Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԷԼԻ՞… ԹԷ՞ ՃԵԼԼԱԹ

April 24, 2025
in Յօդուածներ
0
ՏԷԼԻ՞… ԹԷ՞ ՃԵԼԼԱԹ

 

«Այս զէնքերը հայերուն տուր, որ թուրք ապաննեն»:

Զէյթունցի «տէլի» Սարգիսն է խօսողը, հօրենական մեծ հայրս: «Տէլի», թարգմանաբար՝ քաջասիրտ, անզուսպ, խենթ:

Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտէն ետք, երկրորդ գաղթականութեան ընթացքին է պատահարը: Ինքնապաշտպանութեան համար, հացի եւ ջուրի նման, զէնքի կարիքը կայ: Ունենալու միա՛կ միջոցը, կուսակցական շարքերը անցնիլն է:

Հիմնական պայմանները իմանալու համար, մեծ հայրս եւ աներորդին կը դիմեն օրուայ ղեկավարին: Պետը հանգամանօրէն կը մանրամասնէ պարտաւորութիւնները եւ կ’եզրակացնէ՝ ըսելով. «Եթէ սպանութեան հրահանգ գայ, պարտաւոր էք գործադրել, նոյնիսկ եթէ ենթական ձեր հարազատ եղբայրն է»:

«Հայը, հայ կը սպաննէ՞…», ապշահար իրար կը նային ու հարց կու տան մեծ հայրս եւ աներորդին: Սարգիս աղան, առանց խորը թափանցելու, զէնք ունենալու մարմաջէն տարուած, կ’ուզէ ընդունիլ: Ինքզինք լա՛ւ գիտէ: Ինք հայը սպաննող չէ, նոյնիսկ եթէ կուսակցական հրահանգ է:

«Սարգիս Աղա չ’ըլլար, չ’ըլլար, չի՛ կրնար ըլալ», ըսելով կը միջամտէ Սիմոն էֆէնտին՝ հօրս մօրեղբայրը: Աներորդի եւ քեռայր ձեռնունայն կը վերադառնան տուն:

Առանց զէնքի, առանց ինքնապաշտպանութեան ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ, գոյատեւել, ապահով զգալ:

Քանի մը օր ետք, Զէյթունի «տէլին» (մեծ հայրս), առանձինն կը ներկայանայ բժիշկ ղեկավարին մօտ: Երբ պահակները իմաց կու տան, թէ նման այցելու մը ունի, իրենցմէ կը պահանջէ լաւ մը քննելէ ետք միայն արտօնել որ բարձրանայ իր մօտ, առաջին յարկ: Մեծ հայրս, ձեռքերը վեր կը բարձրացնէ, կը քննեն զինք ու վստահ ըլլալէ ետք որ անզէն է, թոյլ կու տան որ բարձրանայ վերի յարկը: Պահակները կը մնան վարը:

Սովորական բարեւտուքի արարողութենէն եւ որպիսութիւնները հարցնելէ ետք.

  • Տոքթո՛ր, զէնք կ’ուզեմ:
  • Սարգիս աղա, չկայ:
  • Տոքթոր, առանց զէնքի հոսկէ դուրս պիտի չելլեմ:

«Սարգիս աղա չկ…»-ն չաւարտած, արագաշարժ մեծ հայրս անմիջապէս դուրս

կը հանէ իր ձախ ձեռքին եւ շապիկին թեւին միջեւ պահած երկար դաշոյնը ու գլխուն վերեւ կանգնած՝ կը սպառնայ բժիշկին կեանքին:

Անակնկալի եկած ղեկավարը, բազկաթոռին մէջ սմքած կը մնայ: Լաւ գիտէ թէ սպառնալիքը լուրջ է: Ո՞վ ծանօթ չէ զէյթունցի «տէլի» Սարգիսին սխրագործութիւններուն: Պարապ տեղ շահած չէ՛ այդ անունը:

Պահ մը ետք, բժիշկը ինքզինքին գալով կ’ըսէ. «Սարգիս աղա, իրապէ՛ս չկայ, բայց քանի մը օրէն պիտի գայ, երբ գայ անպայման կը ղրկեմ քեզի»:

Քովնտի պահեստանոց, պարապ սենեակը տեսնելէ ետք, կը համոզուի մեծ հայրս, բայց կը պայմանաւորուի՝ ըսելով. «Տոքթոր, եթէ խոստումդ չյարգես, ձեռքէս չես ազատիր, ինչպէս այսօր, նորէն կը հասնիմ քեզի»:

Հայրս լաւ կը յիշէր: Քանի մը օր ետք, գիշերով, հեռուէն, իրենց պարտէզին մէջէն, «Սարգիս աղա՜… Սարգիս աղա՜» պոռալով կանչած էին ու մեծ հայրս պահ մը ետք, երկո՛ւ զէնքով մտած էր տուն:

Դուրսի, արտաքին պատէն անջատ, երկրորդ պատ մը հիւսուած է տան մէջ: Զէնքերը կը պահուին երկու պատերուն միջեւ եղող պարապութեան մէջ:

Վտանգաւոր ժամանակաշրջան է, հայ-թուրք ջարդելու եւ ջարդուելու օրեր:

Շաբաթ մը ետք, քաջասիրտ Սարգիս աղան, գիշերով, առանձինն, դիրք կը բռնէ երկու թուրք գիւղերու միջեւ: Գացող թուրքը, եկող թուրքը որսալով, կ’ապահովէ տասնեօթը կտոր զէնք, դաշոյն, սուր, կացին եւ այլն:

Կտաւէ պարկի մը մէջ զետեղելով կը ներկայանայ բժիշկ ղեկավարին:

– Այս զէնքերը հայերու տուր որ թուրք սպաննեն,- ըսելով կը բաժնուի անկէ:

Այդ բոլորէն ետք, կուսակցապետը նոր անունով մը կը մկրտէ մեծ հայրս. «Ճելլաթ Սարգիս», որ թարգմանի՝ «Դահի՛ճ Սարգիս»:

 

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՏԻԿԻՆ ԱՆՈՒՇԻ «ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ» ՍՊԻՆ

Next Post

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ. «ԱՄԵԼԷ ԹԱՊՈՒՐ»ՆԵՐՈՒ (ԲԱՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՒՄԱՐՏԱԿՆԵՐ) ՄԷՋ ԸՆԴԳՐԿՈՒԱԾ ՈՐՈՇ ՀԱՅ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ՍՊԱՆՆԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Next Post

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ. «ԱՄԵԼԷ ԹԱՊՈՒՐ»ՆԵՐՈՒ (ԲԱՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՒՄԱՐՏԱԿՆԵՐ) ՄԷՋ ԸՆԴԳՐԿՈՒԱԾ ՈՐՈՇ ՀԱՅ ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ՍՊԱՆՆԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.