Ի՞նչ է հայրենիքը քեզի համար, նոր օրերու հայորդի, արդեօ՞ք զուարճանալու եւ արձակուրդ անցընելու վայր մը միայն, թէ՞ աւելի խորունկ կը մտածես արմատներուդ եւ զանոնք առողջ պահելու մասին։
Արդեօք կը կոտտա՞յ վէրքը, դեռ չսպիացած վէրքը մօտիկ անցեալին, թէ՞ արդէն մոռացութեան մատնած ես անցեալը…
110 տարիներ անցած են Մեծ Եղեռնէն եւ կրկնուող պատմութիւնը չձգեց մեր վէրքը սպիանայ…
Պատմութիւնը կրկնուեցաւ դեռ մինչեւ վերջերս, որորվհետեւ «Քաղաքակիրթ Աշխարհը» դարձեալ նախընտրեց լռել եւ խուլ ձեւանալ…
Թատրո՞ն էր արդեօք, որ աշխարհը լուռ հետեւեցաւ, եւ միթէ՞ այդքան անհասկնալի եւ բարդ էր նիւթը որ չհասկցան թէ ինչ կը պատահի երկրի մը մէջ, որ միայն լոյս սփռած է աշխարհին… Չհասկցան, որ ժողովուրդ մը ամբողջ կը ջարդուէր, տեղահան կ’ըլլար…
Բայց մե՛նք ի՞նչ ըրինք այս անցնող 110 տարիներուն։
Մենք ծափահարեցինք երբ լռած երկիրներ սկսան ընդունիլ մեր ցեղասպանութիւնը. այո՛, առաջին ծափահարողները եղանք այդ թատերախաղին եւ յետո՞յ… Կրկնուեցաւ ողբերգութիւնը եւ աշխարհը դարձեալ լուռ հետեւեցաւ։ Ողբերգութի՞ւն էր, թէ՞ կատակերգութիւն…
Ո՞ր բեմադրիչը նոյն վարպետութեամբ շարունակեց երկրորդ, երրորդ արարները եւ քաղաքավար հանդիսատեսը ծպտուն մ’իսկ չհանեց։
Հիմա ի՞նչ կը սպասենք։ Կը սպասենք, որ դարձեալ սկսինք հաշուել թէ քանի՞ երկիր պիտի ընդունի կատարուած անարդարութիւնը, կրկնուած ցեղասպանութիւնը։
110 տարի երգեցինք ու լացինք, պոռացինք ու կանչեցինք. «Մեր հողերը, մեր հողերը» եւ նորէն հող յանձնեցինք ու նստած կը սպասենք պապանձած աշխարհին օգնութեան։
Մեր մարմինը բռնագրաւած էին, միայն գլուխը մնացած էր աղջկայ մը կողքէն նայուած պատկերի մը պէս բարակ պարանոցի մը վրայ, այսօր պարանոցն ալ յանձնեցինք…
Այդ պարանոցին հետ սերունդ մը տուինք… Սերունդ մը գնաց…
Հաշմանդամ դարձուցին մեզ ու մենք դեռ կը սպասենք… Դեռ կը սպասենք թէ օտարը ե՞րբ ձայնը պիտի բարձրացնէ արդարութեան համար, որ մենք դարձեալ ծափ տանք եւ ուրախանանք։
Այդ մենք ենք, որ մեր ողբերգութիւնը վերածած ենք կատակերգութեան՝ ցատկռտելով, պարելով օտարին դիմաց, որ իրենք ալ պարեն մեր ցաւին վրայ։
«Օտարից մեզ ֆայտա չկայ» երգեցին մեր նախնիները… Բայց չսորվեցանք…
Նոր Սերունդ, որ կ’աճիս ու կը մեծնաս ոչ թէ անապատներու աւազներուն վրայ մահամերձ մօրդ դողդոջուն մատներով Այբ Բեն Գիմը սորվելով, կ’աճիս, կը մեծնաս ոչ թէ ջարդէն ճողոպրած՝ հասած երկիրնին խարխուլ փայտեայ յարմարցուած դասարաններու մէջ, այլ կը զարգանաս աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ։ Եթէ զարգացած է նաեւ քու ինքնասիրութիւնդ՝ քու գրիչովդ լեցուր երկրիդ, ազգիդ պատմութեան էջերը…
«Զարթի՛ր լաօ, մըռնիմ քըզի»…
Եւ սկզբունք պիտի դարձնես, որ արիւնով գրուած էջերը պատմութեան սակարկութեան չեն դրուիր։ Խաղաղութիւնը անարդարութեան վրայ չի կառուցուիր։
Այսօր դարձեալ կը քանդեն մեր երկիրը, կը խաղան մեր սուրբ հաւատքին հետ։
Իրաւունք չունիս դաւաճանելու յիշողութեանդ, որովհետեւ յիշողութիւնը պատասխանատուութիւն է եւ անոր պատասխանատուն ԴՈ՛ՒՆ ես։
