծիք պիտի չըլլանք ազգային ինքնասպանութեան շուրջ:
Մեզմէ ոմանք կրնան ազգային անձնասպանութիւն գործել. այսինքն
հրաժարիլ հայկականութենէն, պատմութեան մոռացութեան գիրկը նետել այս բոլորը եւ ապրիլ այնպէս՝ կարծես ոչինչ պատահած է իրեն, իր-քու-իմ նախորդներուն: Ապրիլ պարզապէս իբրեւ մարդ:
Ապրիլ իբրեւ մա՞րդ. իսկ ի՞նչպիսի մարդ: Ինքզինք խաբած, կեղծած, մոռցած, անարմա՞տ մարդ: Ի՞նչպիսի մարդ է արդեօք ան, կեանքի եւ բարոյականութեան ի՞նչ արժէհամակարգի տէր է ան որ հրաժարած, մոռացութեան մատնած է իր ամբողջ անցեալը, պատկանելիութիւնը: Ատիկա կը նշանակէ ապրիլ ի՛ր իսկ դէմ, հակամարդկային արժէքներու ընթացքով:
Երեք մատնանշում կը փափաքիմ կատարել.-
Առաջին) Ոմանք կրնան գանգատիլ որ մե՛ր, հայկակա՛ն երթը, ընթացքը մեծ մարտահրաւէր է, մեր կարողութենէն վեր ճիգ կը պահանջէ, հայութիւնը այսօր այնպիսի խայտառակ, տագնապալի, տհաճ վիճակի մէջ է որ անկարելի է յանձնառու հայ ըլլալ: Սիրելիներ, մենք այսպէս կը մտածենք, որովհետեւ մենք շատ լաւ գիտենք մեր հայկական խոհանոցը, բայց շատ գէշ գիտենք որեւէ այլ ժողովուրդի խոհանոց: Աշխարհի ո՞ր ժողովուրդները տագնապալի, տհաճ, խայտառակ վիճակի մէջ չեն այսօր. Ֆրանսան չխայտառակուեցա՞ւ երկրորդ համաշխարհայինին Գերմանիոյ յանձնումով, Սովետ Միութիւնն ու Մ. Նահանգները չխայտառակուեցա՞ն նոյն Աֆղանիստանէն քաշուելով… Ֆրանսայի մեծագոյն հպարտանքներէն չէ՞ Նափոլէոն Պոնափարթը, որ ծանրօրէն պարտուեցաւ Ուոթըրլուի մէջ… բոլորին ալ օրինակները շատ-շատ են ու շարունակուող (մոռցա՞նք տակաւին բոցավառող Ուքրաինայի կացութիւնը): Իսկ ի՞նչ վիճակի մէջ է աշխարհը…: Բարւո՞ք, գոհացուցի՞չ, թէ՞ խայտառակ ու ճգնաժամային… Կազայի ցեղասպանութիւնը պաղեստինեան ու հրէակա՞ն խայտառակութիւն է, թէ՞ համաշխարհային, իսկ քանի մը օր առաջ Վատիկանի շուքին տակ կայացած Ատրպէյճանի այսպէս կոչուած ալպանական քրիստոնէութեան նուիրուած գիտաժողովը գիտակա՞ն, քրիստոնէակա՞ն, համակրօնակա՞ն, թէ՞ կաշառակերութեա՞ն խայտառակութիւն է …:
Երկրորդ) Հայերս մեր ձախողանքը աւելի սուր ու տառապալից կ’ընկալենք քան մեր յաջողութիւնները: Դո՛ւք ըսէք. մենք ո՞րքան ուրախացանք երբ վերատիրացանք Արցախին, իսկ աւելի չտխրեցա՞նք երբ այսօր եւ միայն այսօր ֆիզիքապէս հայութիւն չկայ հոն: 25 տարուան ընթացքին, աւելի քիչ ուրախացանք Արցախով եւ գործեցինք Արցախի համար, քան հինգ տարիէ իվեր կը տխրինք ու կորսուած ենք Արցախի համար:
Երրորդ) Մենք, հայերս մի՛շտ աւելի լաւին կը ձգտինք: Աւելի լաւին ձգտիլ կը նշանակէ շատ ալ գոհ չըլլալ ներկայէն, այդ պատճառով ալ աւելի լաւին կը ձգտինք: Բայց մեզմէ կը վրիպի այն հիմնական մանրամասնութիւնը, թէ մենք լաւին մէջ ենք եւ սակայն աւելի՛ լաւին կը ձգտինք: Մենք մնայուն դժգոհներ ենք մեր վիճակէն, որ լաւն է. մենք դժգոհ ենք, որովհետեւ լաւը մեզ չի գոհացներ, բայց ատիկա չի նշանակեր որ լաւը, որուն մէջ ենք, լաւ չէ:
Պիտի բերեմ դիմատետրին, ֆէյսպուքին օրինակը: Սիրելիներ, քանի՞ հոգի գիտենք, որ ֆէյսպուքի վրայ իր տխուր, լացակումած դէմքը կամ վիճակը կը հրապարակէ: Չէ՞ որ բոլորս ալ կը ջանանք մեր դրական, միշտ ժպտուն, միշտ ուրախ (որ կը նշանակէ յաջողակ) իմէճ մատուցել հանրութեան՝ մեր մասին: Բայց շատ լաւ գիտենք որ մեր այդ «յաջողակ»ի իմէճը մեր ամբողջութիւնը չէ, մեր իրական իրականութեան մէկ մասն է միայն:
Օտար ազգեր, ժողովուրդներ, հաւաքականութիւններ ալ մեր բոլորին պէս կը ձգտին դրական պատկերացում հրամցնել: Այս խաղը՝ իրականութեան միայն դրական կողմը ներկայացնելու, բոլորս կը խաղանք ու կը փափաքինք որ մեզ դիտողները հաւատան հրամցուածին: Սակայն մենք այդ խաղին զոհերը կը դառնանք՝ փայլուն, հրապուրիչ տեսնելով ուրիշինը, մինչ գիտենք որ մերը նոյնպէս ունի – բոլորին նման – փայլուն եւ մթագնած կողմեր:
