Համաշխարհային Առաջին պատերազմի օրերուն, Իթթիհատական կառավարութիւնը հայաջնջման իր բորենիական որոշումը գործադրութեան կը դնէ։ Առաջին քայլով նաեւ Քղիի հայ երիտասարդութիւնը կ’ենթարկէ զօրակոչի։
Քղիի Ազգային իշխանութիւնը իր Առաջնորդով, կուսակցական առաջնորդներ եւ ունեւորներ կառավարչատուն կը հրաւիրուին, կը ձերբակալուին եւ կը փճացուին։
Պատմութիւնը մանրամասնօրէն արձանագրած է անտիրական, անղեկավար մնացող հայ ժողովուրդի դժբախտ ճակատագիրը։
Հայոց քիրվա Տէրսիմը Քղիէն քանի մը ժամ հեռաւորութիւն ունէր, ինչպէս Խարբերդի, նոյնպէս Քղիի հայութեան մեծ մասը կրնար ապաստանիլ Տէրսիմ՝ եթէ ունենար բանիբուն առաջնորդներ։
Նաեւ Քղիի մէջ, տեղ-տեղ հեռատես անհատներ կը մնան միայնակ։ Քաղաքացի Սարգիս Ժամկոչեանի հրաւէրին կ’անսան միայն 4 անհատներ, որոնք Քէօշմէռի լերան վրայ լազերուն հետ բաղխելով կը զոհուին…։
Փաստաբան Թորոս Էֆ․ Սատըգեանը` Առաջնորդ Թէվէքէլեան վարդապետին կը պարտադրէ կարեւոր անձնաւորութիւնները ժողովի հրաւիրել եւ պատրաստուիլ ինքնապաշտպանութեան: Իսկ Առաջնորդը միմիայն կը մտմտայ։ Թուլակամ ոչնչութիւն մը եւ լման կակղամորթ։
Սրտնեղած Թորոսը Առաջնորդարանէն դուրս ելած միջոցին երկու թուրք ոստիկաններու հետ դէմ դիմաց գալուն, չկարենալով հանդուրժել անոնց հայհոյանքներուն, կը սպաննէ մէկը, կը վիրաւորէ միւսը։ Թորոս Էֆէնտին կը նահատակուի։
Առուց քահանան Տէր Սուրէնը, զինուած, հրաւէր կու տայ գիւղի մնացորդներուն ընկերանալ իրեն։ Ոչ ոք կ’ընկերանայ։ Սրտնեղած ու ընկճուած՝ ձին հեծնելով` կը բարձրանայ Ծերմոց լեռը․ կը սպառին փամփուշտները… ինքզինքը ձիուն հետ քարատակի անդունդը կը ձգէ եւ կը նահատակուի…:
Նոյն տխուր ճակատագրին կ’ենթարկուի Ծերմուց Արիստակէս քահանան:
Գիւղաքաղաքի համազօր, Թէմրանի փողոցներէն աջ ու ձախ վազող Աբրահամ Աբրահամեանը կը խնդրէ պաղատանքներով, որ իրեն ընկերանան զէնքերով. ոչ ոք կը լսէ։ Կը մնայ միայնակ, կ’անցնի Օրօրու լեռները եւ կ’անհետանայ…:
Օրօր եւ Թէմրան գիւղերու աքսորի կարաւանները երբ Բալուի սահմանին մօտ կ’ենթարկուին քիւրտերու եւ թուրքմէններու կողոպուտին եւ ջարդարարութեանց, 12 այրեր եւ կին մը, ոմանք վիրաւորուած, կը թաքնուին թաւուտներու ներքեւ, գիշերով կը վերադառնան եւ կ’ապաստանին Օրօրու լերան անտառները, միակ ատրճանակով մը։ Սնունդի պակասէն եւ հիւանդութիւններէն կը մաշուին եւ կը կորսուին աննպատակ։
Քղի քաղաքի հայութեան հետ հայաշատ գիւղեր՝ Չանագճի, Թէմրան, Աստղաբերդ, Օրօր, Ճպրգիւղ, Հոզաս, Սէրկէվիլ, Սագաձոր, Հէրտիֆ, Տինէկ, Շէն, Աղբզուտ, Չան, Ավըրդնիկ, Առինձ, Խօշքար, Քէրպոզ, Հագստուն եւ Խուրս կը պարպուին եւ կ’ամայանան:
ՍԵԴՐԱԿ ՇԱՀԷՆ
«Յուշեր եւ փուշեր կեանքի ճանապարհին», Ա. հատոր: