Կարինի մէջ Գերմանիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչ, փոխհիւպատոս Մաքս Էրվին ֆոն Շէօփներ-Ռիխթեր սրտցաւ նամակ մը կը գրէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ դեսպան Հանս ֆոն Վանկենհայմին՝ հայոց սակաւաթիւ յաղթանակներուն մասին: Անոր սրտին խոցը Վանի հերոսամարտի հայանպաստ աւարտն ու այդ շրջանին մէջ ստեղծուած նոր դրութիւնն էր: Շէօփներ-Ռիխթեր 15 Մայիս 1915 թուակիր իր նամակին (փաստաթուղթին դիւանական տուեալները՝ 1915-05-15-012, Սկզբնաղբիւրը՝ PA-AA/Կոստ. Դեսպ./168, Տպագրուած՝ Գ. Եւ Հ. փաստ. 051, խմբ. կրճ.) մէջ կ’ըսէ. «Վանի յուզումների համար արտաքուստ առիթ է ծառայել, ինչպէս ես արդէն յայտնել եմ, մի քանի երեւելիների, յատկապէս իշխանների եւ Վանից հայ պատգամաւոր Վռամեանի, ձերբակալութիւնն ու սպանութիւնը, ովքեր հայերի մէջ մեծ յարգանք ունէին»: Այս նախադասութիւնը բաւարար է հասկնալու համար, թէ Ռիխթըր մինչ կը ցաւի թուրքերու պարտութեան համար, միւս կողմէ անտարբեր է անոնց գործած ոճիրներուն հանդէպ, «իշխաններու եւ Վանից հայ պատգամաւոր Վռամեանի» նահատակութիւնը դոյզն չափով իսկ չի հետաքրքրեր զինք, բացի անկէ, որ անոնց սպանութիւնը պատճառ դարձած է հայոց ըմբոստութեան եւ վերջ ի վերջոյ յաղթանակին:
Շէօփներ-Ռիխթեր յաջորդող տողերուն մէջ կը նկարագրէ Վասպուրականի գիւղաբնակ հայոց կոտորածները: Ան կը խոստովանի, թէ հայոց ունեցած զէնքերը լոկ ինքնապաշտպանութեան համար էին, մինչդեռ թուրքերը յարատեւ կ’ըսէին, թէ հայերը այդ զէնքերը ապստամբութեան մը համար ամբարած էին: Ջարդերու նկարագրութիւնն ու փոխհիւպատոսին այս խոստովանութիւնը կը կատարուին ակամայ, որովհետեւ այս իսկ էր ճշմարտութիւնը, որ փոխհիւպատոսը պատճառ մը չունէր պահելու իր մեծաւորէն:
Շէօփներ-Ռիխթեր կը կատարէ կացութեան ախտաճանաչումը՝ ըսելով. «Հայկական Հարցը քննելիս թուրքական կողմն անընդհատ սխալներ է ունեցել»: Սխալնե՜ր… Միայն սխալնե՞ր… Գերմանացի դիւանագէտը ամօ՜թ կը սեպէր գրելու «թուրքերու գործած ոճիրներ» բառերը… Չէ՞ որ Օսմանեան պետութիւնը իր ներկայացուցած պետութեան դաշնակիցն էր. պէտք չէ՜ր զայն վշտացնել, հոգ չէ թէ հայոց արիւնը գետի նման հոսէր:
Ըստ Շէօփներ-Ռիխթերի, Վանի մէջ թրքական ձախողութիւնն ուրիշ պատճառ ունէր: Այդ քաղաքին մէջ տեղակայուած էր ռուսական հիւպատոսարան, իր բառերով՝ «սադրիչ կեդրոն» մը, մինչդեռ «այնտեղ չկար հակակշիռ կազմող գերմանական ներկայացուցչութիւն» (էջ 43): Գերմանացին իսկոյն կը փորձէ չքմեղանալ, գրելով թէ Կարինի մէջ գերմանական նորահաստատ հիւպատոսութիւնը հեռաւորութեան պատճառաւ չկրցաւ իր ազդեցութիւնը պէտք եղած չափով տարածել Վանի մէջ: Ան կ’ափսոսայ, որ Վան ինկած է հայոց ձեռքը եւ քաղաքին հետ կապը կտրուած է:
Շէօփներ-Ռիխթերի այս զեկուցագիրը մեզ մտորելու կը մղէ հետեւեալ փաստին համար. Հայաստանի արեւմտեան հատուածի քաղաքներուն ու Հալէպի մէջ Գերմանիոյ բոլոր հիւպատոսներուն զեկուցագրերն ու տեղեկագրերը հայոց մասին են ընդհանրապէս: Անոնք Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպանին կամ բուն Գերմանիոյ մէջ իրենց մեծաւորներուն կը պարզէին հայոց կացութիւնը, ոչ անշուշտ հայոց ճակատագրին համար մտահոգութենէ մղուած, այլ՝ ի ծառայութիւն Գերմանիոյ շահերուն, որոնք կը համընկնէին թուրքերու հայաջինջ նպատակներուն…
Շէօփներ-Ռիխթեր կը շեշտէ, թէ Վանի հայերը Եւրոպայի իրավիճակին մասին միայն ռուսական աղբիւրներէ կը տեղեկանային, ինչ որ, ըստ իրեն, զիրենք իրազեկ չէր դարձներ իրականութեան: Ան կը գրէ, թէ նահանգին հայութիւնը ոտքի ելած էր «Ռուսաստանի հանդէպ արդէն նախկինում եղած հակուածութիւնը ապստամբութեամբ արտայայտելու համար»: Գերմանացին ամբողջովին կ’անգիտանայ օսմանեան բռնատիրութեան դարաւոր լուծն ու անոր «շնորհած բարիք»ները հայութեան՝ կարծէք նման բաներ երբեւէ գոյութիւն չեն ունեցած: Չէր բաւեր որ գերմանացիք երկար ատեն հայոց դէմ թրքական բարբարոսութիւններուն հանդէպ աչք գոցած էին, հիմա ելեր հայոց ընդվզումին համար երեւակայածին ու խաբեպատիր պատճառներ կը փնտռէին:
Շէօփներ-Ռիխթեր կ’ընդունի, որ «գերմանացիների ազդեցութիւնը հայերի վրայ մինչեւ հիմա եղել է չնչին»: Այս իրողութիւնը ան կը բացատրէ անով, որ միայն սակաւաթիւ ուսեալ հայեր լաւ կը ճանչնային գերմանացիները եւ կը համակրէին անոնց: Հայոց ուսեալ խաւին մեծ մասը Գերմանիոյ թշնամի Ֆրանսայի կամ Ռուսիոյ համալսարաններուն մէջ ստացած էր իր բարձրագոյն ուսումը: Գերմանացի դիւանագէտը կը խոստովանի իր ազգին նկատմամբ ամօթալի հետեւեալ փաստը. «Պատերազմի սկզբում հայ ժողովրդի մէջ նոյնիսկ կասկած կար, թէ արդեօ՞ք գերմանացիները քրիստոնեաներ էին, քանի նրանք դաշնակցում են Թուրքիայի հետ» (էջ 44): Հարցերը զուտ շահադիտական անկիւնէն տեսնող գերմանացիք կ’ուզէին որ մարդիկ զիրենք իբրեւ իսկական քրիստոնեայ ընդունէին: Մինչ հայերն ու ուրիշ քրիստոնեայ ազգեր դարերով կը շարունակէին տառապիլ թուրքերու լուծին տակ, Գերմանիա բռնատէր Օսմանեան պետութեան ոճիրները անտարբեր աչքով կը դիտէր եւ ի վերջոյ անոր դաշնակից ու մեղսակից դարձաւ: Այս բոլորէն ետք Շէօփներ-Ռիխթեր տակաւին կ’ուզէր որ Գերմանիա վստահութի՜ւն ներշնչէր հայոց: Այս բոլորին