Ուրեմն ի՞նչպէս ընթանանք, ի՞նչով առաջնորդուինք:
Սիրելիներ, եթէ միջակ խորութեամբ իսկ սերտենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, կամ Ցեղասպանութեան որեւէ յուշագրութիւն կարդանք, մեր մէջ պիտի յառաջանայ փորձառութեան հսկայ ծաւալ ու որակ, որ մեզ կը կողմնորոշէ լաւին ու աւելի լաւին միջեւ, կարեւորին ու աւելի կարեւորին միջեւ:
Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց հռչակումը գրեթէ զուգադիպեցաւ համաշխարհայնացման նոր ալիքին, որ տակաւ կը հզօրանայ արհեստագիտական նորագոյն ձեռքբերումներով:
Համաշխարհայնացման այս տասնամեակներուն, մենք արեւմտահայ ցեղասպանուածներու յետնորդ չորրորդ սերունդս, դուրս գալով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան զգացական ազդեցութենէն, ոչ թէ անցնինք խարխափումի, այլ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու անոր դասերը բանական-բարոյական ուղեցոյց, մտահորիզոն ու տեսլական խորք դարձնելով մեզ վերակերտենք իբրեւ սփիւռքահայ քաղաքացի, որուն բաղադրատարրերը քաղաքացի մարդն են, հայը (եւ Հայաստանը) ու արտահայաստանը:
Սփիւռքահայ քաղաքացի, որ իր յարատեւ երթին մէջ գործքի՛ն կը հաւատայ, հարցերը կ’արժեւորէ ժամանակի ու տարածութեան հիմամբ ու այդպէս կը գործէ, կը գիտակցի որ ինք առանձինն պզտիկ ուժ է, հետեւաբար, իր նեղ, անձնական ու տեղայնական շրջանակներէն անդին կը լծուի հատուածականութենէ անդին անցնող գործակցական, ներդաշնակ գործունէութեան, կը գիտակցի որ մերօրեայ Հայաստանը այն աղբիւրն է որմէ կը սնանին անկէ յառաջացող առուակն ու եզերող կանաչութիւնը եւ այլ գոյութիւններ: Սփիւռքահայ քաղաքացի, որ ոչ թէ կ’երթայ ցեղասպանուած իր գերդաստանին ու ազգին քով, այլ զանո՛նք կը բերէ ի՛ր քով, ո՛չ թէ անոնց հետ կը քալէ, այլ զանոնք ի՛ր հետ կը քալեցնէ, զանոնք կ’այժմէականացնէ: Այլ խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան կու տայ մերօրեայ ժամանակակից խորհուրդ ու իմաստաւորում, Արցախի մերօրեայ նահանջին մէջ կը մեղադրէ ոչ միայն միւս հայը, այլ ամբողջ հայութիւնը, նաեւ՝ ինքզինք: Ինքզինք կը նկատէ իր ու իր ընտանիքին ղեկավարը, կը նախաձեռնէ մտասեւեռ արժէհամակարգ սերմանել իր զաւակներուն մէջ եւ ազգային իմաստաւորում կու տայ իր ընտանեկան, կենցաղային, կրօնական, ընկերային գոյերթին, իսկ իր առաջնորդներուն կը թողու այդ գոյերթին ներդաշնակ փոխակերպումը քաղաքական գոյերթի:
Հարազատներ, Հայոց ցեղասպանութեան փորձառութիւնը ինքնահաստատման ճիգ է, ուժ է ազնուութեան, խաղաղ ու ստեղծագործ գոյակցութեան, անով լուսաւորուիլը՝ Լուսաւորչի կանթեղ, հաշտ կենակցութիւն անձի ու ազգային անցեալի արժէհամակարգերուն, շարունակականութիւն:
Հայոց ցեղասպանութիւնը տեսլական առաքելութիւն է հաստատ պահելու մեզ մեր մարդկային արժէհամակարգերուն մէջ: Հայոց ցեղասպանութիւնը իմ, քու եւ բոլորիս անօտարելի էութեան բաղկացուցիչ է, հայութիւնն է, եւ այն համայն մարդկութիւնը, որ կը ճանչնայ անոր իրականութիւնը ու կը գործէ անոր բարոյական խորհուրդներով:
Ոչ թէ դիւրին չէ այս ուղին, այլ՝ դժուար, որովհետեւ մեր առօրեայ հեւքը մեզ կը տանի խոտի պէս ապրելու ճանապարհով: Հայոց ցեղասպանութեան այս 110-րդ տարելիցը թող հանդիսանայ այն կանչը, ղօղանջը, որ մեզ նորովի արթնցնէ ու զգօնցնէ եւ մենք մեր նահատակները նորովի յարգենք կենսագործելով անոնց ներշնչած խորհուրդները: