ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ընթացքին եթէ կը հանդիպիմ նոր պատահարներու եւ դրուագներու, բայց նաեւ անոնք մտածել կու տան ինծի ապրած թէ ապրող իրավիճակներու մասին։ Այդ պատահարները եւ իրենց երկրին դրուածքին մէջ կը խօսին եւ ունին ըսելիք։ Այդ իրավիճակները կրնան ըլլալ պատմութեան մէջ պատահարներ, դէմքեր, թէ դէպքեր։ Իւրաքանչիւրը մտածել կու տայ ինծի այդ պատահարներուն առնչուածութիւնը կեանքի հետ՝ անձնական թէ հաւաքական, որոնք մէկ կողմէ կը խթանեն զիս մտածելու եւ սորվելու։
Մարտ 2025, Սկոբիէ, Հիւսիսային Մակեդոնիա։
Այս իմ առաջին այցելութիւնս է։ Հիւսիսային Մակեդոնիան մաս կը կազմէր նախկին Եուկոսլաւիոյ վարչակարգին, երբ 1991 թուականին Սովետական միութեան փլուզումով արեւելեան եւրոպական երկիրներն ալ նոյնպէս անջատուեցան համայնավար կարգ ու սարքէն՝ ներառեալ Եուկոսլաւիան։ Հիւսիսային Մակեդոնիան ալ դարձաւ անկախ միաւոր, երբ Եուկոսլաւիոյ վարչակարգը տարանջատուեցաւ։
Հիւսիսային Մակեդոնիոյ անկախացումը հեշտ չեղաւ։ 1991-էն ետք ան պէտք ունէր իր «մեծ եղբօր»՝ Յունաստանին հետ համաձայնելու, թէ ի՞նչ անուան տակ պէտք էր ըլլար իր անկախ պետականութիւնը, որպէսզի խոչընդոտ չստեղծուէր երկու մակեդոնական երկիրներու քաղաքակրթութիւններու եւ քաղաքական ինքնութիւններու հաշուարկներուն հետ։ Հիւսիսային Մակեդոնիա անուանումը եղաւ բարւոք լուծումը։
Մայրաքաղաք Սկոբիէի կեդրոնական հրապարակին վրայ կեցած սկսայ դիտել Մեծն Աղեքսանտրի արձանը՝ հզօր զինուորականը իր հզօր նժոյգով եւ սուրով։ Մէկ կողմէ մտածմունքներս գացին իմ նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի պատմութեան դասապահերուն եւ թէ ինչպէս սորվեցանք անոր զինուորական արկածախնդրութիւններն ու ռազմական հմտութիւնները, երբ ան դարձաւ աշխարհակալ։ Հազիւ 20 տարեկան, ան ստանձնեց Մակեդոնիոյ թագաւորութիւնը։ Ան իր փառասէր ու ռազմատենչ մտասեւեռումով տիրապետեց շատ երկիրներ եւ դարձաւ անպարտելի։ Աղեքսանտրի բանակները հասան մինչեւ կեդրոնական, արեւմտեան եւ հիւսիսային Ասիա եւ հիւսիսարեւմտեան Հնդկաստան ու տակաւին Եգիպտոս։ Անոր զինուորական տիրապետութիւնը պիտի հասնէր մինչեւ Արապիա եթէ չըլլար իր կանխահաս մահը 33 տարիքին։ Անկախ իր զինուորական եւ ռազմական հմտութիւններէն եւ կարողութենէն, ան ճանչցուեցաւ որպէս անգութ, միահեծան եւ փառասէր թագաւոր մը, որ ինքզինք կը նկատէր «աստուած»։
Աղեքսանտր յաղթեց աշխարհին։ Բայց արդեօք յաղթե՞ց։ Աղեքսանտր, որ ինքզինք գերազանցեց որպէս աստուած, մահացաւ։ Մահացաւ քանի մարդ էր։ Աղեքսանտր պահանջած էր որ երբ իր դագաղը տանին դէպի գերեզման, ճամբուն երկայնքին զետեղէին այդ բոլոր հարստութիւնները որ ան ձգտած ու շինած էր իր կեանքի ընթացքին։ Ու տակաւին ան ուզած էր որ իր ձեռքերը դագաղէն դուրս մնային։ Աղեքսանտրի դիզած բոլոր հարստութիւնը մնացին ճամբու երկայնքին եւ իր ձեռքերը՝ թէկուզ դագաղէն դուրս, այլեւս անզօր էին ու անկարող։
Պատմութեան հոլովոյթները եւ անոնց արձանագրութիւնները նաեւ դիպուկ են։ Աղեքսանտրի մահէն ետք, ներքին քաղաքացիական պատերազմներ սկսան Մակեդոնիոյ կայսրութեան մէջ որ առաջնորդեց անոր կործանումին։
Մեծն Աղեքսանտր յաղթե՞ց աշխարհին։ Յաղթե՞ց, թէ՞ այլ, ան չշինեց աշխարհը։ Իր թագաւորական, զինուորական ու մարդկային ուժը հիմք չէին ու չեղաւ որ իր «յաղթած աշխարհը» վերածէր նորի՝ Նոր աշխարհի։ Իր մահէն ետք կործանեցան այն բոլորը, որ ինք յաղթած էր։
Բայց Քրիստոս յաղթեց աշխարհին, քանի կերտեց եւ շինեց նոր աշխարհը՝ իր մահէն ետք։ Քրիստոս աշխարհ չեկաւ որպէս զինուորական, ոչ ալ որպէս կայսր։ Ան աշխարհ եկաւ մարդանալով, որպէսզի աշխարհի մարդը փնտռէ, գտնէ եւ փրկէ։ Այս գործընթացը ոչ թէ ռազմական ուժի մարտավարութեան ընդմէջէն, այլ իր սիրոյ շնորհքին միջոցաւ։ Ան այս բոլորը իրականացուց ապրելով աշխարհին մէջ եւ անոր զրկանքներուն, դժուարութիւններուն, փորձառութիւններուն եւ մեղքերուն հետ։ Ան աշխարհի տուեալներէն վեր էր ու մնաց այդպէս։ Վեր մնալու համար ան քննադատեց աշխարհի կարգն ու սարքը։ Քրիստոսի քննադատութիւնը աննպատակ չէր, այլ՝ նպատակասլաց։ Քրիստոս ձգտեցաւ Բարին ներկայացնելու եւ ստեղծելու։ Այս Բարին ստեղծելը զինք առաջնորդեց մինչեւ անարգանք, խաչելութիւն եւ մահ։ Քրիստոսի մահը ֆիզիքական մահուան հասկացողութենէ անդին էր։ Ան յաղթեց մահուան եւ ապրեցաւ ու ապրեցուց։ Այս իմաստով Քրիստոսի յարութիւնը՝ երեք օր իր խաչելութիւն-մահէն ետք, զօրեղ վկայութիւնն է անոր ապրող ըլլալու իրականութեան։
Քրիստոս իր յարութեամբ յեղաշրջեց աշխարհի կարգն ու սարքը։ Այս ընելով Քրիստոս խափանեց սատանային, իմա՝ մեղքին, հնարքները։ Ան իր յարութեամբ հաշտեցուց մարդը Աստուծոյ հետ, որ հեռացած էր Իրմէ Ադամի առաջին մեղքէն ետք։ Այս հաշտեցնելու գործընթացը, իմա՝ ստեղծել-վերստեղծել Նոր Մարդը, Քրիստոսի շնորհած Նոր Կեանքի իրականութեան արգասիքն է։
Քրիստոս իր մահէն ետք շինեց ու կերտեց Նոր Կեանքը, որ մարդուն տուաւ հանգստութիւն, քաջութիւն եւ զգաստութիւն։ Զգաստութիւնը, որպէսզի մարդն ալ այս Նոր Կեանքի միջոցաւ դէմ կենայ աշխարհի մեղքին եւ Նորը շինէ։ Նորը շինելով է որ կը յաղթես աշխարհին, իմա՝ մեղքին։
Քրիստոս յաղթեց աշխարհին, որովհետեւ ան շինեց նորը։
Մեծն Աղեքսանտր յաղթեց աշխարհի՞ն, բայց նորը չկրցաւ շինել։ Իր յաղթանակը իր մահէն ետք վերջացաւ։ Քրիստոս յաղթեց աշխարհին եւ Նորը շինեց։ Իր յաղթանակը իր մահէն ետք կերտեց, շինեց ու տակաւին կը շարունակէ կերտել Նորը։
Աղեքսանտրի յաղթանակը ուժ էր, որ մարդուն կողմէ ստեղծուած էր։ Այս ուժը չդիմացաւ։ Քրիստոսի յաղթանակը Շնորհք է՝ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած, որ կը շարունակուի տակաւին։
Մեծն Աղեքսանտրի արձանին նայելով շարունակեցի դիտել աշխարհը իր ներկայ վիճակին ընդմէջէն։ Պատմութիւնը ինչքան ինքզինք կը կրկնէ։ Աշխարհ տակաւին կը շարունակէ յենիլ իր մարդկային ուժին վրայ։ Աշխարհը այսօր կը շարունակէ իր խօլ արշաւը՝ յաղթելու եւ կլանելու աշխարհը, իմա՝ ինքզինքը, իր ստեղծած մարդկային ուժովը։
Արդի՞ւնքը։
Մեր մարդկային կեանքերը կը շարունակեն գլորուիլ պատերազմներու, նախճիրներու, տեղահանութիւններու, անիրաւութիւններու ու շատ աւելիին մէջ։ Բայց այդ ե՞րբ է, որ աշխարհ աւելի լաւ տեղ մը պիտի ըլլայ ապրելու։ Բայց պիտի ըլլա՞յ արդեօք։
Այո՛, կրնայ ըլլալ։ Եթէ իւրաքանչիւրս եւ բոլորս յենինք Աստուծոյ ստեղծած Շնորհքի ուժին վրայ, երբ ան Նորը շինեց իր մահով եւ յարութեամբ։ Նորը որ Բարին է եւ որ կը ստեղծէ Նոր Բարիները։
Քրիստոս աշխարհին յաղթեց։
Ան յաղթեց, որովհետեւ Նոր Կեանքը շինեց։
Այս Նորը բոլորին համար է։
Այս Նոր Կեանքը ամուր է, քանի Քրիստոս ստեղծեց զայն խաչին վրայ իր մահուամբ եւ յարութեամբ։
Այս այն յարութիւնն է որ Օրհնեալ է։
Քրիստոս Յարեաւ իր մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։