Գոյատեւեցինք ու յաղթահարեցինք Կարմիր ջարդը մեր չյուսահատելու քաջ կամքով։ Սակայն անոր յաջորդեց «Սպիտակ ջարդը», որ նոյնքան սարսափելի էր վերապրող մեր հայրերուն համար, որոնք օտար հողերու վրայ կառուցելէ ետք եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակոյթի կեդրոններ, ապրեցան նաեւ վիշտը այն զաւակներուն, որոնք մերժեցին հայերէն խօսիլ, չուզեցին յաճախել հայկական վարժարան, եւ եկեղեցին ձանձարալի գտան։ Վերապրող սերունդին համար այդ տեսնելը երկրորդ ջարդ մըն էր, որոնք իրենց որբութեան ցաւին, գաղթականի հոգեբանութեան, երկիրը ձգելու ողբերգութեան դարմանը գտած էին կառուցելով նորը, հաւատարիմ մնալով իրենց պապերուն Աստծոյն, իրենց երկրէն իրենց հետ բերած սովորութիւններուն, բարքերուն, մշակոյթին եւ ինչու չէ մինչեւ կերակրատեսակներուն։
Սակայն այսօր կ’ապրինք ամենասարսափելին եւ արդեօ՞ք կ’անդրադառնանք թէ ո՞ւր պիտի հասնինք։ Այսօր մեր ջարդը աւելի վտանգաւոր է, որովհետեւ «Անգոյն ջարդ»ն է, որուն առաջքը առնել շատ դժուար է, գոյն չունի եւ մենք չենք գիտեր որ կողմէն եւ ինչպէս պաշտպանուինք։
Այդ անտարբերութիւնն է, լռութիւնն է «Անգոյն ջարդ» անուան տակ… Երբ «Անգոյն կրակ»ի մէջ է մեր նահատակներուն արիւնով սնուած հողը, երբ կ’աղաւաղուի մեր պատմութիւնը եւ նոյն կրակին մէջ կ’այրի մեր դարաւոր գրականութիւնը, երբ թշնամիին հեքիաթներով կը մեծնան նոր սերունդները, երբ նոր գաղթականներ կը լեցուին ապաստանավայրերէն մինչեւ օտար քաղաքներ՝ ձուլարաններ, երբ անցեալի ցաւը դաս չդարձաւ ոչ միայն աշխարհին, այլ մեզի՝ ցաւը ապրողին, ցաւով տառապողին…
Այո՛, անգոյն է մեր ջարդը եւ շատ վտանգաւոր։
Սակայն այս վտանգն ալ պիտի յաղթահարենք։
Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ, որ Պատմութեան մէջ էջեր կան, որոնք սակարկութեան չեն դրուիր։
Յիշողութիւնը պատասխատատուութիւն է, որ պարտաւոր ենք պահելու եւ իրաւունք չունինք մոռնալու։
Երբ կը մոռնանք՝ դիւրութեամբ կը կրկնեն։
Երբ կը լռենք՝ պատմութիւնը կը կեղծեն։
Երբ կը նուաղինք՝ ողբալի կը դառնանք։
Իսկ մենք պարտաւոր ենք վառ պահելու մեր յիշողութիւնը։
Մեր պատմութիւնը արմատ ունեցող դարաւոր պատմութիւն է։
Հայուն վայել չէ նուաղիլ։
«Անգոյն ջարդ»ը դաւաճանելն է յիշողութեան, այսինքն մոռնալ անցեալը։
Իսկ մոռնալ կը նշանակէ դաւաճանել նահատակները։
Մոռնալ կը նշանակէ հող պատրաստել նոր եղեռնի։
Մոռնալ կը նշանակէ արմատ կորսնցնել։
Եւ պիտի չմոռնաս, որպէսզի այլեւս չունենանք անանուն գերեզմաններ։
Այլեւս չունենանք անյայտ կորածներ։
Այլեւս չունենանք յուշարձաններ անյայտ կորած զինուորներու։
Որպէսզի չկոչուինք գաղթական ու փախստական։
Անոր համար ամուր պիտի կառչիս հաւատքիդ եւ հաւատարիմ մեր սուրբ եկեղեցիին, պիտի սիրես հայրենիքդ, պիտի մեծարես նախնիներդ, պիտի կերտես վաղդ՝ հպարտ դիմաւորելու հսմար նոր արշալոյսները։
Պիտի յիշես եւ չմոռնաս։ Ջարդեցին մեզի բայց մենք սփռուեցանք աշխարհով մէկ մեր լոյսը տարածելու համար։ Մեր հետ տանելու մեր հանճարն ու տաղանդը, նոյնիսկ թշնամիներու երկինքներուն վրայ աստղեր դառնալու, որ ամէն խաւարի մէջ մե՛ր լոյսը տեսնեն։
Այդ լոյս տարածող ժողովուրդին զաւակներն էք դուք։ Եւ հպարտ պիտի ապրիք, ինչպէս Վարդանանց ճակատամարտը դարձուցինք հոգեւոր յաղթանակ, այդպէս մեր այս ցաւէն դուրս պիտի գանք որպէս լոյս սփռողներ աշխարհին։
Հպարտ ապրի՛ր ու ձեռքդ առ վեհ պատմութեանդ գրիչը, պիտի փոխես սեւ մրուրով գրուած էջերը պատմութեան եւ պիտի ջնջես մեր ճակատէն ամօթը պարտութեան, որովհետեւ մենք ենք ընտրեալ ժողովուրդը, Յարութեան հաւատացող եւ Յարութիւն առնող երկիրն ու ազգը։
ՏՈՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