վրայ կ’աւելնար պատերազմին՝ հայոց պատճառած տնտեսական վնասը, որու պատասխանատուն համաշխարհային պատերազմը սանձազերծած Գերմանիան էր ի վերջոյ: Շէօփներ-Ռիխթեր կ’ընդլայնէ իր վիշտերուն ծիրը՝ գրելով. «Որպէս տարօրինակ երեւոյթ, բայց նաեւ այլ երկրներում ի յայտ եկող փաստ, պէտք է նշել այն, որ Գերմանիայում կամ գերմանական միսիաների դաստիարակած հայերի մէջ էլ մենք քիչ բարեկամներ ունենք»:
Շէօփներ-Ռիխթեր Կարինի հայոց մասին կը յայտնէ, թէ վերջին ամիսներուն (այսինքն 1915-ի կեսերուն) հայերը սկսան բարեկամական որոշ զգացումներ ցոյց տալ գերմանացիներուն հանդէպ, մինչդեռ պատերազմին սկիզբը այդ զգացումները նուազ բարեկամական էին: Ըստ գերմանացի դիւանագէտին, ասոր պատճառը գերմանացիներու միջնորդութեան շնորհիւ Կարինի մէջ հայկական կոտորածներու կանխումն էր (կարճ ժամանակի մը համար միայն – Յ. Ի.) (էջ 45): Ան կը տեղեկագրէ. «Հայ եպիսկոպոսն (Կարինի թեմի առաջնորդ Սմբատ եպս. Սաատէթեան – Յ. Ի.) այդ առնչութեամբ քանիցս շնորհակալութիւն յայտնեց գեներալ Փոսելտթին եւ ինձ՝ հայերին պաշտպանելու համար»:
Այս մասին կարելի է մանրամասնութիւններ գտնել Ղազար Չարըգի հեղինակած յուշագիրքին մէջ՝ «Մարզպետը (Լուսաւոր էջեր 1914-1918 շրջանին)», տպարան «Ազատ», Պէյրութ, 1945, Ա. հատոր, 97 էջ եւ Բ. հատոր, 94 էջ): Սակայն հեղինակը չէ յիշած բանտարկեալ հայեր ազատ արձակել տալու նպատակաւ թափուած ճիգերուն մէջ Կարինի Գերմանիոյ փոխհիւպատոսին միջնորդութիւնը՝ զայն վերագրելով միայն առաջնորդ Սմբատ սրբազանին, որ դիմած է կառավարական պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ քաղաքի թուրք ազդեցիկ մարդոց:
Ստորեւ կը ներկայացնեմ այդ հատուածին ամփոփումը.
Հայկական ազգային ազատագրական շարժումի գործիչներէն Մարզպետի ու Ղազար Չարըգի տեղեկագրին մաս կը կազմէ Կարինի առաջնորդ Սմբատ եպս. Սաատէթեանի նահատակութեան պատմութիւնը: Ոչ մէկ կրօնական անձ կամ հաստատութիւն նախաձեռնութիւնը ունեցած է գրի առնել այս հոգեւորականին ոդիսականը, ինչպէս նաեւ անոր վիճակակից Խարբերդի թեմի առաջնորդ Պսակ ծայրագոյն վարդապետ Տէր-Խորէնեանի (Ղազար Չարըգ զայն սխալմամբ կը ներկայացնէ իբրեւ եպիսկոպոս – Յ. Ի.) եւ Բաղէշի թեմի առաջնորդ Սուրէն վրդ. Գալէմեանի ճակատագրերը:
