Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ. «ԱՄԵԼԷ ԹԱՊՈՒՐ»ՆԵՐՈՒ (ԲԱՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՒՄԱՐՏԱԿՆԵՐ) ՄԷՋ ԸՆԴԳՐԿՈՒԱԾ ՈՐՈՇ ՀԱՅ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ՍՊԱՆՆԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

April 24, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան լաւատեղեակ անձերու ծանօթ են «Ամելէ թապուր»ները (Բանուորական գումարտակներ), որոնք Օսմանեան իշխանութիւնները գործածած էին՝ հայ եւ յոյն ինքնապաշտպանութեան ատակ տղամարդիկը չէզոքացնելու նպատակով։ Բայց այն համեմատաբար քիչ ճանչցուած է, քանի որ եղած են դէպքեր, ուր այդ հայ կամ յոյն տղամարդիկը ապստամբած են այս ստորացուցիչ վիճակին դէմ։

Պէտք է նշել, որ այս գումարտակներուն մէջ ընդգրկուած հայերն ու յոյները զուրկ եղած են զէնքէն, կանոնաւոր հանդերձանքէն եւ անհրաժեշտ սնունդէն։ Օրինակ՝ 1961-ին իր յուշերուն մէջ պոնտոսցի յոյն զինուոր Տիմիթրիս Ցիրկինիթիսը կը գրէր․ «Մեզի զէնք չտուին։ Մեր միակ զինուորական հանդերձանքը՝ ծակ-ծուկ, պատառ-պատառ մեծ վերարկու մըն էր, որ կ’օգտագործէինք իբրեւ ներքնակ եւ անկողին։ Հոկտեմբեր ամսուան վերջն էր, ձիւն կը տեղար։ Ուտելիքը կազմուած էր օրական երկու անգամ տրուած հացի կտորէ եւ պնակ մը ապուրէ։ Ամէն օր մեզմէ ոմանք կը մեռնէին ուժասպառութենէ կամ ծեծի պատճառով։ Յաճախ մեր տրեխներէն ուտելիք պատրաստած ենք։ Նոյեմբերին թիֆոյիտ սկսաւ…»։

Ինչպէս կը նշուի Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի գիտահետազօտական հիմնադրամի կողմէ առաջին անգամ հրապարուած սոյն Օսմանեան փաստաթուղթին մէջ, Զմիւռնիոյ (Իզմիր) նահանգի Ուրլա գաւառի բանուորական գումարտակներէն մէկուն մէջ ընդգրկուած հայ տղամարդիկ սպաննած են իրենց թուրք կապիտանը եւ քանի մը մահմետական զինուորներ։ Հեռագիրին մէջ կը շեշտուի, թէ անհրաժեշտ է համապատասխան միջոցներու ձեռնարկումը։ Այս հեռագիրը՝ Օսմանեան Կայսրութեան Ընդհանուր Անվտանգութեան Տնօրէնութենէն, ուղղուած էր Էրզրում, Ատանա, Անքարա, Պիթլիս, Հալէպ, Սվազ եւ այլ վիլայէթներու, ինչպէս նաեւ Ուրֆա, Իզմիթ, Ճանիկ, Գայսերի եւ այլ սանճակներու։

Թէեւ փաստաթուղթը չի մանրամասներ դէպքին ճշգրիտ պատճառները, բայց կ’ենթադրուի, որ այս ապստամբութիւնը բխած է գումարտակներու անմարդկային պայմաններէն եւ թուրք հրամանատարներու եւ զինուորներու կողմէ կատարուած բռնութիւններէն։ Այսինքն՝ ըստ մեր համոզման, այս փաստաթուղթը պէտք է դիտարկել Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայերու ինքնապաշտպանութեան պարունակին մէջ։

Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ թուրք պատմաբան Սաաիտ Չեթինօղլուին՝ այս փաստաթուղթը հիմնադրամին տրամադրելու համար։

 

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

29 Սեպտեմբեր 2022

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՏԷԼԻ՞… ԹԷ՞ ՃԵԼԼԱԹ

Next Post

«ԵՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՅԱՂԹԵՑԻ»

Next Post
«ԵՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՅԱՂԹԵՑԻ»

«ԵՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՅԱՂԹԵՑԻ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.