1915-ի ամրան Սմբատ սրբազան մեծ ճիգ թափած է դադրեցնելու համար հայոց բռնագաղթն ու հալածանքները Կարինի մէջ: Ղազար Չարըգ կ’ըսէ. «Ան իր յանդուգն ձեռնարկներով եւ ազդեցութեամբ կրցած էր շարժման մէջ դնել նաեւ տեղացի թուրք երեւելիները, որոնք խմբական դիմում կատարած էին, խնդրելով բանտարկեալներու ազատութիւնը, անտեղեակ ի հարկէ, ըլլալիք դէպքերուն եւ սկսուած գործի տարողութեան»: Առաջնորդ Սաատէթեանի տքնաջան աշխատանքներուն շնորհիւ, բոլոր հայ բանտարկեալները ազատ կ’արձակուին բացի եօթը հոգիէ՝ «Յառաջ» թերթի արտօնատէր Արամ Ատրունին ու խմբագիր Փիլոս-Մարալը, «Բալաջան» ծածկանունով յայտնի Ստեփան Ստեփանեանը, ամերիկեան շրջանակին մօտիկ Գեղամ Բալասանեանը, Ռուսիայէն նոր եկած Երուանդ Քէօսէեանը եւ «Յառաջ»ի հետ կապ ունեցող երկու երիտասարդներ՝ Միսաք Կոլոթեանն ու ինք՝ Ղազար Չարըգը: Թուրքերը վերջին երկուքին արգելափակման վայրը կը փոխեն, իսկ մնացեալ հինգը կը տարուին անծանօթ ուղղութեամբ ու այլեւս չեն վերադառնար: Միսաքն ու Ղազարը երկու օր ետք ազատ կ’արձակուին: Անոնք ամէնէն առաջ Սմբատ եպս. Սաատէթեանին հետ կը տեսակցին: Երկու ամիս ետք, արմաշական այս տիպար հոգեւորականը Երզնկայի ձորերէն մէկուն մէջ կը նահատակուի «այնպիսի քաջութեամբ ու կեցուածքով մը, որ իր դահիճներուն իսկ շուարում ու յարգանք կը պարտադրէր, ստիպելով որ անոնք իրենց բերանովն իսկ պատմեն Սրբազանի մեծութիւնն ու արհամարհանքը մահուան եւ չարչարանքներու հանդէպ»,– կը գրէ Ղազար Չաըըգ: Ահա՛ գերմանական «պաշտպանութեան» հետեւանքը:
Վերադառնանք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս ֆոն Վանկենհայմին ուղղուած՝ Կարինի մէջ փոխհիւպատոս Մաքս Իրվին ֆոն Շէօփներ-Ռիխթերի նամակին: Վերջինս իր զեկուցումը կ’աւարտէ հետեւեալ բառերով. «Ինչ վերաբերում է Հայկական Հարցի վերաբերեալ այստեղի հիւպատոսութեան դիրքորոշմանը, ապա ես խուսափել եմ ուղղակիօրէն միջամտել հայերի օգտին՝ համաձայն Ձերդ Գերազանցութեան հրահանգի»:
Վոլֆկանկ Կուսթի հաւաքած զեկուցումներու ընթերցումէն ի յայտ կու գայ իրականութիւն մը, թէ Թուրքիա գտնուող գերմանացի պատասխանատուները իրենց պետութիւնը տեղեակ պահած են հայոց հաւանական կոտորածներու մասին: Սակայն գերմանական իշխանութիւնները այդ բոլորն անտեսելով ոչ միայն աչք գոցած են հայոց դէմ թրքական սանձարձակ ոճիրներուն հանդէպ, այլ նաեւ ամէն տեսակէտով իրե՛նք օժանդակած են թուրքերուն ու մեղսակից դարձած Հայասպանութեան: Յանցակից ըլլալով ու այդպիսին մնալով հանդերձ, Օսմանեան պետութիւնն ու Գերմանիան այսպիսի զեկուցագրերով եւ այլ փաստաթուղթերով յաճախ զիրար մերկացուցած են: Գերմանացի պատասխանատուներ հայեր կոտորելու թրքական պատճառաբանութիւնները կեղծ հռչակած են եւ տուած այդ ոճիրները դատապարտող իսկական բացատրութիւններ: Այդ փաստերը ինքնին բաւարար են դատապարտելու համար թուրքերը իրենց գործած Հայասպանութեան համար: